«Խաղաղութիւն սիրողը, թող պաշտպանի մեր հողը…»

Խ. Տէր Ղուկասեան

Բանակի Օրուան առիթով «Հերոսների կենացը» երգին այս տողը եկաւ միտքս: Երգի հեղինակին մասին գաղափար չունիմ, չեմ գիտեր երբ գրուած է, հաւանաբար խորհրդային տարիներուն, կամ որուն ուղղուած էր այն ժամանակ պատգամը: Այսօր երևի այն ուղղուած ըլլայ խաղաղութեանց խաղաղութիւնը՝ «տարածաշրջանի խաղաղ զարգացման» ծրագրի հետամուտ եղողներուն, որոնք Նախագահի հրաժարականի, Պաշտպանութեան Նախարարի ամուսնութեան և Զօրավարներու և երկրի Վարչապետի Քորոնաժահրի վարակման բոլոր արդարացումներով շուքի մէջ ձգեցին Հայաստանի Զինուած Ուժերու 30-րդ տարեդարձը: Ոչինչ նախատեսուեցաւ յիշատակելու համար անկախութեան գործընթացի թերևս ամենէն հիմնադրութային ձեռքբերումը՝ Բանակի ստեղծումը: Պաշտօնապէս անշքացած Բանակի Օրը ինքնին ամբողջ պատգա՞մ մըն է արդեօք…

Արդիական ժամանակներուն գերիշխան պետական միաւորներու կազմաւորման քաղաքագիտական թէ միջազգային յարաբերութիւններու բոլոր տեսութիւնները շեշտը կը դնեն ազգային բանակի ստեղծման կարևորութեան վրայ: Այդ տեսութիւններէն ամենէն տարածուածը Charles Tilly-ի “The State makes war and war makes the States” եզրոյթն է: Ճիշդ է, որ ի դէմս Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան միաւորի եօթանասունամեայ փորձառութեան կային պետական հաստատութիւններ անկախութեան հանրաքուէի նախօրեակին և ամէն ինչ զէրոյէն չսկսաւ ինչպէս 1918-1920 թուականներուն: Բայց Արցախեան պատերազմի յաղթանակն ու ազատագրական պայքարին մասնակից զինեալ խմբաւորումներէն ազգային բանակ ստեղծելու հեռանկարային որոշումն էր որ ամենէն աւելի յոյս տուաւ գերիշխան պետութեան կայացման և ապագայի նկատմամբ: Այն ժամանակ, պէտք է յիշեցնել, Հայոց Համազգային Շարժումի ղեկավար տեսաբանները առաջ կը քաշէին «մեր պաշտպանուածութիւնը մեր անպաշտպանուածութեան մէջն է» յիմարութիւնը, որուն, բարեբախտաբար, ականջալուր չեղան պատերազմի դաշտին վրայ անկախ պետականութիւն կերտողները: Շեշտենք՝ Արցախի և Հայաստանի անկախ պետականութիւնները կերտողները, որոնց համար երկու միաւորներու աշխարհաքաղաքական և ռազմավարական փոխ-կապակցութիւնը երբեք հարցականի տակ չէին դրած: Ոչ դրացի Վրաստանը, ոչ ալ թշնամի Ազրպէյճանը կարողացան օրին ազգային բանակ ստեղծել, երկու երկիներուն մէջ ալ զինեալ խմբաւորումները դերակատար եղան այդ երկիրներու անկախութեան առաջին տարիներու ներքաղաքական ճգնաժամերուն ընդհուպ մինչև պետական հարուածով իշխանափոխութիւն:

Անկախ պետականութեան նման ժամանակ առաւ նաև բանակի կայացումը: Ոչ ոք կրնայ ժխտել սկզբնական ժամանակներուն Բանակէն ներս մարդկային իրաւանց խախտումները և բազմաթիւ այլ դատապարտելի, մինչև իսկ քրէական, բացթողումները: Միաժամանակ, սակայն, ռազմական հարցերու մէջ մասնագիտացած բոլոր միջազգային հիմնարկներու տեղեկագիրները կը վկայէին բանակի մարտունակութեան մասին: Ապրիլ 2016-ի Քառօրեայ Պատերազմը ազդարարութիւն էր, որ այլևս կարելի չէր անցեալի դափնիներուն վրայ քնանալ և Ազրպէյճանը ոչ միայն կազմակերպած ու արդիականացուցած էր իր բանակը այլ արդէն բացայայտօրէն կը պատրաստուէր պատերազմի: Ճիշդ է, որ այն ժամանակ ալ այնպէս ալ լուրջ հետաքննութիւն չեղաւ, և քաղաքական վերնախաւը փորձեց հրապարակային կերպով նուազեցնել զինեալ բախումին տարողութիւնը: Բայց Պաշտպանութեան Նախարարը հրաժարեցաւ: Նոր Պաշտպանութեան Նախարարը, Վիգէն Սարգսեան, բանակի արդիականացման յստակ տեսլականով ստանձնեց իր պաշտօնը: Օրին քննադատուեցաւ իր «ազգ-բանակ» ծրագիրը որ ոմանց համար կը հնչէր ազգայնական, մինչև իսկ ֆաշիստ: Ճիշդ էր որ նման եզրոյթ կրնար դիւանագիտական յարաբերութիւններուն համար դժուար բացատրելի ըլլալ միջազգային հանրութեան: Բայց արդե՞օք Ալիևը շատ աւելի բացայայտ, և արդէն գիտենք՝ անկեղծ, ռազմատենչական յայտարարութիւններ կ’ընէր և իր դիւանագէտները ձևը կը գտնէին այդ յայտարարութիւնները «բացատրելու» միջազգային հանրութեան…

Եզրոյթէն անկախ, Վիգէն Սարգսեանի տեսլականը իր էութեամբ տարբեր չէր տակաւին 19-րդ դարու աւարտին և 20-րդ դարու սկիզբին Միքայէլ Վարանդեանի «ժողովրդային բանակ»ի գաղափարէն: Իսկ անոր այժմէական յաջողակ բնորդները չէին պակսեր աշխարհով մէկ: Վիգէն Սարգսեանը նախաձեռնեց բարեկարգումներու, բանակի արդիականացման: Ամօթ է իրեն հասցէին բոլոր զրպարտութիւնները որ Ապրիլ 2018-էն յետոյ իշխանութեան հասածները բանաձևեցին, երբ իր բարեկարգումներէն շատեր կը մնան ի զօրու: Ցաւալի է որ Վիգէն Սարգսեան առիթ չունեցաւ իր տեսլականը հասցնելու մինչև Սփիւռք և Սփիւռքին մասնակից դարձնելու բանակի արդիականացման գործին: Իրմէ յետոյ իր պաշտօնը ստանձնած Դաւիթ Տոնոյեանը, իր փոխ-նախարարը, օրին յոյս ներշնչեց որ բարեկարգումները պիտի շարունակուէին: Յոյս ներշնչեց որովհետև իր ելոյթներով ու վարքագծով գործին մասնագէտի փաստը տուաւ: Զերծ մնաց զինուորներու կերածին ու հագուածին մասին ամբոխավար ու նուաստացուցիչ յայտարարութիւններէն որոնցմով Վարչապետը կու գար հաւաստիացնելու որ բանակը «Թաւշեայ Յեղափոխութենէն» յետոյ աւելի քան երբեք պատրաստ է ու մարտունակ հայրենի հողը պաշտպանելու իր առաքելութեան: Դաւիթ Տոնոյեան՝ մեծ հիասթափութիւն մը…

Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն երեք ամիս անց, Յունուար 2021-ին, Վարչապետը Բանակին Օրը առանձին գնաց Եռաբլուր: Այդ օր, գօտեպնդիչ պատգամ մը չյղեց: Շուշիի հայկականութեան մասին իրենց հարցում ըրած լրագրողուհիին վրայ բարկացաւ, մատը թափ տուաւ, բղաւեց… և այդ մնաց ընկերային ցանցերուն մէջ որպէս պատգամ:

Մէկ տարի յետոյ պատկերը աւելի տխուր է: Եւ ոչ միայն որովհետև իշխանութիւնները Բանակին Օրը ձգեցին շուքի մէջ: Այլ՝ որովհետև պատերազմէն աւելի քան տարի մը անցած է և չկայ ոչ մէկ նշան որ բանակի վերակազմակերպումը օրակարգի վրայ է:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.