Լոյս տեսաւ 1890-1922 Ամերիկեան մամուլին մէջ հրապարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յօդուածները համախմբող բազմահատոր հրատարակութիւն
(«Հորիզոն») – Վերջերս Երեւանի մէջ Մխիթարեան Հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսան հաստափոր երկու հատորներ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, որոնք կ՚անդրադառնան Ամերիկեան կարեւորագոյն օրաթերթերէն բ The New York Times-ի էջերուն մէջ տեղ գտած յօդուածներու ժողովածոյին: Հատորը կը կոչուի՝ The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath. As reported in the U.S. Press – The New York Times։
Հատորը կազմուած եւ խմբագրուած է Մխիթարեան Միաբան Հ. Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեանի եւ աւտրիալիահայ Արա Քեթիպեանի համահեղինակութեամբ:
Այս նախագիծի իրականացման համար ներգրաւուած են հայրենաբնակ աշխատակցուհիներ (Սիրանոյշ Մինասեան, Քրիստինէ Մխիթարեան եւ Էսմարիտա Պօղոսեան), որոնք վերջին տասնամեակի ընթացքին աջակցած են հրատարակիչներուն հաւաքելով եւ որոնելով օրաթերթի կայքէջի վրայ զետեղուած յօդուածները, կատարելով նաեւ անուանացանկերու նախապատրաստական աշխատանքը:
Այս հատորներու յառաջաբանի հեղինակն է Քանատացի Քաղաքական Գիտութիւններու Դոկտ. Prof. Alan Whitehorn-ը:
Հրատարակութիւնը հովանաւորուած է շնորհիւ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու առատաձեռն ներդրումին:
Հրատարակուած յօդուածները կ՚ընդգրկեն The New York Times օրաթերթի վերնագիրներու եւ տեղեկագիրներու ծաւալուն ընտրանի մը, որ կը վերաբերի 1890-1922 թուականներուն Հայերու վերաբերող ժամանակահատուածին:
Հեղինակները փորձած են վաւերագրական նիւթերը աւելի մատչելի դարձնել բոլորին որոնք կը փափաքին եւ կարիքն ունին ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութեան արմատները, մահառիթ արարքներն ու մնայուն հետեւանքները:
Այսօր, երբ արդէն թեւակոխած ենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմը, հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ այս մութ օրերը ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն յիշեցնելու կարեւորութիւնը աւելի անհրաժեշտ եւ պարտաւորիչ դարձած է, մասնաւորապէս երբ նկատի ունենանք վերջին 100 տարիներու թուրք կառավարութեան շարունակական ջանքերը ոչ միայն ժխտելու պատմական փաստերու իրականութիւնը, այլ նաեւ, ցաւօք, իրենց մեղքը զոհերու վիզին բարդելու:
Հրամայական է, որ ներկայ եւ ապագայ սերունդները ծանօթանան դեպքերուն, այնպէս ինչպէս որ հաղորդուած են այն ժամանակ, երբ իրադարձութիւնները իրականութեան մէջ տեղի կ՚ունենային:
Շատ յաճախ այս լուրերը կ՚օգնեն լրացնելու այն բացը կամ պարզապէս կ՚ամրապնդեն այն տեղեկութիւնները որ աւելի սովորական փաստացի աղբիւրներու մէջ կը գտնուին, ինչպէս են արխիւային նիւթերը, ներառեալ Օսմանեան կայսրութեան, Երիտթուրքերու եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու մօտ հաւատարմագրուած տարբեր դիւանագիտական առաքելութիւններու կողմէ ներկայացուած բազմաթիւ տեղեկագիրներ:
Կարդալով այս հարիւրաւոր լրատուութիւնները եւ ականատես վկաներու տեղեկատուութիւնները ժամանակագրական հերթականութեամբ, կարելի է յստակ տեսնել, թէ ինչպէս մանրամասնօրէն ծրագրաւորուած է ազգի մը ոչնչացումը, տեղահանումը եւ յաջորդաբար այդ արարքին ժխտումը իր հեղինակներուն կողմէ:
The New York Times թերթի երկհատոր այս հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ յաւակնոտ նախագիծի մը, որ շնորհիւ իր գրաշարուած, խմբագրուած ձեւաչափին եւ մասնագիտական անուանացանկերուն, հնարաւոր կը դարձնէ որոնումը միջազգային մամուլի հրապարակումներու եւ ընդհանուր առմամբ Հայոց հարցի եւ մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ վերլուծութիւններու մասին:
Այս հատորներուն մէջ բովանդակուած նիւթը կ՚ընդգրկէ զանգուածային սպանութիւններու երեք հիմնական փուլերը, 1894-1896 թուականներու Համիտեան կոտորածները, Ատանայի կոտորածը եւ «Մեծ Եղեռնը», 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը, եւ այդ կոտորածներու անմիջական «հետեւանքները», որ վերջնականապէս իր բարձրակէտին հասաւ Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեան ներմուծումով:
The New York Times-ի առաջին հատորը Vol. 1 – կը պարունակէ 1607 յօդուած:
Երկրորդ հատորը Vol. 2 – կը պարունակէ 1059 յօդուած:
Ընդհանուր 2666 յօդուածներ:
Հրատարակուած յօդուածները քաղուած են The New York Times-ի արխիւներէն:
Ընդհանուր նախագիծը կ՚ընդգրկէ տասը հատոր, որոնց մէջ նախատեսուած են վեց առաջատար ամերիկեան թերթերը. The New York Times, The Boston Daily Globe, The Chicago Tribune, The Christian Science Monitor, The Los Angeles Times եւ The Washington Post-ը:
Ներկայ ծրագրի պատրաստութիւնը տեւած է 12 տարի:
Կարելի չէ թերագնահատել համապարփակ եւ մանրամասն տեղեկատուութեան մը կարեւորութիւնը, որ լիովին կը միաւորէ այն ինչ որ կը հաղորդեն լրագրողները, խմբագիրները եւ ժամանակակից պետական պաշտօնեաները: Թերթերու այսպիսի կուտակային հաղորդումները պատմական հիմք կը կազմեն, որ պիտի ծառայէ դիմակայելու ժամանակակից պետութիւններու կողմէ հովանաւորուող ցեղասպանութեան ժխտման, որ կը փորձէ ապատեղեկացնել, խեղաթիւրել, եւ ժամանակի ընթացքին կասկածի տակ դնել պատմութեան մէջ տեղի ունեցածը: