Խոնարհ հերոսներ. Հ․Յ․Դ․ Ղարաքիլիսայի կոմիտէի անդամ Նատալիա Ամիրխանեան Մուրատեան
- (0)

Ծնած է 1863-ին, Երեւան։ Ուսած է Թիֆլիսի ռուսական աղջկանց միջնակարդ վարժարանին մէջ։ Անդամ՝ «Ժողովրդական կամք» յեղափոխական խմբակցութեան: Թամարայի եւ օր․ Գաթանեանի հետ կը մտնէ հայկական խմբակին մէջ եւ աստիճանաբար ամբողջովին կը կլանուի յեղափոխական գործով: 1890-ին եղած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան առաջին անդամներէն։ Կ՚ամուսնանայ բժ. Մուրատեանի հետ եւ միասին կը շրջին հայկական գաւառները։ Նատալիան կը դառնայ յետամնաց Ղարաքիլիսայի գործիչը, ուր կը տանի յեղափոխական աշխատանք։ Կ’ըլլայ Հ․Յ․Դ․ տեղական կոմիտէի անդամ։
Կը կազմակերպէ կանանց խումբեր։ Բնակարանը կը դառնայ բոլոր փախստական գործիչներուն ապաստարանը։ Եռանդով կ’աշխատի մինչեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումն ու անկումը։ Հայաստանի տէր դառնալէ ետք, հայ պոլշեւիկները կ’որոշեն անխնայօրէն ոչնչացընել բոլոր աչքի ինկող դաշնակցականները։ Չեն խնայեր մինչեւ իսկ վաթսունամեայ Նատալիային, որ բանտարկեալներուն մէջ ամէնէն տարեցը եւ միակ կինն էր։
Եւ սակայն ան սիրտ կու տար բոլոր յուսալքուածներուն, քաջութիւն կը ներշնչէր բոլորին:
1921 Փետրուար 16-ին, դահիճներու հարուածին տակ կ’իյնայ Նատալիան, առաջին յեղափոխական կինը, որ զոհ գնաց հայ պոլշեւիկներու նողկալի բռնատիրութեան։
_
«Հայուհին եւ հայ յեղափոխութիւնը», Գաբրիէլ Լազեան, ՀՅԴ Գահիրէի Երիտասարդական միութեան հրատարակութիւն, տպարան «Յուսաբեր», Գահիրէ, 1959