Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի Երկրորդ Թիւը

Համացանցի վրայ կարելի է ընթերցել «Դրօշակ» պարբերականի 2022 թուականի երկրորդ թիւը:

Փետրուարը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ կը նշանաւորուի ազգային ըմբոստացման երկու կարեւոր փաստերով, որոնցմէ մէկը արձանագրուած է 1921 թուականին, իսկ միւսը`1988-ին` իբրեւ արցախեան շարժման սկիզբ:

«Դրօշակ»-ի առաջնորդողը զուգահեռներ գծելով երկու ժամանակաշրջաններուն միջեւ, կʹանդրադառնայ նաեւ վերոնշեալ երկու պատմական իրադարձութիւններուն:

Արցախեան շարժման սկսելու տարեդարձին առիթով ՀՅԴ պաշտօնաթերթը հրապարակած է Խորհրդային Հայաստանի ղեկավար Անտոն Քոչինեանի մտորումները Արցախեան հարցի եւ զայն Հայաստանին վերադարձնելու` հայ ժողովուրդի օրինական պահանջներուն շուրջ: Քոչինեանի արխիւին մէջ պահպանուած է նաեւ Դաշտային ու Լեռնային Արցախի հայ բնակչութեան նամակը ԽՍՀՄ առաջնորդ Նիքիթա Խրուշչովին, որուն մէջ կը նկարագրուի իրենց ծանր վիճակը եւ կը խնդրուի ուղղել պատմական սխալը: Նշուած նիւթերը «Դրօշակ»-ի հրատարակութեան ներկայացուցած է Հայաստանի պատմութեան թանգարանի նոր եւ նորագոյն պատմութեան բաժնի վարիչ Սեդա Գալստեանը:

Հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն նուիրուած է Իրանի նախագահ Հաշեմի Ռաֆսանժանիի յուշերու հիման վրայ պատրաստուած յօդուածը: Արցախեան առաջին պատերազմի օրերուն` հայ եւ ազրպէյճանցի ղեկավարներուն միջեւ իրականացնելով միջնորդական առաքելութիւն, Իրանի նախագահը կը բացայայտէ այդ բանակցութիւններուն վերաբերող շարք մը հետաքրքրական մանրամասնութիւններ: Յօդուածին հեղինակն է իրանագէտ Նարէ Գէորգեանը:

Սկիզբ առած Հայ-թրքական բանակցութիւններուն, անոնց կապուած մտահոգութիւններուն կʹանդրադառնայ Հրանտ Մելիք Շահնազարեանը` «Հայ-թուրքական յարաբերութիւններ: Ի՞նչ խնդիրներ է լուծում Թուրքիան» ուշագրաւ յօդուածով:

«ԱՄՆ քաղաքականութիւնը հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման համատեքստում» խորագիրին տակ նշեալ յարաբերութիւններու երեսնամեայ գործընթացին անդրադարձ կը կատարուի Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնին կողմէ պատրաստուած վերլուծութեան մէջ:

Հայ ընթերցողին կը հետաքրքրեն նաեւ Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած գունաւոր յեղափոխութեան փորձի մասին դիւանագէտ Վարդան Յակոբեանի կատարած գնահատումները:

ՀՅԴ պաշտօնաթերթի այս թիւին մէջ ներկայացուած են նաեւ Անի Մելքոնեանի «Հայկական ռազմական ուժի պատմութիւնից» եւ Մարիամ Յովսէփեանի «Միլլի շարժումը Կ. Պոլսի «Ճակատամարտ» եւ «Ժամանակ» օրաթերթերի էջերում (1919-1920 թթ.)» յօդուածներու եզրափակիչ հատուածները: Իրարմէ միանգամայն տարբեր երկու այս թեմաներուն վերաբերեալ հեղինակները կը ներկայացնեն մանրամասն ուսումնասիրութիւններ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան թէʹ մասնագէտ, եւ թէ պատմութեամբ հետաքրքրուող հանրութեան համար:

«Դրօշակ»-ի 2022-ի երկրորդ թիւը կրնաք կարդալ սեղմելով.

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.