Լոյս տեսած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026 թուականի երրորդ համարը
- (0)

Լոյս տեսած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026 թուականի մարտ ամսուայ համարը՝ իր էջերուն մէջ ամփոփելով Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի վերջին զարգացումները, տարածաշրջանային տագնապներն ու ազգային յիշողութեան առնչուող կարեւոր իրադարձութիւնները։
Թիւի առաջնորդող յօդուածը կը կեդրոնանայ Երեւանի մէջ վերջերս վերաձեւաւորուած «Հայաստան» դաշինքին վրայ, որուն շուրջ համախմբուած են ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ «Առաջ» կուսակցութիւնը՝ վարչապետի թեկնածու առաջադրելով ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը։ Ընտրական այս եռուզեռի նախաշեմին պաշտոնաթերթը հայ ընտրողին կը յորդորէ յստակեցնել այն չափանիշները, որոնց պէտք է տիրապետէ երկրի ղեկը ստանձնող անձը՝ դիմագրաւելու համար պետութեան առջեւ ծառացած ճակատագրական մարտահրավէրները։
Միաժամանակ, թերթի մշտական հեղինակ Անի Մելքոնեան խոր մտահոգութեամբ կը վերլուծէ իշխանութիւններուն կողմէ առաջարկուող սահմանադրական նոր նախագիծը, զայն որակելով իբրեւ պետութեան հայկական դիմագիծի «մահուան վկայական»։ Քաղաքական այս անդրադարձներուն կողքին, «Դրօշակ»-ը նաեւ անդրադարձած է տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական բարդ կացութեան։ Քաղաքագէտ Վահէ Դաւթեանի, ինչպէս նաեւ իրանագէտներ Լիանա Պետրոսեանի եւ Նարէ Գէորգեանի վերլուծումները լոյս կը սփռեն մեր շրջապատին մէջ բռնկած պատերազմական իրավիճակին եւ անոր՝ Հայաստանի վրայ ունենալիք հաւանական ազդեցութիւններուն վրայ։
Պատմական յիշողութեան ծիրէն ներս, նորատիպ համարը յատուկ տեղ կը յատկացնէ 1920 թուականի Շուշիի ջարդերուն, որոնք ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեանի կողմէ կը ներկայացուին իբրեւ Ատրպէյճանի ոճրագործութիւն՝ իրականացած անգլիական կողմի թոյլտուութեամբ։ Նոյնպէս, Քրիստափոր Միքայէլեանի մահուան տարելիցին առիթով, Թեհրանի «Ալիք» թերթի խմբագիր Արամ Շահնազարեանը կը վերլուծէ ՀՅԴ հիմնադիրի գաղափարական հայեացքները՝ շեշտելով անոնց այժմէականութիւնը ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի պահպանման գործին մէջ։
Համաստեղի գրիչով ներկայացուած է նաեւ Վահան Նաւասարդեանի կերպարը, մինչդեռ Անժելա Յարութիւնեանը կը քննադատէ իշխանութիւններու այն փորձերը, որոնք կը միտին լռեցնել գիտակրթական վերնախաւը եւ խարխլել ազգային դաստիարակութեան հիմքերը։
Այս նոր համարով «Դրօշակ»-ը կը շարունակէ հանդիսանալ ազգային-քաղաքական միտքի դարբնոց՝ ընթերցողին ներկայացնելով անցեալի դասերն ու ներկայի հրամայականները։