«Խոհեմութեան» Իմաստակութիւնը

ՀՐԱԶԴԱՆ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Կատարելապէս, ԿԱՏԱՐԵԼԱՊԷՍ սխալ է այն գաղափարը, որ կը մանրավաճառուի ներկայիս զանազան ուժերու կողմէ, ներառեալ ՀԱԿ-ի եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ, թէ «Ազրպէյճանի» հետ աւելի «լուրջ», աւելի «խոհուն», աւելի «ճկուն» քաղաքականութեամբ (իմա` հայապատկան հողերը կամաւոր յանձնելով, առանց կռիւի, հոգ չէ թէ կարելի եղածին չափ երկարաձգելի ժամանակաշրջանի մը վրայ) «փոխ»զիջումներու ճանապարհով (որ ի դէպ պիտի նշանակէր զիջումներ հիմնականին մէջ միայն մեր կողմէ) կարելի էր պատերազմէն խուսափիլ եւ վաստկիլ` ներկայի վիճակէն «աւելի լաւ» պայմաններ:

Այսպիսի մտածողութիւն կրնայ ունենալ միայն ան, որ չէ հաւատացած երբեք եւ չի հաւատար պատմական Հայաստանի վերակերտման հայկական արեւելութեան ռազմավարութեան, որ չի հաւատար հայկական պատմական գողցուած հողերու հաւաքամիացման` անկախ Հայաստանի սահմաններուն եւ ո՛չ իսկ կը հաւատայ Արցախին` Հայաստանի վերամիացումին, քանի որ պատրաստ ըլլալով արագօրէն զիջիլ հայապատկան հողեր, կը դժուարացնէ Արցախի միաւորումը Հայաստանին:

Ըստ այս մտայնութեան, Հայաստանի յետլեւոն ղեկավարները չանդրադարձան, որ «ժամանակ»-ի անցնումը ի շահ մեզի չէր եղեր եւ չուզեցին համաձայնութեան երթալ:

Նախ եւ առաջ ասիկա սուտ մըն է. Քի Ուէսթի եւ այլ «փոխ»զիջողական համաձայնութեան առաջարկութիւնները ո՛չ թէ Հայաստանը, ա՛յլ ընդհանրապէս «Ազրպէյճան»-ն էր, որ միշտ մերժեց:

Հայապատկան հողերու զիջումի այսպիսի մտածողութիւնը ի սկզբանէ իսկ աժան պարտուողականութիւն մըն է ինքնին, քանի որ հիմնուած է հայապատկան հողերու կամաւոր վաճառքի գաղափարին վրայ, առանցքայնօրէն` կարծեցեալ, ապահովութեան մը վաստակման սին յոյսով, արիւնահոտ երազով:

Ասիկա նաեւ շատ թէական մտայնութիւն է այն իմաստով, որ նոյն այդպէս մտածողները կ՛ընդունին, որ թշնամին իր կարգին շատ լա՛ւ հասկցած պիտի ըլլար «ժամանակը» ի շահ իրեն ըլլալու գաղափարը: Այսինքն թշնամի՛ն որեւէ աճապարանք պիտի չունենար (եւ չունեցաւ) իսկական համաձայնութեան գալու հայկական յաղթանակներէն անմիջապէս ետք: Նոյնիսկ եթէ Լեւոն չհրաժարէր, եւ առատ զիջումներով համաձայնութեան փորձէր երթալ արագօրէն, թշնամին միշտ յաւելեալ զիջումներ պիտի պահանջէր եւ պահանջեց ու պիտի երկարաձգէր եւ երկարաձգեց զիջումներու հոլովոյթը, նոյն այդ «ժամանակը» «Ազրպէյճանի» օգտին ըլլալու տրամաբանութեամբ, քանի որ, դարձեալ, «ժամանակը» իրեն հետ էր: Ի դէպ, այս մտայնութեան հետեւորդները խղճալիօրէն համաձայն են թշնամիի՛ն հետ, որ «ժամանակը» մեր կողմը չէր:

«Ժամանակը» «Ազրպէյճանին» կողմը ըլլալը ինքնին անհեթեթութիւն մըն է սակայն, հակառակ մեր ներկայ ժամանակաւոր ձախողութիւններուն. պատմական «ժամանակը» վերջնական յաղթանակողին կողմն է միայն ու միա՛յն, եւ ներկայ կացութիւնը «Ազրպէյճանի» համար վերջնական յաղթանակ մը ըլլալէ շատ հեռու է:

«Ազրպէյճանը» էր, է եւ պիտի մնայ թրքական եւ խորհրդային կայսերապաշտական քաղաքականութեանց արգասիք արուեստական պետութիւն մը, հիմնուած հայկական բնակչութեան ոչնչացման ոճիրին սկզբնական մեղքին վրայ, եւ որ կը համախմբէ, «թայֆայական օպսքուրանթիսթ» բռնապետութեան մը տակ, իրարու անհաւատարիմ շարք մը ցեղային եւ կրօնական խմբաւորումներ, եւ որուն միակ հարստութիւնը եւ գերարդիական զէնքեր գնել կարենալու միակ ազդակը` քարիւղի արդիւնաբերութիւնն է (արդիւնաբերութիւն մը, որ պատմականօրէն կը պարտի հայ գործարարներու հանճարին եւ ջանքերուն):

Յաջորդ տասնամեակներուն, երբ մարդկութիւնը անդին կ՛անցնի ածխաջրածնային ուժանիւթի գործածութենէն, մէկ կողմէ, եւ գոյութիւն ունեցող պաշարներու սպառումով, միւս կողմէ, քարիւղը պիտի դադրի՛ ռազմավարական առաւելութիւն ըլլալէ: Քարիւղի շահերու նուազումով, ժամանակի ընթացքին, իր նիւթական միջոցներու նուազումով պիտի տկարանայ նոյնիսկ «Ազրպէյճանի» ռազմավարական դաշնակցութիւնը թուրանական միւս պետութիւններուն եւ մինչեւ իսկ Թուրքիոյ հետ, եւ ապագային նուազ հարուստ «Ազրպէյճան» մը հաւանաբար ի վիճակի պիտի չըլլայ գերարդիական նմանաչափ զինամատակարարումը շարունակել Իսրայէլէն:

Մարտունակ Հայաստան մը եւ մարտունակ հայկական գաղտնի սպասարկութիւններ կրնան ապակայունացնել եւ պէտք է շարունակապէս ապակայունացնեն «Ազրպէյճան»-ը (սատարելով «Ազրպէյճան»-ի ցեղային եւ կրօնական ընկճուած խմբաւորումներուն քաղաքական ինքնահաստատման) եւ հատու ներքին կիցերով խախտեն «Ազրպէյճան» խրճիթի խարխուլ հիմերը:

Կարելի է եզրակացնել, նկատի ունենալով յիշեալ ռազմավարական տուեալները, որ «Ազրպէյճան»-ը յարձակեցաւ, որովհետեւ ժամանակը, աւելի ուշ, ի շահ իրեն պիտի չըլլար:

Բայց դեռ այս արագ «փոխ»զիջումներու, «աւելի լաւ» արդիւնքներու համար մտածողութեան ամէնէն հիմնական յիմարութիւնը այն է, որ «աւելի լաւ» պայմանները, որոնց մասին կը խօսին այս մարդիկը, իրականութեան մէջ շատ աւելի վտանգաւոր պայմաններ են` քան ունինք նոյնիսկ հիմա՛:

Ինչ կը վերաբերի իննսունական թուականներու հայկական յաղթանակներէն ետք անմիջականօրէն «փոխ»զիջողական հաշտութեան ստորագրելու գաղափարին, իրողապէս որեւէ վստահութիւն գոյութիւն չունէր եւ չէր կրնար ունենալ, որ նոյնիսկ եթէ հեռակայ պետութիւններ ժամանակաւոր սին երաշխիքներ առաջարկէին, նոյնիսկ եթէ միջազգային թէ միջազգային դիտորդներ տեղաւորուէին «փոխ»զիջողական հողերու կանխաւ վերադարձնելու հանգրուանային քաղաքականութիւնը պիտի յանգէր Արցախի անկախութեան:

Նոյնիսկ եթէ անիրատեսօրէն երեւակայենք, որ այդ շուտ «փոխ»զիջողական բանակցութիւնները պիտի ստիպէին «Ազրպէյճան»-ը` ընդունելու մինչեւ իսկ սովետական ԼՂԻՄ-ի նմանութեամբ իրավիճակ մը Արցախին համար, միջազգային երաշխիքներով եւ տեղական ինքնավարութեամբ: Նոյնիսկ այդ պարագային, տասնամեակներու բանակցութեանց ընթացքին ներկայացուած «փոխ»զիջողական բոլոր ծրագիրները կը պարունակէին բոլոր տեղափոխուածներու վերադարձի սկզբունքը:

Իրատեսօրէն, այս վերադարձի սկզբունքը կատարելապէս անարդար էր, որովհետեւ միայն ու միայն պիտի ծառայէր «տեղափոխուած ազերիներու» մասսայական եւ իրենց կառավարութեան կողմէ առատաձեռնօրէն ֆինանսաւորուած «վերադարձին», կամ ներխուժումին պարզապէս. քանզի հա՛յ տեղափոխուածները իրականութեան մէջ մեծամասնաբար «Ազրպէյճանի» մեծ քաղաքներու բնակիչները կամ նախկին ԼՂԻՄ-ի անմիջական սահմաններէն անդին ապրող հայերն էին` կամ ջարդուած-ոչնչացուած կամ ալ արդէն իսկ աշխարհացրիւ (մենք երբեք չսորվեցանք նկրտիլ, ապրիլ գաղթականական ճամբարներու մէջ եւ սպասել վերադարձի, ատ ալ ուրիշ հարց, ատ ալ ուրիշ պատմական չարիք):

Եւ արդեօք ո՞վ պիտի ճշդէր եւ հակակշռի տակ կարենար պահել ազերի վերադարձողներուն թիւը, յատկապէս Շուշիի մէջ, աւելի կարեւորը` անոնց թուական արագ աճը հայութեան բաղդատած, եւ ի վերջոյ ինչպէ՞ս պիտի քուէարկէին այս վերադարձողները: Արդեօք խառն բնակչութեամբ, ներքին «ազերի» հայատեաց ամբոխով այդպիսի Արցախ մը կարելի կրնա՞ր ըլլալ հայապատկան պահել երկար ժամանակի վրայ:

Ներկայի անկախ Արցախը փոքրացած է, բայց կատարելապէս հայաբնակ է եւ անշուշտ հայապատկան է հարիւր առ հարիւր:

Իրականութեան մէջ Հայաստանը ո՛չ թէ «փոխ»զիջումները մերժեց, ընդհակառակը Հայաստանը ՄԻ՛ՇՏ պատրաստ եղաւ նոյնիսկ արագ հողայանձնումով խաղաղութեան հասնելու եւ ԱՄԷ՛Ն անգամ «Ազրպէյճան»-ն էր, որ մերժեց որովհետեւ չուզեց եւ չ՛ուզեր հայութեան ինքնիշխան գոյութիւնը եւ ինչպէս վերջին մարտերու ընթացքին Հատրութի պարպումը եւ հայութեան յետ մնացած ինչքի եւ հայկական եկեղեցիներու քանդումը ցոյց տուին, որ չ՛ուզեր նոյնիսկ հայութեան պարզ վերապրումը:

Եթէ մե՛ր պատմութիւնը սորվեցուցած է մեզի մէ ՛կ դաս, եթէ կրնանք աներկբայօրէն վստահ ըլլալ մէկ բանի ան է, որ` երբ հարցը ՀՈՂՆ է, «փոխ»զիջումը ժամանակի վատնում է պարզապէս երբ թշնամին թուրքն է: Հողը կը յանձնուի միա՛յն պարտութեամբ: Հողը կը վերագրաւուի զէնքով միայն:

Թող մեր «խոհուն» «փոխ»զիջողականները եւ խաղաղասէրները խօսէին ուզածնուն չափ եւ զիջէին ուզածնուն չափ, այնքան ատեն որ նոյնիսկ Արցախի մէջ հայութեան կազմակերպուած նուազագոյն վերապրումը հայցէին, «Ազրպէյճանը» հետաքրքրուած չէր եւ պիտի չըլլար:

Պատմութիւնը, ընդհակառակը, ցոյց տուաւ, որ բանակցութիւնները թատրոն էին պարզապէս, «Ազրպէյճան»-ը լծուած էր հիմնականօրէն իր բանակի պատերազմի պատրաստութեան եւ Թուրքիոյ հետ ռազմական ամբողջարկութեան: Երբ «Ազրպէյճան»-ի պատերազմական պատրաստութիւնները հասան ա՛յն մակարդակին, որ պատերազմի ընթացքին յաղթական արդիւնք հասնելու կարելիութիւնը ընդունելի հաշուոյդ դարձաւ «Ազրպէյճան»-ի համար, «ժամանակը» հասած էր, եւ «Ազրպէյճան» յարձակեցաւ: Մնացած եթէ-ները նախկին ակադեմիկոսի մը կամ այլոց կողմէ պարզապէս են® ակադեմական:

Երբ «Ազրպէյճան»-ը մեզի հետ նստած էր բանակցութեանց կեղծիքով, եւ օրն ի բուն գերարդիական զէնքեր կը գնէր, մենք իրօք «լրջութեամբ», «խոհեմութեամբ» եւ կշռուած քայլերով ընթացանք, Արցախի անկախ պետութիւնն անգամ չճանչցանք` սխալելով եւ կարծելով, թէ ճկունութի՜ւն էր եւ կրնար նպաստել բանակցութիւններու յաջողութեան, եւ տակաւին յիմարներ կան մեր մէջ, որ Հայաստանի «կարծր» քաղաքականութիւնն է, որ կ՛այպանեն:

Հայաստանի արցախեան քաղաքականութեան եւ արցախեան գոյամարտի մեր ներկայ հանգրուանի ձախողութեան վերլուծումը եւ ինքնաքննադատութիւնը կարեւոր է, բայց ինքնածեծումի տեղ ընդունինք, որ տարածեցինք մեր տիրապետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ներկայ Հայաստանի սահմաններէն անդին, պատմական հայապատկան հողերու վրայ, եւ ապուշութիւնը չունեցանք «փոխ»զիջումներ մուրալու եւ առանց շօշափելի անկախութեան Արցախի համար, կամաւոր յանձնելու մեր հողերը մեր իննսունականներու յաղթանակներէն ետք:

Ժամանակն է ցասումնալից ինքնաքննադատութեան այո՛ անպայմա՛ն – բայց չինքնաքննադատենք եւ չինքնածեծենք այնքան, որ մոռնանք որ յաջողեցանք 30 տարի – աւելի քան քառորդ դար – շարունակ Հայաստանի մէջ պահել հսկայական հայապատկան տարածութիւններ եւ միանգամընդմիշտ փաստեցինք մենք մեզի, որ յարձակողական մարտավարութիւնը, որ, այո՛, մեր ամրակայումը միակ ուղին է, որ կը տանի յաջողութեան կատարելապէս անզիջող ուժերու դէմ, որոնց նպատակը պարզապէս հայութեան բնաջնջումն է:

Անկախ նոր Հայաստանի բանակը կռուեցաւ առաջին անգամ ըլլալով լայն մասշտաբով պատերազմի մէջ իբրեւ կանոնաւոր բանակ, մեր բանակը կուտակած էր հսկայական ռազմամթերք եւ ռազմամիջոցներ եւ քառասուն չորս օր դիմադրեց շատ աւելի մեծաթիւ եւ աւելի գերարդիական զէնքերով «Ազրպէյճանին», Թուրքիոյ ներգրաւուած ուժերուն եւ ներածուած վարձկաններուն, եւ եթէ մեր գործադիր որոշ սպաները մոլեգնութիւնը ունենային չսայթաքելու (կամ կասեցուած չըլլային, արդիւնքը միեւնոյնն է) Հորադիզի տխրահռչակ գործողութեան ընթացքին, այս հողերը մեզի պիտի պատկանէին յաւերժապէս: Ձախողեցանք, բայց յարակարծականօրէն նաեւ շատ մօտիկ էինք կատարեալ յաղթանակի:

Հակառակ թրքական-ազերիական գերարդիական ռազմական կարողութիւններուն, ռազմավարական առաւելութիւնը Արցախեան պատերազմական այս վերջին փուլին ամբողջ տեւողութեան երկայնքին Հայաստանի կողմն էր: Թուրքերը «յաջողած» էին ճեղքել հարաւային ուղղութեամբ, բայց միայն ամէնէն հարաւի ուղղութեամբ ինչ, որ իրենց համար ամէնէն դիւրին, բայց նաեւ ամէնէն վտանգաւոր արդիւնքն էր (միւս բոլոր շրջաններուն մէջ չէին կրցած յառաջանալ իմաստային տեսակէտէ):

Ճեղքած էին Արաքսի զուգահեռ եւ Արցախեան լեռներուն հակակշռին տակ նեղ հողամասի մը մէջ, որուն Արեւելքին Հայաստանն էր – որքան յառաջանային իրենց կացութիւնը իրենց համար աւելի վտանգաւոր պէտք էր որ ըլլար – դասական «Լ» ձեւի ծուղակի մը մէջ իյնալու վրայ էին:

Եւ, բնականաբար, հայկական բանակը կազմակերպած էր ճի՛շդ գործողութիւնը պաշարելու համար ճեղքող ուժերը հատու հարուածով մը ճեղքումին կռնակը մնացած Հորադիզի ուղղութեամբ: Թէ ինչպէ՞ս հայկական բանակը այս գործողութիւնը չյաջողցուց Ի ԳԻՆ ԱՄԷՆ ԻՆՉԻ: Պատերազմի այս փուլի արդիւնքը որոշուեցաւ հո՛դ: Հոն էր, որ ամէնէն ՄՈԼԵԳԻՆ հրամանատարները պէտք է, որ ըլլային եւ «մէկ հատու հարուածով» կատարեալ յաղթանակը մերը պիտի ըլլար:

Անդրադառնանք, որ եթէ Հորադիզի գործողութիւնը յաջողցնէինք պատերազմը յաղթած էինք – յաջողութեան եւ ձախողութեան տարբերութիւնը այդ գործողութիւնն էր: Գօտեպնդուինք եւ պատրաստուինք յաջորդ վճռական վայրկեանին – կրնայինք յաջողիլ այդ օրը եւ կրնանք յաջողիլ ապագային:

Ձախողեցանք ա՛յս հանգրուանին, քանի որ չունէինք բաւարար քանակով եւ որակով գերարդիական զէնքեր եւ չկրցանք (կամ չձգեցին, որ կարենանք, արդիւնքը միեւնոյնն է) մոլեգնութիւն սանձարձակել Հորադիզի գործողութեան ատեն:

Բայց, փաստօրէն, եթէ մենք ձախողեցանք զինուորական գետնի վրայ այս ժամանակաւոր հանգրուանին, ձախողեցաւ նաեւ «Ազրպէյճան»-ը:

Նախ «Ազրպէյճան»-ը, հակառակ իր ունեցած ակնառու գերարդիական զէնքերու առաւելութիւններուն, չկրցաւ յաղթել Արցախին` Արցախի Հանրապետութեան դրօշակը կը ծածանի Ստեփանակերտէն Մարտակերտ եւ Մարտունի: Ժամանակի ընթացքին պիտի անդրադառնանք, որ մեր ձախողութիւնը պարտութիւն չէր: Ժամանակաւոր ձախողութիւն մը «պարտութիւն» չէ՛ – ԵՐԲԵՔ մի՛ ընդունիք եւ երբեք մի՛ գործածէք ատ բառը:

Միւս կողմէ «Ազրպէյճան»-ի ահաւոր բարբարոսութիւնները եւ ոճիրները մարդկութեան դէմ կռիւներուն ընթացքին եւ կռիւներէն ետք, հակաբնապահպանական ոճիրները, անմարդկայնութիւնը` մեր բանտարկեալներուն հանդէպ եւ անոնց անիրաւական կալանաւորումը, հայկական գրաւուած ինչքին, հայկական մշակոյթի կոթողներուն եւ եկեղեցիներուն քանդումը, գրաւուած հայապատկան հողերէն հայութեան պարպումը, մէկ խօսքով «Ազրպէյճան»-ի ջարդարար ընթացքը անկարելի կը դարձնէ, որ Արցախի մնացորդացը երբեւիցէ կրնայ մաս մնալ «Ազրպէյճան»-ին:

Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր ուղին` հիմա՛:

Ըլլանք նոյնքան «անկեղծ» որքան մեր թշնամիներն են մեզի հետ, երբ կը յայտարարեն, որ Երեւանը իրենց կը պատկանի պատմականօրէն®: Եկէք չըլլանք «դիւանագէտ», չըլլանք «խաղաղասէր», խնդրեմ չըլլանք «խոհեմ»: Եկէք ըլլանք «անկեղծ» եւ արձանագրենք մեր սահմանադրութեան մէջ իբրեւ անփոփոխելի հիմնայօդուած, որ Արցախը էր, է եւ մինչեւ վերջ պիտի ըլլայ Հայաստան:

Հայաստանի նոր խորհրդարանը պէտք է վերամշակէ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ հայահաւաքի եւ հողահաւաքհ հայկական արեւելութեան ռազմավարութիւնները: Հայկական արեւելութեան հիմնարար այս սկզբունքներուն հիման վրայ Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ պէտք է վիմագրուի, որ Հայաստան չի կրնար ընդունիլ Թուրքիոյ, «Ազրպէյճան»-ի եւ Վրաստանի սահմանային ամբողջականութիւնը` այնքան ատեն որ Թուրքիա չէ ընդունած հայութեան ազգաջնջումի իր ոճիրը` Մեծ եղեռնը եւ պատրաստակամութիւն չէ յայտնած հատուցման եւ հայապատկան գողցուած հողերու վերադարձին, այնքան ատեն որ Արցախը` իբրեւ Հայաստանի անբաժան մաս, չէ ճանչցուած «Ազրպէյճան»-ի կողմէ եւ այնքան ատեն որ Վրաստան չէ ընդունած, որ հայապատկան Ջաւախքը Վրաստանի կցուած էր խորհրդային կայսերապաշտութեան պատմական սխալով եւ պատրաստակամութիւն արտայայտէ սրբագրելու այդ սխալը:

Վերջին մարտերու միա՛կ ուսանելի դասը այն է, որ թրքական կայսերապաշտութիւնը երբեք չէ դադրած գործադրելէ` Եղեռնի շարունակութիւնը: Այս պատճառով Հայ դատի հետապնդումը ողջ հայութեան պետական եւ ոչ պետական ուժերուն միակ իրատես ուղղութիւնն է այսօ՛ր, երբ Թուրքիոյ եւ «Ազրպէյճան»-ի դրսեւորած շարունակուող նպատակը Հայաստանը խղճալի ճամբարի մը վերածելն է:

Արցախի դատը մասնիկն է թրքական եւ խորհրդային կայսերապաշտական դաւերով մասնատուած ու տկարացուած Հայաստանի վերաամբողջացման, եւ Արցախի դատի լուծումը առանձին կարելի չէ դիտել:

Թուրքիա, «Ազրպէյճան» եւ Վրաստան իրե՛նք է, որ միշտ ալ այս ամբողջական Հայաստանի կարելիութեան քանդումի դիտանկիւնէն կը վերաբերին մեզի հետ, երբ դաշնակցեցան միասին, փորձելով հաշուեյարդարի ենթարկել Արցախը անցեալ տարեվերջին: Եթէ Թուրքիոյ դերը «Ազրպէյճան»-ի կողքին ցայտուն էր ողջ աշխարհին, նուազ կործանարար չէր Վրաստանի դիրքորոշումը Հայաստանի դէմ, երբ ան գոցեց իր սահմանները Հայաստանին` ռուսական ռազմամթերքի փոխադրութեան առջեւ:

Ի պատասխան Ալիեւի յայտարարութեան, թէ ինք լուծած է Արցախի հարցը վերջնականօրէն, Հայաստանի նոր խորհրդարանը Արցախը Հայաստանի անբաժանելի մաս պէտք է հռչակէ անմիջապէս, որպէսզի Հայաստանի որեւէ կառավարութիւն օրէնքով ստիպուած ըլլայ ըստ այնմ գործել: Հայաստանի բանակը իր վէրքերը լիզելու ժամանակ չունի` պատրաստուի՛նք պատմական Արցախի մնացորդացին պաշտպանութեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.