Խորհրդածութիւններ` ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով (Ե.). 21-րդ Դարու Ոգիին Հետ Քայլ Պահող Ազգային, Յեղափոխական Եւ Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Մենք կը խօսինք կուսակցութեան մը մասին, որ արդէն բոլորելու վրայ է իր պատմութեան 133-ամեակը եւ հաստատ քայլերով կ՛ուղղուի դէպի 134-ամեակ: Եւ անցնող 133 տարիներուն ընթացքին, մինչեւ հիմա ալ, Դաշնակցութիւնը, իր հիմնական նպատակներուն կողքին, հետապնդած է նաեւ կարեւոր առաջադրանք մը, որ հայ կեանքի մնայուն վերանորոգումն է, հայ նոր մարդու ստեղծումն է` երկար տարիներու ստրուկ հայու կերպարին փոխարէն: Վերադառնալով յօդուածաշարքին սկիզբը մեր արծարծած արդիականացման հարցին` նշենք, որ հայ կեանքի արդիականացման մասին չենք կրնար խօսիլ, եթէ չխօսինք նաեւ զայն բաղկացնող կառոյցներուն, այս պարագային մասնաւորաբար ՀՅ Դաշնակցութեան արդիականացման մասին: Երկար խօսակցութեան նիւթ է ասիկա` «ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ արդիականացումը»: Այս նիւթին մասին խօսելու ժամանակ մենք անհրաժեշտաբար պէտք է մտաբերենք, որ մեկնելով նոյնինքն արդիականացման մարտահրաւէրներէն եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու անհրաժեշտութենէն` Դաշնակցութիւնը իր պատմութեան ընթացքին գոնէ չորս անգամ ամբողջականօրէն կամ մասնակիօրէն վերամշակման ենթարկած է իր Ծրագիրը, եւ չի բացառուիր նաեւ, որ եթէ դարձեալ անհրաժեշտութիւնը զգացուի, նորէն վերատեսութեան ենթարկուի Ծրագիրը` ելլելով նոյն մեկնակէտէն:

Մասնաւորաբար Հայկական Յեղափոխութենէն մինչեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան թուական երկարած այդ շուրջ 30 տարուան հերոսական ժամանակաշրջանին ընթացքին Դաշնակցութիւնը եղաւ հայկական կեանքի այն կուսակցութիւնը, որ նոյն ժամանակաշրջանի եւրոպական յառաջդիմական գաղափարները բերելով` զանոնք ներմուծեց հայկական իրականութեան մէջ: Ներկայիս ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաքաղաքական գանձարանին մէջ կան բազմաթիւ միտքեր, որոնք հայ կեանքին մէջ ներմուծուած են դեռ 100 կամ աւելի տարիներ առաջ, եւ որոնք, հակառակ ժամանակի թաւալգլոր սահելուն, կը պահեն իրենց արդիականութիւնը եւ այժմէականութիւնը, ինչպէս` հարկերու յառաջատուական` փրոկրեսիվ դրութիւնը, սեռերու միջեւ իրաւահաւասարութիւնը, գիւղատնտեսական եւ արտադրական համագործակցականներու ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, արհեստակցական միութիւններու գործունէութեան կարեւորութիւն ընծայելը եւ այլն: Այս բոլորը` իբրեւ ընկերվարական եւ ժողովրդավարական առաջադրանքներ, հիմա կան եւ 100 տարի առաջ ալ եղած են Դաշնակցութեան գրաւոր փաստաթուղթերուն մէջ, բայց հիմա արդէն կայ անհրաժեշտութիւնը այս առաջադրանքները վերարժեւորելու, որպէսզի քայլ պահուի 21-րդ դարու առաջին կէսին արդիական ոգիին հետ:

Դաշնակցական երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան մեծ դեր վերապահուած է հայ կեանքի արդիականացման եւ վերակազմակերպման աշխատանքին մէջ: Պատմութեան տեւողութեան հայ ազգը յատկանշուած եղած է երեւոյթով մը. առած է միջազգային քաղաքակրթական արժէքները, սկզբունքները, վարդապետութիւնները եւ իր զօրաւոր դրոշմը դնելով անոնց վրայ` հայկականացուցած, ազգայնացուցած է զանոնք: Նոյնը ըրաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` քաղաքակիրթ մարդկութեան առաջաւոր ժողովրդավարական եւ ընկերվարական գաղափարները ո՛չ միայն ներմուծելով հայկական իրականութեան մէջ, այլ նաեւ` հայկականութեամբ դրոշմելով զանոնք: Այս գործը 133 տարի առաջ գլխաւորաբար երիտասարդներ ըրին, որոնք այսօր կրնան օրինակ հանդիսանալ դաշնակցական երիտասարդներուն` արդիականացնելու համար հայկական իրականութիւնը: Մանաւանդ որ հիմա անհամեմատօրէն աւելի դիւրին պայմաններ ստեղծուած են դաշնակցական երիտասարդի հասարակական գործունէութեան համար` արհեստագիտութեան  զարգացման եւ յառաջդիմութեան բերմամբ:

Ուրեմն անհրաժեշտութիւնը կը ծագի, որ դաշնակցական ուսանողն ու երիտասարդը, ընդհանրապէս դաշնակցական մարդը, 21-րդ դարու առաջին կէսի ոգիին համահունչ` ըլլան տեղեկատուական արհեստագիտութեան գիտակ, ինչպէս նաեւ ըլլան բաւական հմուտ ընկերային ցանցերու գործածութեան մէջ, որովհետեւ այս երկու միջոցները այն զէնքերէն են, որոնց միջոցով հայութիւնը կրնայ առջեւ տանիլ իր պայքարը` իր Դատի երեսներուն հետապնդման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ ժամանակակից գաղափարներ որդեգրելով` արդիականացնել իր կեանքը: Հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին դաշնակցական երիտասարդներէն եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան շուրջ համախմբուած ազգային առողջ տարրերէն կ՛ակնկալուի Հայ դատի հետապնդման վերաբերող հարցերուն մէջ աւելի աշխուժ մասնակցութիւն բերել, միաժամանակ նաեւ զօրակցիլ, համերաշխութիւն դրսեւորել այն խնդիրներուն նկատմամբ, որոնք կապ ունին ընկերային արդարութեան հաստատման հետ, սեռերու միջեւ իրաւահաւասարութեան հետ, շրջակայ միջավայրի եւ ժառանգութեան պահպանման հետ եւ այլն: Նաեւ, որպէսզի պահպանուի գաղափարական պորտակապը դաշնակցական նախկին սերունդներուն հետ, պէտք է կառչած մնալ եւ ամէն գնով պահպանել գաղափարաբանական այն հասկացողութիւնը, որ դաշնակցական մտածողութիւնը խարսխուած է ազգային ազատագրութեան պայքարի եւ ընկերային ազատագրութեան պայքարի համադրումին վրայ:

Տարածուած է այն սխալ կարծիքը, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը բացարձակին մէջ հակահամաշխարհայնացում կուսակցութիւն է իր գաղափարախօսութեամբ, բայց այդպէս չէ իրականութեան մէջ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը դէմ է համաշխարհայնացումի ժխտական, բացասական երեւոյթներուն ու դրսեւորումներուն: Բայց ո՞վ կրնայ դէմ ըլլալ, օրինակ, գիտութիւններու սրընթաց յառաջդիմութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման, թուայնացումի դարաշրջանին, տեղեկութիւններու եւ գիտելիքներու արագ տարածման` արդի արհեստագիտական նուաճումներուն միջոցով, կրթութեան անհամեմատ աւելի մատչելի դառնալուն` համեմատաբար նախորդ ժամանակաշրջաններուն: Մէկն ալ չի կրնար դէմ ըլլալ ասոնց, այնքան ատեն որ կան, գոյութիւն ունին առաւելագոյն թիւով մարդոց օգտին համար: Իրականութեան մէջ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը այնքան ալ հակահամաշխարհայնացում չէ, որքան կողմնակից է այլընտրանքային համաշխարհայնացումի մը: Համաշխարհայնացումը` իբրեւ դրամատիրական մտածողութեան նորագոյն դրսեւորում, յաճախ համահարթեցնող եւ ինքնութիւն աղճատող դերակատարութիւն ունի ազգային հաւաքականութիւններու եւ ընկերային առումով խոցելի դասակարգերուն նկատմամբ: Դաշնակցութիւնը դէմ է այդ համահարթեցնող համաշխարհայնացումին, հետն է ազգային հաւաքականութիւններու իւրայատկութիւնները եւ ինքնուրոյնութիւնը յարգող, ինչպէս նաեւ  ընկերային խաւերու իրաւունքները պահպանող այլընտրանքային համաշխարհայնացումին:

Վերը արդէն ակնարկութիւն կատարած ենք տեղեկատուական արհեստագիտութեան կարեւորութեան: Այսօր համաշխարհային մակարդակի վրայ շատ կարեւոր տեղ կը տրուի իրազեկ մարդ պատրաստելուն: Իրազեկ, տեղեկացուած մարդը, գիտակից քաղաքացին հիմքն են ապագայ ընկերութեան: Ասոր վրայ կ՛աւելցնենք նաեւ գիտական միտքը: Այսօր որքան բան գիտես, այդքան բանալի գործօններու տէր կը դառնաս քու հետապնդած ազգային ու ընկերային հարցերդ տեղ հասցնելու եւ զանոնք լուծելու իմաստով: Անկէ զատ, պահելով հանդերձ անցեալի պատմութեան հարուստ աւանդներն ու էջերը, գուրգուրալով հանդերձ անոնց վրայ, այս ժամանակաշրջանին, երբ աշխարհը եւ հայկական կեանքը կը փոխուին, անհրաժեշտ է, որ նոր աւանդներ եւ նոր էջեր կտակենք յաջորդ սերունդներուն: Վնաս չունի, որդեգրենք նոր գործելաոճեր` աւանդական գործելաձեւերուն զուգընթաց: 21-րդ դարու ոգիին համահունչ գործելաձեւերը նաեւ պէտք է կիրարկուին` յօգուտ մեր ազգային, յեղափոխական եւ ընկերվարական ընդհանուր գործին: Այդ ձեւով ալ 133-ամեայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը քայլ կրնայ պահել 21-րդ դարու ոգիին հետ:

20-րդ դարու սկզբնաւորութեան կային` Միքայէլ Վարանդեանը, Գարեգին Խաժակը, Երուանդ Ֆրանգեանը եւ ուրիշներ, որոնց գաղափարաբանական-տեսաբանական ներդրումին շնորհիւ ՀՅԴ-ն հայ կեանքին մէջ յառաջդիմական միտքի ռահվիրան դարձաւ: Հիմա` 21-րդ դարու սկզբնաւորութեան, կարիքը ունինք նոր վարանդեաններու, նոր խաժակներու, նոր ֆրանգեաններու, որպէսզի իրապէս անմար մնայ մեր գլուխին ՀՅԴ-ի արեւը…

(Ե. Եւ Վերջ)

Comments are closed.