Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը Կը Յայտարարէ Շարք Մը Նախաձեռնութիւններու Մասին
«Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը վաղուընէ (այսօր` 26 հոկտեմբեր 2021-ին, «Ա.») սկսող Ազգային ժողովի նստաշրջանին մէջ ներառած է երկու գործիքակազմ օրախնդիր հարցերով», տեղեկացուց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը` Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու միացեալ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:
Ան վստահեցուց, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը միշտ յայտարարած է, որ պէտք է օգտագործէ թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ արտախորհրդարանական բոլոր գործիքակազմերն ու կարելիութիւնները:
Գործիքակազմերէն մէկը քննիչ յանձնախումբի մեքանիզմն է:
«Այս պահուն օրակարգի վրայ է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ 27 սեպտեմբեր 2020-էն անմիջապէս ետք հաւաքագրուած միջոցները Հայաստանի կառավարութեան փոխանցելու հարցը, երկրորդ քննիչ յանձնախումբը արդարադատութեան ոլորտին մէջ է, որ արդէն դրուած է շրջանառութեան մէջ` դիմումը ներկայացուած է, ամենայն հաւանականութեամբ ատիկա յաջորդ շաբթուան ընթացքին պիտի ըլլայ», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
Երկրորդ գործիքը, որ կ՛օգտագործուի եւ նիստին ներառուած է` Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքով եւ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ նախատեսուած` հանրային հետաքրքրութիւն ներկայացնող հրատապ նիւթով քննարկումն է:
«Անիկա կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին եւ սահմանագծման խնդիրներուն: Մենք մտադիր ենք այս հարցի մասին ունենալ ո՛չ միայն ամէնէն արդիւնաւէտ քննարկումներէն մէկը, այլեւ աւարտին առաջադրել յայտարարութեան յստակ նախագիծ` ուղղուած ո՛չ միայն միջազգային հանրութեան, մեր քաղաքացիներուն, այլ նաեւ գործադիր իշխանութեան` իր սահմանադրական, օրինական պարտաւորութիւնները կատարելու առումով», վստահեցուց Արծուիկ Մինասեան: