Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի 8-րդ Թիւը

Հրապարակուեցաւ «Դրօշակ»-ի 2024-ի օգոստոսի թիւը, որուն մէջ կը շարունակուին լուսարձակի տակ մնալ Հայաստանի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ` Արցախի խնդիրը: Տուեալ թեմային յատկացուած է «Առաջնորդող»-ը, ինչպէս նաեւ` ռուս եւ իրանցի վերլուծաբաններու յօդուածները, որոնք տարբեր տեսանկիւններէ անդրադարձ կը կատարեն Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ձախաւեր քաղաքականութեան, այդ քաղաքականութեան նկատմամբ եղած արտաքին ազդեցութեան: Վերլուծութիւններուն մէջ առկայ են նաեւ աշխարհաքաղաքական խորապատկերին վրայ արտաքին շահագրգիռ ուժերուն որդեգրած դիրքորոշումները` Հայաստանի եւ Արցախի ճակատագիրին նկատմամբ:

Աշնան սկիզբը կը սպասուի Սրբազան պայքարի նոր վերելքը: Այս առիթով «Դրօշակ»-ը կը ներկայացնէ ուշագրաւ հարցազրոյց մը` շարժման ղեկավարներէն պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեանի հետ: Ներկայացուած շարքը կ՛ամբողջացնէ պատմաբան Անի Մելքոնեանի յօդուածը, որ նուիրուած է Հայ եկեղեցւոյ պատմական առաքելութեան` ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ:

«Դրօշակ»-ը կը ներկայացնէ նաեւ տարածաշրջանի երկիրներու, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական առկայ կացութեան եւ զարգացումներուն վերաբերեալ հետաքրքրական վերլուծութիւններ: Կը շարունակուի պատմաբան Վահէ Սարգսեանի յօդուածաշարը` վերջին տարիներու ռուս-վրացական յարաբերութիւններուն մասին, զորս յօդուածաշարին հեղինակը կը քննէ երկու երկիրներուն միջեւ այցագրային եւ հաղորդակցութեան ոլորտներուն մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն տեսանկիւնէ:

Արեւելագէտներ Լիանա Պետրոսեան `«Իրանա-իսրայէլական հակամարտութիւնն ու Ազրպէյճանի դիրքորոշումը» ու Նարէ Գէորգեան` «Իրան-Իսրայէլ առճակատումը եւ տարածաշրջանային նոր մարտահրաւէրները» խորագրեալ յօդուածներով կը ներկայացնեն տարածաշրջանի երկիրներուն կապուած մեզի համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող գործընթացներ:

Պատմաբան եւ բնագէտ Կարէն Խանլարեանի յօդուածին խորագիրն է «Գարեգին Խաժակը` Քարլ Մարքսի ռասիստական հայեացքների քննադատ»: Արժանին մատուցելով ազգային գործիչ, Դաշնակցութեան նշանաւոր տեսաբան եւ ապրիլքսանչորսեան եղեռնագործութեան նահատակ Գարեգին Խաժակի յիշատակին, վերջինիս աշխատասիրութեան միջոցով Խանլարեանը կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս մարքսական վարդապետութեան յաղթարշաւի օրերուն, աւելի քան մէկ դար առաջ, Գարեգին Խաժակ կը մերկացնէ գերմանացի հրեայ տեսաբանի գաղափարախօսութեան հակամարդկային ու ցեղապաշտական էութիւնը:

«Դրօշակ»-ի օգոստոսի թիւը կարելի է ընթերցել այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2024/09/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-8-2024%D5%A9-1.pdf

Comments are closed.