Խօսք՝ երախտագիտութեան

Գովիտ-19 համաճարակի այս տարեշրջանին, մեր բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած կը մնայ բնականաբար մեր զաւակներու ուսման եւ կրթութեան վրայ։ Ո՞րքանով անոնք ձեռք կը ձգեն ակադեմական կարեւոր գիտելիքները եւ իրենց ուսումնական կամ կրթական յայտագրին հետ առնչուող նիւթերը, որքա՞ն լրջօրէն կը դասաւանդուին ատոնք, յաջողութեան ի՞նչ երաշխիք կը խոստացուի տնօրէնութեան կամ ուսուցչական կազմին կողմէ։ Որքանո՞վ ուսուցիչները կը համագործակցին ծնողներուն հետ, յօգուտ աշակերտներուն յաջողութեան։

Ահա հարցումներ, որոնք ամենէն առաջ ուսուցիչներուն գլխաւոր մտահոգութեան արտայայտութիւնն են, եւ որոնց պատասխանները կ՚ակնկալուին ծնողներուն կողմէ։

Յստակ է, որ այս գովիտը հարիւր աստիճան փոխած է բոլորին աշխատանքի ձեւը, ժամերը, սովորութիւնները, ուսուցման եւ ուսումնառութեան կերպերը։ Բոլոր աշակերտները եւ ուսուցիչները պատրաստ պէտք էին ըլլալ յայտարարուած «վտանգաւոր» պայմաներուն մէջ՝ վայրկեանական յարմարելու տրուած կացութեան, հետեւելու առողջապահական նախարարութեան յանձնախումբին կողմէ թելադրութիւններուն, մնային տուները հեռաշխատանք ընելու կամ վերադառնային վարժարան, ուսուցիչներու եւ դասընկերներու ներկայութեան հետեւելու դասընթացքներուն, կրելով դնչակապեր ու յաճախ լուալով իրենց ձեռքերը, միշտ մնալով իրենց սահմանուած խումբերուն եւ տարածութիւններուն մէջ։

Մի քանի օր առաջ կապ պահեցի մեր վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհի՝ Լորի Ապրաքեանին հետ։ Գիտէի որ ներկայ կացութիւնը շատ մարտահրաւէրներու առջեւ դրած պէտք է ըլլայ թէ ուսուցչական կազմը եւ թէ ծնողները, եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ աշակերտները։

Առաջին հարցումս եղաւ «Ի՞նչպէս են ձեր տրամադրութիւնները եւ փոփոխութիւններու յարմարելու կարելիութիւնները»։

Ուրախացայ երբ իր խանդավառ ձայնը լսեցի։ «Այո՛, բայց յարմարելու բոլոր ձեւերը սորվեցանք եւ գիտցանք», ծիծաղելով ըսաւ ան։

Տուած կարգ մը տեղեկութիւններէն տեղեակ եղայ, որ մաքրութեան պահպանումը եւ աշակերտներու առողջապահական վիճակը առաջնահերթ կարեւորութիւն ստացած էին հաստատութիւնէն ներս եւ քաջալերական էր ծնողներու հասկացողութիւնը վայլելելը՝ երբ անհրաժեշտ կ՚ըլլար մանաւանդ որ աշակերտները տունը պահուէին կամ քննուէին։

Տարուան սկիզբը առցանց ժողովներով կապուած են ծնողներուն հետ, անոնց տեղեակ պահելու պահանջուած կրթական եւ առողջապահական ցուցմունքները բացատրելով։

Հեռակայ ուսուցման աշխատանքը անցեալ տարիէն սկսեալ ուսուցիչներու աշխատաձեւը դարձած էր. ամենափոքրերուն համար դժուար եղած է հեռակայ դասընթացքին վարժուիլը, սակայն արդէն ներկայիս անոնք ալ վարժ դարձած են ներկայ աշխատաձեւին։ Համակարգիչ չունեցող աշակերտներուն փոխ տրուած են գործիքներ, իսկ ուսումնական դժուարութիւններ ունեցողներուն յաւելեալ օգնութիւն կամ խնամակալ պիտի տրամադրուի՝ կառավարութեան սահմանած նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ։

Երկրորդականի ուսանողները տարեշրջանի սկիզբէն բաժնուած են աւելի փոքր խումբերու եւ կը մնան միշտ նոյն խումբերուն մէջ ու կը կրեն դնչակալներ, յատկապէս միայն իրենց սահմանուած գօտիներէն ներս շրջագայելու արտօնութեամբ։ Անոնք որոշ օրեր տունէն կը հետեւին դասընթացքներուն, մնացեալ օրերը՝ դասարանին մէջ։ Յստակ է, որ ուսանողները կը նախընտրեն վարժարան գալ, եւ իրենց դասընկերներու ներկայութիւնը վայելել ու գործակցիլ։

Համակարգչային յայտագիրը որ կը գործադրեն դիւրաւ ընբռնելի է եւ արդէն իւրացուած է աշակերտներուն կողմէ։ Կ՚աշխատին ետ մնացած աշակերտներուն օգնել, որպէսզի յաւելեալ ճիգով հասնին սպասուած արդիւնքին։

Այո՛, նոյեմբերէն ետք, կը նշէ տնօրէնուհին, Գովիտը մոռցուեցաւ, եւ Արցախի պատերազմն ու կորուստը բոլորիս համար ծանր եղաւ, մեր հոգեկանին վրայ շատ ազդեց. մնայուն տխրութիւն կը տեսնուէր մեր աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն դէմքերուն վրայ։ Նոյեմբերէն առաջ կացութիւնը դժուար էր, սակայն նոյեմբերէն ետք աւելի ծանր դարձաւ…։

Փետրուար 1-ի շաբաթը ուուցիչներու մեր գնահատանքը, մեր անկեղծ զգացումները յայտնելու շաբաթն էր, որ ընդհանարապէս կը նշուի ու կը տօնուի ամէն տարի փետրուարի առաջին շաբթուան ընթացքին, բոլոր դպրոցներէն ներս։ Ծնողներն ու աշակերտները առիթը կ՚ունենան մաղթաքարտերով, ծաղիկներով, հիւրասիրութիւններով տօնել իրենց տօնը եւ յայտնել իրենց երախտագիտութիւնը։

Սակայն, այս տարի կրկնակ պարտք կը զգանք իրենց շնորհակալ ըլլալու, որ համաճարակի ամենօրեայ մեծ վախի եւ վտանգին տակ, իրենց առաքելութեան գիտակից ըլլալով, ուսուցիչները ամբողջութեամբ նուիրուեցան իրենց աշակերտութեան ու իրենց ներկայութեամբ նեցուկ դարձան մեր ծնողներուն եւ դպրոցական կեանքը կանգ չառաւ որեւէ ատեն։

Ձեր վարձքը կատար, սիրելի տնօրէնուհի եւ ուսուցիչներ։

Շնորհաւոր ըլլայ ձեր տօնը։

ՆԱԶԱՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.