Խուզարկուած է Արթիւր Աղաբեկեանի հայրական առանձնատունն ու «Մետաքսկոմբինատ»ի տարածքը
Արցախի հերոս, նախկին փոխ վարչապետ, Արցախի նախագահի նախկին խորհրդական Արթիւր Աղաբեկեանը դիմատետրի իր էջին մէջ գրառում մը կատարած է, նշելով որ խուզարկութիւն տեղի ունեցած է իր հայրական առանձնատան, «Մետաքսկոմբինատ»ի տարածքին եւ Մանուէլ Գրիգորեանի գործի շրջանակին մէջ:
Ան գրած է. «Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը 10 Յուլիս 2018-ի որոշումով ընդառաջեց ՀՀ Յատուկ Քննչական Ծառայութեան խուզարկութիւն կատարելու միջնորդութեան, որուն հիման վրայ Յուլիս 13-ին խուզարկութիւն տեղի ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ հիմնադրուած «Մետաքսկոմբինատ» ընկերութեան մէջ գործունէութիւն ծաւալող 11 իրաւաբանական ընկերութիւններուն, Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ գտնուող իմ հայրական առանձնատան, անոր յարակից շինութիւններուն եւ Տողի «Նոր կեանք» ջրաշխարհին մէջ, նպատակ ունենալով յայտնաբերել 2016 թուականի Ապրիլին Հայաստանէն եւ արտերկրէն ստացուած օգնութիւններ եւ օրէնքով արգիլուած այլ իրեր:
Համաձայն դատարանի վերոնշեալ որոշման, ես, իբր թէ իւրացուցած եմ տրամադրուած օգնութիւնը, որուն մէկ մասն ալ փոխանցած եմ Մանուէլ Գրիգորեանին:
Այս աստիճան խայտառակ եւ շինծու մեղադրանքները կարելի է սպասել միայն չկայացած դատաիրաւական համակարգէ:
Գրաւոր կերպով դիմեր եմ Արցախի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազին եւ ԱԱԾ-ին (Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն) նմանատիպ խայտառակ որոշման գործադրումը Արցախի Հանրապետութեան մէջ յանձն առնելը պարզաբանելու նպատակով»:
ՅՔԾ-ի (Յատուկ Քննչական Ծառայութիւն) մամուլի խօսնակ Մարինա Օհանջանեան yerkirmedia.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ Արթիւր Աղաբեկեանը չունի ո՛չ կասկածեալի եւ ո՛չ ալ վկայի կարգավիճակ:
Նշենք, որ Արթիւր Աղաբեկեանի հայրական տան, անոր յարակից շինութիւններուն, Տողի «Նոր կեանք» ջրաշխարհին եւ «Մետաքսկոմբինատ» ընկերութեան շրջանակին մէջ գործունէութիւն ծաւալող 11 իրաւաբանական ընկերութիւններուն մէջ կատարուած խուզարկութիւններուն ընթացքին յայտնաբերուած է ընդամէնը մէկ ТОЗ հրացան, որ կը պատկանի Արթիւր Աղաբեկեանի հօրը: