Լուսաւոր Եւ Լոյս Սփռող Մասթըր Կարոյին Հետ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

2014 թուականի սեպտեմբերեան խաղաղ ու պայծառ երեկոյ մըն է, բիւրեղ արցախեան երեկոյ մը: Արցախը այդքա՜ն սիրած ու պաշտած, անոր այդքա՜ն կապուած ու անոր հետ նոյնացած, անոր զարգացման կարեւորութեան այդքա՜ն հաւատացած եւ գործնապէս մասնակից դարձած, հայուն ուժին ու յաղթանակին, կորովին ու կարողութեան այդքա՜ն վստահած մասթըր Կարոյին հետ նստած ենք, աւելի ճիշդ` թագաւորական կերպով բազմած ենք «Շուշի կրանտ հոթել»-ի բացօթեայ ճաշարանը ու անուշ-անուշ կը զրուցենք.

– Կը տեսնե՞ս երկինքը, նայէ՛ փայլող աստղերուն, մարդ կը համարձակի՞ ըսել, որ Շուշիի այս բարձունքը Աստուծոյ ամէնէն մօտիկ կէտը չէ…

Կը նայիմ երկինք, իսկապէս ալ աստղերը այնքան ջինջ են եւ փայլուն, որ կարծես դիւրութեամբ ու ամենայն պարզութեամբ կրնաս անոնց դպչիլ, եթէ ձեռքս երկարես: Անհամար աստղերը մէկական կանթեղ ըլլան կարծես, աչքերս կը գրաւեն երկար ատեն եւ մտածումներս կը գերեն ամբողջութեամբ: Շուշիի վերեւ կախուած այդ կանթեղներուն շնորհիւ է, որ Արցախի մէջ կարելի եղած է յաղթանակներ կերտել, ձեռք բերել մեր հողերը, ապրիլ ու արարել հոն…

Առաջին անգամ ըլլալով Արցախ այցելելու բերկրանքը եւ Շուշիի այդ բարձունքին վրայ շնչելու ու աստուածային երկինքը վայելելու բախտը անգամ մը եւս կը պատեն էութիւնս համակ. նոյն բերկրանքն ու գոհունակութիւնը, զորս առաջին անգամ  զգացի, երբ եռագոյնին ու Արցախի փողփողուն դրօշակներուն կողքով մտանք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, եւ հակառակ թանձր մութին` առաւօտը բացուեցաւ հոգիիս խորը, լուսաւորուեցաւ միտքս, վերջապէս կը գտնուէին այն հողին վրայ, որուն մասին կարդացած ու գրած եմ, լսած ու պատմած, մտածած ու ուրիշները մղած` մտածելու, որուն համար լացած եմ ու խնդացած, որուն հետ հարազատ կապի մը գոյութեան հաւատացած եմ միշտ:

Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, յանկարծ հարցում մը կը ծագի մտքիս մէջ եւ նայուածքս ու ուշադրութիւնս երկինքէն անջատելով, կողքիս նստած, լուռ խոկացող մասթըր Կարոյին ուղղելով, կը հարցնեմ` կարծես անջատելով իր մտածումներուն թելը եւս.

– Մասթը՛ր, կը հաւատա՞ս երազներուն, իրականութիւն կը դառնա՞ն անոնք:

Առանց իմ կողմս իսկ դառնալու ոտքի կ՛ելլէ, իր աշխուժ քալուածքով կը հեռանայ քանի մը վայրկեան, կը դիտէ շուրջբոլորը ու իրեն յատուկ բարձր ու հաւատքով լեցուն ձայնով կ՛ըսէ.

– Նայէ շուրջդ եւ տես իրականացած երազները, պատասխանը քովս չէ, այլ` շրջապատիդ մէջ, սովորական տեղ չես գտնուիր դուն այսօր, հոս Շուշի է, Արցախ… Շուշին դրախտային վայր է … Տե՛ս քիչ մը անդին վազվզող, օրուան իրենց վերջին խաղով տարուած տղաները, անոնց մեծ ծնողները չէին երեւակայեր, որ իրենց թոռները կամ ծոռերը հոս ազատօրէն պիտի խաղան, դիտէ խորհրդաւոր կերպով բազմած Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին, որքա՜ն գեղեցիկ է եւ հզօր, տարիներ առաջ քարուքանդ էր անիկա, տե՛ս Շուշիի փողոցները, ուրկէ մեր տղոց արիւնը հոսեցաւ, որպէսզի այսօր մենք հոս ըլլանք, նայէ՛ այս պանդոկին` իմ երազիս, որուն իրականացման նկատմամբ կասկածողները աւելի շատ էին, քան` անոր հաւատացողները, բայց այսօր կա՛յ անիկա, մենք կա՛նք հոս, աշխարհի չորս կողմէն հայերու եւ օտարներու հանգստաւէտ տուն է անիկա…

Կարծես կարիք չի զգար շարունակելու, այլ կը տարուի իր մտածումներով` զիս ալ ձգելով իմ ներաշխարհիս հետ:   Քայլերս կ՛ուղղեմ պանդոկէն դուրս, տարիներ շարունակ լսած խօսքերս, կարդացած պատումներս, տրուած վկայութիւնները` բոլոր մէկ վայրկեանի մէջ մարմին կը ստանան, այլեւս աչքերովս կը տեսնեմ այդ բոլորը, թոքերովս կը շնչեմ օդը արցախեան, էութեամբս կը յուզուիմ` դիտելով Շուշիի շէնքերուն տակ համախմբուած մամիկները, ծխախոտը իրենց շրթներուն` օրուան անցուդարձերը վերլուծող տղամարդիկը, սրտիս խորերը կը զգամ գոյութիւնը Շուշիին, մտքովս կը հպարտանամ ու կը սաւառնիմ…

***

Առաջին անգամ դէպի Արցախ «ուխտագնացութեանս» վարիչն ու առաջնորդը մասթըրն է:

Սովորական բան չէ Լիբանանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն դեսպան Կարօ Քեպապճեանին հետ Արցախ ուղեւորուիլը. սովորական չէ ո՛չ թէ այն պատճառով, որ դեսպանի ընկերակցութեամբ ես, այլ որովհետեւ Կարօ Քեպապճեանը ինքնին սովորական անհատականութիւն չէ: Երեւանէն մինչեւ Արցախ, ամբողջ ճամբուն ընթացքին Արցախ հասնելու անոր անհամբեր ու անձկալից վիճակը կը վարակէ երկար սպասումէ ետք Արցախը տեսնելու երազիս իրականացումը տակաւին լրիւ չընկալած էութիւնս, աւելի կարօտագին կը դարձնէ զիս այնքան, որ կ՛ուզեմ դուրս գալ ինքնաշարժէն եւ վազել…  Լեռնային Ղարաբաղի մասին Կարօ Քեպապճեանի անվերջանալի, սակայն չկրկնուող իսկական պատմութիւնները, ապրուած պահերու վերյիշումները, հազիւ լռած` իմ հարցումներուս ի պատասխան տրուած բացատրութիւնները, փոխանցած մանրամասնութիւնները, երբեմն ուշադրութենէս վրիպած պատկերներու մատնանշումները Արցախի ուրուագիծը քիչ-քիչ աւելի յստակ կը դարձնեն ինծի համար: Գիտե՞ս` ինչո՛ւ են այս հողաբլուրները, գիտե՞ս` ինչո՛ւ են օդին մէջ ճօճուող այս թելերը, գիտե՞ս` ինչո՛ւ են գիւղացիներուն տուներուն առջեւ դրուած այս յարդէ «տուփիկները»… Գիտնալով, որ այդ կեանքէն ընդհանրապէս հեռու առօրեայ ունեցող իր ընկերակիցը պատասխան պիտի չունենայ իր հարցումներուն, ինք կը բացատրէ եւ կը լուսաբանէ զիս, թէ ինչո՛ւ այդ բոլորը հոն են, ինչի՛ կը ծառայեն` զիս եւս մասնակից դարձնելով պատերազմ յաղթանակած արցախեան իրողութեան պարտադրած երեւոյթներուն, գիւղացիներուն սովորութիւններուն: Կարծես հարազատի մը տեսութեան գացողի իր խանդավառութիւնը, ուրախութիւնը կը փոխանցուին ինծի` անգամ մը եւս ինծի յուշելով, որ ուշացած էի այս յատկանշական պահը ապրելու: Հայաստան-Լեռնային Ղարաբաղ ճամբուն երկարութեան կամ յոգնեցուցիչ ըլլալուն մասին որեւէ ակնարկութիւն ամբողջովին կը ջրուի, երբ կը տեսնես Կարօ Քեպապճեանին գոհունակութիւնը` այդ ճամբան կտրելու վայելքէն  ծնած, երբ կը լսես անոր խոստովանութիւնը, որ եթէ յաճախ այդ ճամբան չբռնէ, անհանգիստ կը զգայ, կը կարօտնայ այդ դարձդարձիկ ու հարազատ ուղիները…

Լիբանանի մէջ յաճախ ականատեսը դարձած էի որեւէ վայր անոր մուտքով ստեղծուած խանդավառութեան, աշխուժութեան, ջերմութեան, սակայն չէի պատկերացուցած, որ նոյնը պիտի պատահէր Հայաստանէն Արցախ մեր կանգ առած իւրաքանչիւր կրպակի մուտքին, ամէն մէկ խանութ-հանգստարանի մէջ, նոյնիսկ երբեմն ճամբու եզրին հաւաքուածներուն մօտ, զորս բոլորը սիրաշահած էր մասթըր Կարոն: Մէկը տաք կորեկ պիտի երկարէր իրեն, միւսը առանց հարցնելու իսկ սուրճ ու փուռէն նոր ելած ոսկեգոյն գաթան պիտի բերէր սեղան, ուրիշ մը «քու սիրած ուրցդ է» նախադասութեամբ ու ժպտուն դէմքով` գաւաթը պիտի երկարէր անոր: Դրական ներուժով օժտուած այս մարդը իր այս ներուժը շրջապատին փոխանցելու բացառիկ կարողականութեամբ օժտուած էր իսկապէս`  առանց ճիգի կամ բռնազբօսիկութեան, շատ պարզ ու հարազատ կերպով, ինքնըստինքեան: Ասոր կողքին, կար գործնական ըլլալու անոր իւրայատկութիւնը, բոլորին հետ էր իր ձեւով, իր կարելին կ՛ընէր զանոնք քաջալերելու, իրմէ պահանջուած մէկին փոխարէն տասը տալով, այդ խանութներէն կարեւոր եւ անկարեւոր մնայուն գնումներ կատարելով, գնած տուրմերն ու քաղցրեղէնները ճամբան հանդիպած մանուկներուն հրամցնելով:

***

Պատանի տարիքէս յաճախ լսած եմ մարդու մը մասին, որ մեր բոլորէն տարբեր ուժ եւ կարողութիւններ ունի, որ «կը թռչի», որ կը մարզէ երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որպէսզի անոնք պատրաստ ըլլան գործուղուելու հոն, ուր կարիք կայ: Յաճախ ունեցած եմ այն մտածումը, որ ընկերներս կը խօսին գոյութիւն չունեցող, այլ մեր պատանեկան երեւակայութեան ծնունդ անձնաւորութեան մը մասին, բայց նման մէկը տեսնելու հետաքրքրութիւնն ու անձկութիւնը երկար ատեն եռացին մէջս: Չեմ յիշեր` ճիշդ ե՛րբ կամ ի՛նչ առիթով, բայց կը յիշեմ լաւապէս, թէ Հայ սեւ գօտիներու միութեան, որուն հիմնադիրը, տէրն ու ծառան էր Կարօ Քեպապճեանը, մէկ հրապարակային ներկայացման ատեն տեսայ զինք` Մեծ վարպետը, գեղեցիկ ու գրաւիչ երիտասարդ մը, որմէ տարբեր լոյս մը կը շողայ, որ ամէն ինչով կը զատորոշուի իր շրջապատէն:

Տարիներ շարունակ առողջ մարմնով, արթուն մտքով եւ ազնիւ հոգիով հայ անհատներ կազմաւորելու սկզբունքով գործած եւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքահայ տարբեր օճախներու մէջ սերունդներ մարզած ու կազմաւորած մասթըր Կարոյին հետ կապերս աւելի սերտացան տարիներու ընթացքին, երբ` իբրեւ լրագրող, անոր հետ հարցազրոյցներու ճամբով, տարբեր նախաձեռնութիւններէ քիչ քիչ կերտեցի պատկերը այն անձնաւորութեան, որուն մասին պատանի տարիքիս խօսած էին ընկերներս, համոզեց զիս անոնց հաստատումը, թէ այդ մարդը տարբեր ուժ ունի, բացառիկ կարողութեամբ օժտուած է: Իրական էր գոյութիւնը նման յատկանիշներ ունեցողի մը, երեւակայածին չէին այդ խօսքերը, արդարեւ, թէ՛ իբրեւ Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր եւ թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ` տարիներ շարունակ Կարօ Քեպապճեանի տարած աշխատանքին հետեւողը պիտի հաստատէր, որ միայն դրականին կառչած, միայն յաջողութեան հաւատացող, յոյսը իր մնայուն ընկերոջ վերածած այս անձնաւորութիւնը ունէր շատ բաներ, որոնք կը բացակայէին ուրիշներու մօտ:

Լիբանան գտնուած ժամանակաշրջանին անպայման կը հանդիպէիր անոր, յատկապէս` Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ, ուր ունէր զրուցակիցներ, բարեկամներ, ընկերներ, կարծես ինքնիրեն տուած էր առաքելութիւն` հայութեան նկատմամբ հաւատքը կորսնցուցածները քաջալերելու, անոնց մէջ հայկականութիւնը վառ պահելու ճիգ ի գործ դնելու, խօսելու, պատմելու, համոզելու, երբեմն նոյնիսկ բարկութեամբ պատգամելու, որ հայութիւնը, յատկապէս լիբանանահայութիւնը, իրաւունք չունի յանձնուելու կամ յուսահատելու, իրաւունք չունի` իբրեւ հայութեան բաբախող սիրտը, իրեն տրուած կոչումին տէր չկանգնելու: Առանց յոգնելու` այս բոլորին համար պայքարեցաւ Կարօ Քեպապճեան, շունչը հատցուց երբեմն` յուսահատներուն մէջ յոյսի զարթնումին վկայելու, բայց չկոտրուեցաւ, չվհատեցաւ, այլ պայքարի խորհրդանիշի վերածուեցաւ:

***

Մասթըրին սիրտը լայն էր ու բոլորը հոն ներգրաւող, Լիբանանի մէջ անոր գրասենեակներուն, Հայաստանի անոր բնակարանին, Արցախի մէջ անոր «Շուշի կրանտ հոթել»-ին դռները լայնօրէն բաց էին բոլորին` իր աշակերտներուն, պանդոկի զբօսաշրջիկներուն, հարազատներուն, գաղթականներուն, զինուորներուն եւ անխտիր բոլոր իրեն դիմողներուն դիմաց, անոր սեղանը ճոխ էր ու հարազատ… ցաւ ի սիրտ Շուշին մեր ձեռքը չէ այսօր, ոչ ալ պանդոկը, չկայ արցախեան բարիքներով լի «սեղանն էր առատ»-ը, մեզի հետ չէ մեր սիրելի մասթըրը… Որքան կարեւոր էր, որ մասթըրը մնար, որպէսզի մեր կորուստներու վերադարձի երազը վառ պահէր մեր մէջ, որովհետեւ ինք բոլորէս աւելի տարբեր ու մեծ ուժ ունէր` անհաւատալիին հաւատալու եւ զայն խիզախաբար իրական դարձնելու…

Նմաններդ դար մը անգամ մը հազիւ կը ծնին, մասթը՛ր Կարօ:

Յաւերժ շնորհակալ պիտի մնամ քեզի` արցախեան իմ անդրանիկ «ուխտագնացութեանս» համար, սիրելի՛ մասթըր Կարօ, գերակշռող ներկայութիւնդ ու նոյնքան ալ գերակշռող բացակայութիւնդ պիտի պատգամեն անպայման, պիտի յուշեն եւ յորդորեն: Իսկ եթէ օր մը կրկին կանգնիմ «Շուշի կրանտ հոթել»-ի այդ միեւնոյն տեղը, ուր միասին էինք տարիներ առաջ (շա՜տ բան կու տամ կրկին հոն ըլլալու համար), երբ երկինք նայիմ, այս անգամ բոլոր աստղերուն մէջ քիչ մը աւելի լուսաւոր եւ յատուկ աստղ մը պիտի տեսնեմ անպայման, աւելի փայլփլուն կանթեղ մը, որուն նայելով` պիտի հաւատամ, որ երազները իսկապէս իրականութիւն կրնան դառնալ… Այդ աստղը դո՛ւն ես, թանկագի՛ն Կարօ Քեպապճեան, նման լոյս միայն քեզի պէսներուն յատուկ է, դո՛ւն արժանի ես հոն ըլլալու, որովհետեւ այդ աստուածային երկինքին տակ տուիր կեանքիդ լաւագոյն օրերը, տուիր քու անձէդ, ունեցածէդ, էութենէդ, առողջութենէդ, կորովէդ, քու հաւատքովդ եւ անդուլ պայքարովդ անկարելին դարձաւ կարելի, երազը դարձաւ շօշափելի, շատեր վայելեցին բարիքները իրականացած այդ երազիդ` իրենք եւս երազներ կերտելով: Խաղաղութեամբ պիտի փայլիս երկինքին վրայ, սիրելի՛ մասթըր, ոչ թէ որովհետեւ անպայման «խենթ» գործդ շարունակողներ պիտի ըլլան, այլ որովհետեւ դուն հայութեան, յատկապէս լիբանանահայութեան, Հայաստանին եւ Արցախին տուիր քու առաւելագոյնդ, անձնական կեանք չունեցար, որովհետեւ հաւաքականին կարեւորութիւնը գերադասեցիր, հանգիստ չճանչցար, որովհետեւ սերունդներ մարզելու եւ պատրաստելու մնայուն ձգտում կար մէջդ, գիտակցութիւն, որ մեր գոյատեւման համար պէտք է զինուիլ կարողականութեամբ, ըլլալ ուժեղ եւ պայքարող, տուիր ու տուիր` փոխադարձը միշտ մէկ կարեւոր բան պահանջելով` յաղթել, նուաճել, կերտել ու զարգացնել, չյուսահատիլ, զէնքերն ու հաւատքը վար չդնել, այնքան ատեն որ տակաւին կը բաբախէ հայուն սիրտը, այնքան ատեն որ կը հնչէ քու մնայուն խօսքդ. «Պիտի աշխատինք, պիտի վազենք, պիտի իրականացնենք, շա՜տ շա՛տ բան կայ ըլլալիք, չենք կրնար յանձնուիլ եւ ձեռնածալ մնալ»:

Սիրելի՛ ընկեր Կարօ, թանկագի՛ն մասթըր,

Տարի մը առաջ բաբախելէ կանգ առած սիրտդ, հայու սիրտդ, մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ կը շարունակէ բաբախել` ղօղանջի մը ուժգնութեամբ պատգամելով, որ, հակառակ ամէն ինչի, պայքարը կարելի չէ կասեցնել, հաւատքը անկարելի է սպաննել, կորովը անընդունելի է մարել, իսկ երազները անպայման պէտք է իրականութիւն դարձնել:

Տարբեր էր ներկայութիւնդ ու կեանքդ ամբողջ, նոյնքան ալ տարբեր ծանրութիւն ունի ֆիզիքական բացակայութիւնդ եւ անով ստեղծուած հսկայական դատարկութիւնը, որ կրնայ լեցուիլ միայն քու ընդհատուած երազիդ վերաիրականացումով…

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.