July 11, 2025
Կարմիր Խաչի Կոմիտէն Այցելեց Պաքուի Մէջ Հայ Ռազմագերիներուն
- (0)

Յունիսին, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցները այցելեցին Ատրպէյճանի մէջ բանտերը պահուող հայ ռազմագերիներուն, յայտնեց ատրպէյճանական «Էյ.Պի.Էյ.» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով միջազգային կառոյցի պաշտօնական հաղորդագրութիւնը:
Կը նշուի, որ «տեղի ունեցան անհատական հանդիպումներ», «ստեղծուած են պայմաններ անոնց ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու համար», ինչպէս նաեւ «փոխանցուած են ընտանիքներէն ուղարկուած ծանրոցներ»: