Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021 թուականի Գ. Համարը
Համացանցի վրայ կարելի է կարդալ «Դրօշակ» ամսագրի 2021 թուականի Գ. համարը:
Այս համարին նիւթերու զգալի մասը նուիրուած է ներկայ օրերու իրադարձութիւններուն:
Ներքաղաքական մտահոգիչ առօրեայի անդրադարձն է համարի առաջնորդող խմբագրականը: Նոյն իրականութեան մասին, գնահատում կը կատարէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը` պատասխանելով «Դրօշակ»-ի հարցումներուն: Մուրատ Փափազեան կը պատմէ նաեւ Ֆրանսայի իշխանութեան` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի նախագահութեան անդամի, տեսակէտներու մասին, Արցախի շուրջ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցած ճակատագրական իրադարձութիւններուն վերաբերեալ:
Վարդան Յակոբեանի վերլուծական յօդուածը կ՛ընդգրկէ լայն շրջագիծ` ներառելով նաեւ հայ-ազրպէյճանական դիմակայութեան ընթացքի նկատմամբ շահագրգիռ տէրութիւններու դիրքորոշումները եւ հնարաւոր զարգացումները:
Ազրպէյճանագէտ Արտեոմ Տօնոյեանը կ՛անդրադառնայ ներքաղաքական իրողութիւններուն ու տրամադրութիւններուն, որոնք պատերազմէն ետք կը գերիշխեն Ազրպէյճանի վրայ: Իսկ իրանագէտ Ահարոն Վարդանեան կ՛ուրուագծէ Իրանի դիրքորոշումները, որոնք որոշակի զարգացումներ կրնան ունենալ:
Ազգային անվտանգութեան հարցերու մէջ մասնագիտացած Արփի Աբրահամեանը կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող իրաւական հիմքը:
Պաշտօնաթերթի գերիշխող թեման որոշակի իմաստով կը լրացնէ Անի Մելքոնեանին յօդուածը, որուն մէջ կը լուսաբանուի փանթուրքիզմ երեւոյթը եւ անոր հակահայ բնոյթն ու նպատակները:
1921 թուականի ռուս-թրքական պայմանագրի կնքման ճակատագրական իրադարձութեան նուիրուած է պատմաբան Արարատ Յակոբեանի յօդուածը, որուն մէջ կը ներկայացուին հետաքրքրական բազմաթիւ փաստեր:
Կարդալու համար սեղմել «Դրօշակ» թիւ 3, մարտ 2021