Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԵ.)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․

ԺԱ․- Մշակոյթի Առնչաբար Ու Մասին

II.- Ի՞նչ սահմանում մշակոյթի:

Նախ՝ ի՞նչ է «սփիւռքահայ իրականութեան մէջ» հայ թերթին եւ հայ «քաղքենի մտաւորական»ին հասկացողութիւնը:

Թէօլէօլեան դիտել տուած է, թէ անոնք երբ մշակոյթ բառը կը գործածեն՝ «սովորաբար կ’ուզեն հասկցնել գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, նկարչութիւնը, թատրոնը եւ գուցէ մի քանի ուրիշ “կրտսեր” արուեստներ (օրինակ՝ դասական պարը)»:

Այս սահմանումը, ուրեմն, կը հետեւի այն վարկածին, թէ կան «կարեւոր» արուեստներ, եւ կան անկարեւորներ: Թէօլէօլեան համաձայն չէ այս խտրութեան։ Ան իր անհամաձայնութիւնը պարզաբանելով, գրած է՝ թէ կայ ժամանակակից գլխաւոր երկու սահմանում. մէկը այն է, որ «դրամատիրական դրոյթի իշխանութեան տակ» է, այսինքն այն՝ որ հինգ ստորոգութիւններ կը բովանդակէ (1.- Բարձր մշակոյթ, 2.- Միջին մշակոյթ, 3.- Զանգուածի մշակոյթ, 4.- Ֆոլքլորային մշակոյթ, եւ 5.- Նախնական մշակոյթ)։ Միւսն ալ այն է՝ «որուն վրայ հիմնական ազդեցութիւն ունեցած է արդի մարդաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ մարքսիզմը»: Թէօլէօլեանի համակրանքը երկրորդին է, եւ գրած է. «Ըստ այս սահմանումին, մշակոյթը ամբողջական գումարն է այն բոլոր արհեստներուն եւ արուեստներուն, արտադրական եւ մեկնաբանական, զորս մարդկութիւնը կրցած է կուտակել եւ կիրարկել իր պատմութեան տուեալ շրջանի մը մէջ»: Ասիկա թանձրագրելէ յետոյ, բացատրած է. «ո՛չ միայն գիտութիւնն ու բանաստեղծութիւնը, այլ նաեւ՝ մետաղագործութիւնը եւ գինեգործութիւնը մաս կը կազմեն “մշակոյթ”ին»: Յայտնապէս, այս տեսութիւնը արուեստներու եւ արհեստներու բաժանումը վերացնող է։

Թէօլէօլեան հակած է մարքս-ա-մարդաբանական սահմանումին, զոր առած է իբր մեկնակէտ, «որովհետեւ միայն հոնկէ կրնանք սկսիլ հասկնալ թէ ի՞նչպէս, դասակարգային-պատմական ո՞ր պայքարին ու տիալեքտիկային շնորհիւ մշակոյթի մասնիկներէն ոմանք, օրինակ՝ բանաստեղծութիւնն ու երաժշտութիւնը, դարձան “բարձր մշակոյթ” եւ “լուրջ արուեստ”, մինչ ուրիշներ, օրինակ՝ մետաղագործութիւնը (…) վերածուեցան արհեստներու, այսինքն՝ ոչ-մշակոյթի»: Ի՞նչպէս, դասակարգային-պատմական ո՞ր պայքարն է, որ մշակոյթի մասնիկներէն ոմանք «բարձր մշակոյթ» եւ «լուրջ արուեստ» համարուեցան, իսկ ուրիշներ՝ ոչ-մշակոյթ:

Թէօլէօլեան Մարքսէ կատարած է երկու մէջբերում: Առաջինը՝ «Պատմութեան բոլոր շրջաններուն, մշակոյթի մը մէջ տիրապետող գաղափարները՝ տիրող դասակարգի գաղափարներն են»: Երկրորդը՝ «Ամէն դասակարգ որ կը փորձէ ընկերութեան տիրապետել (…) նախ ստիպուած է քաղաքական ուժի տիրանալ, որպէսզի կարենայ իր դասակարգային շահերը ներկայացնել՝ իբր հասարակութեան շահը»:

Վերլուծելով այս «երկու հաստատումները», եւ փորձելով «գործածել զանոնք»՝ ան ճամբայ ելած է, որպէսզի կարենայ հասկնալ սփիւռքահայ մշակոյթի ներկայ վիճակը: Մարքսի մտքին «գործնական իմաստը ըմբռնելու համար» ուզած է «քննել ոչ-տեսական իրականութիւն մը», որ «մեր պատմութեան դրուագներէն մէկ»ն է: «Քննել»ը՝ ակնարկ մըն է «Սասնայ Ծռեր» վիպերգութեան գիւտին եւ հայ մշակոյթին կոթող հռչակումին:

Փոխանակ յարասելու՝ կը մէջբերեմ գրածը. «Գիտենք, որ 1873-էն մինչեւ 1933՝ «Սասնայ Ծռեր»ը “գտնուեցան” խումբ մը հայ մտաւորականներու կողմէ, որոնցմէ առաջինն էր Գարեգին Եպս. Սրուանձտեանց, եւ որուն յաջորդեցին տասնեակ մը Սովետահայ գիտաշխատողներ: “Գտան”, այսինքն՝ զանազան գիւղացիներ մտիկ ընելով՝ գրի առին մեր այս ժողովրդական “էպոս”ը, որ “կորսուած” էր: Հիմա ան մաս կը կազմէ մեր մշակոյթին ու անոր մասին գոյութիւն ունեցող համաշխարհային հասկացողութեան: Հայաստանցի համայնավարը, սփիւռքահայ քաղքենին ու գերման բանասէրը միահամուռ կը գովեն “Հայ Մշակոյթ”ի այս կոթողը: / Բայց ո՞ւր էր այս կոթողը 1873-էն առաջ: “Կորսուած” կամ “մոռցուած” էր, կ’ըսուի: Բայց ինչպէ՞ս, բառին ո՞ր հասկացողութեամբ “կորսուած” կարելի է որակել գործ մը, որ երբեք չէր “գտնուած”: Ըսել կ’ուզեմ, որ իններորդ եւ տասներորդ դարերուն յօրինուած “Սասնայ Ծռեր”ը ո՛չ Միջնադարեան շրջանին, ո՛չ ալ անկէ ետք երկնցող սեւ տարիներու ընթացքին ճանչցուեցան “հայութեան” կողմէ: Անշուշտ խնդրական է նման հաստատում: “Հայութիւն” չէ՞ր Մշոյ դաշտի ու Սասնայ լեռներու բնակչութիւնը, որ ծանօթ էր գործին: Անկասկած՝ է՛ր, մեր այսօրուան հասկացողութեամբ: Սակայն 900 թուականէն մինչեւ 1300՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աւագանին էր, որ կը տիրապետէր հայ ժողովուրդին, դաշնակցելով հայ աւատապետական-իշխանական ընտանիքներու հետ: Անո՛նք էին ունեւորները, ընկերային եւ տնտեսական կեանքին տէրերը, ինչպէս նաեւ՝ Բագրատունեաց ու Ռուբինեան շրջաններուն, նաեւ Հայաստանի քաղաքական տէրերը: / Եւ ահա Մարքս, որ մեզի կ’ըսէ, թէ “մշակոյթի մը մէջ տիրապետող գաղափարները՝ տիրող դասակարգի գաղափարներն են”: 900-էն 1300՝ “Հայ Մշակոյթ” կը համարուէր ինչ որ ճանչցուած էր տիրող դասակարգին կողմէ. մնացածը անտեսուած էր, եւ տեղ չունէր հայ մատենագրութեան մէջ (…): Տասնեւչորրորդ դարէն ի վեր հայ իրականութիւնը կազմաւորող ազդակներէն ամէնէն ազդեցիկը եղած է եկեղեցի-քաղքենի դաշնակցութիւնը: Եկեղեցին արագօրէն դարձաւ քաղքենիացող միջին դասակարգի գաղափարական խօսնակը»։ Իսկ 1920-էն ետք, սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, «հայ ժողովուրդի հսկայ զանգուածի պաշտօնական ղեկավար վարիչ-տիրապետող դասակարգը կը շարունակէ մնալ քաղքենի-եկեղեցի զուգաւորումը»։

Նախ, ըսեմ որ «Սասնայ Ծռեր» վիպերգութեան սկզբնաւորման եւ լրման մասին պատմա-բանասիրական հարցերուն մէջ չեմ մտներ, որովհետեւ անոնք այս համագիրին մէջ կարեւոր չեն։ Նոյնիսկ խնդրոյ առարկան՝ վիպերգութիւնը չէ։ Միտքը այն է, թէ եկեղեցական «աւագանի»ն իշխանաւորներուն եւ ապա քաղքենի ղեկավարներուն հետ՝ անտեսած եւ մոռացութեան տուած է ընդհանրապէս բանահիւսական ստեղծումները (այստեղ՝ «Սասնայ Ծռեր»ը խորհրդանշանն է թէ՛ բանահիւսութեան, եւ թէ՝ բոլոր «անկարեւոր» համարուած արուեստներուն), որպէսզի իր գաղափարներով կարենայ տիրել։ Թէ եկեղեցական «աւագանի»ն, եւ ոչ միայն «աւագանի»ն, համագործակցած է իշխանաւորներուն, եւ ետքն ալ քաղքենի ղեկավարներուն հետ՝ կասկածէ դուրս է։ Միջնադարուն այն համագործակցութիւնը տիրելու ցանկութեամբ մը չէր շարժեր, այլ՝ համոզուած էր, թէ կը ծառայէր վարդապետական եւ բարոյական ճշմարիտ ուղղութեան։ Այն համոզումը պիտի կորսնցնէր իր կարծրութիւնը, եւ 19-րդ դարուն այն ժառանգութեանց հաւաքման մէջ մեծ դեր պիտի ունենային թէ՛ եկեղեցական «աւագանի»էն, եւ թէ խոնարհ կարգէն սպասաւորներ։ Կը կրկնեմ՝ խնդիրը տիրելու ցանկութեան մը հետ աղերս չունէր։ Իսկ Մեծ Եղեռնէն վե՞րջ։ Սփիւռքեան գաղափարներու աշխարհը առհասարակ խառնակութիւն մըն է։ Բայց խառնակութեան մէջ անգամ՝ չկայ տիրելու ցանկութիւնը․․․

Շեղումէս դառնամ։ Արդ, մտայնութիւնը՝ որուն քննադատութիւնը կատարած է Թէօլէօլեան, ըստ իրեն պատճառն էր եւ է ո՛չ թէ միայն տիրելու՝ համագործակցաբար իշխանաւորներուն եւ քաղքենի ղեկավարութեանց, այլեւ «բարձր մշակոյթ»ի եւ «ոչ-մշակոյթ»ի խտրումին։ Չկան «բարձր մշակոյթ» եւ «ոչ-մշակոյթ»։ Չկան «կարեւոր» եւ «անկարեւոր» արուեստներ։ Այս կեցուածքէն ետք, Թէօլէօլեան փութացած է դէպի Վահէ Օշական, դէպի անոր մէկ հաստատումը, ըստ որուն՝ «մեծ արուեստ(ը) տեսութիւն կը պահանջէ»:

Հասկնալու համար կապը այս հաստատումին եւ մշակոյթի «կարեւոր» եւ «անկարեւոր» համարուած/համարուող «մասնիկներ»ու նուիրապետութեան հարցին՝ կը կարդամ Թէօլէօլեանի արծարծած միտքը, որ անմիջապէս կանխած է Օշականի հաստատումը: Կը մէջբերեմ. «Ես գրականութեան ուսուցիչ եմ, սակայն իմ յոյսը բաղդատաբար աւելի կը յենու գաղափարախօսական յօդուածագրութեան վրայ, քան գրականութեան եւ միւս արուեստներու: Անշուշտ զանոնք արժեզրկել չեմ փորձեր, սակայն կը հաստատեմ, նախ՝ որ արդի քաղաքակրթութեան պայմաններուն տակ փորձը, Մոնթէյնի “էսսէ”ն եւ անոր հեռաւոր ազգականը՝ թերթի մը յօդուածը – ասոնք են սփիւռքացրիւ ժողովուրդի մը իմացականութեան ամէնէն լաւ կերտողները, արտայայտիչները եւ հիմնական զէնքերը: Այսօր հայ միտքն ու ոգին ինքզինքին լրջօրէն կ’արտայայտեն մամլոյ եւ պարբերականներու մէջ, եւ ո՛չ բանաստեղծութեան կամ արձակի մէջ: Կրկնեմ: Պըլտեանի, Կոստանդեանի, Գազանճեանի, Քիւրքճեանի, Օշականի, Որբունիի, Խրախունիի եւ Հաճեանի տաղանդը կամ բանաստեղծութիւնն ու արձակը արժեզրկելու փորձ մը չէ այս: Ընդհակառակն: Անոնց ստեղծած փոքր ու մեծ փոթորիկները սփիւռքահայ իմացականութեան դեռ շարունակուող գոյութեան վերջին փաստերէն են: Սակայն իբր ընկերական եւ քաղաքական հոգեվիճակը ընդգրկող գործեր՝ Շահնուրի արտադրածին հետ կարելի չէ բաղդատել զանոնք»: (Շահնուրի «արտադրած»ով՝ ակնարկած է անոր «գաղափարախօսական յօդուածագրութեան»):

Ի մի խօսք, «մշակոյթի մասնիկներ»ու նուիրապետութիւնը շրջել է պէտք: Բայց ինչո՞վ: Իւրաքանչիւրին տալով տեսութիւն: Տեսութիւնն է, որ իւրաքանչիւր «մասնիկ»ին կու տայ հաւասարազօր իրաւունք: Մշակոյթը «մասնիկներ»ու ամբողջականութիւն մըն է։

 

Յօդուածի նախորդ մասերը կարդալ նշուած յղումներով։

Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԴ.)

 

Comments are closed.