Լիլիթ Գալստեան պատրաստակամութիւն յայտնած է անձամբ մեկնելու Պաքու
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան հրատապ մարդասիրական դիմումով ԵԱՀԿ ԽՎ-ին առաջարկած է կազմակերպել պատուիրակութեան այցելութիւն Պաքու՝ այնտեղ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ այլ կալանաւորներուն վիճակը գնահատելու նպատակով։
Գալստեան ընդգծած է, որ արդէն երեք տարիէ ի վեր Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիներու եւ կալանաւորներու դատավարութիւնները կ՚ընթանան փակ դռներու ետին, իսկ անոնց ընտանիքները զրկուած են այցելութեան հնարաւորութենէն։ Ան նաեւ նշած է, որ շուրջ մէկ տարիէ ի վեր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն եւս մուտք չէ ունեցած կալանաւորներուն մօտ։
Դիմումին մէջ Գալստեան ԵԱՀԿ ԽՎ-ին կոչ ուղղած է ապահովելու մարդասիրական առաքելութիւն մը՝ հայ կալանաւորներուն հետ հանդիպելու եւ անոնց մարդու իրաւունքներու ու մարդասիրական վիճակը ստուգելու համար։
«Պատրաստ եմ նաեւ անձամբ եւ մինակ մեկնելու Պաքու», շեշտած է Գալստեան՝ նշելով, որ նախաձեռնութիւնը քաղաքական չէ, այլ՝ մարդասիրական քայլ, որ կրնայ նպաստել վստահութեան ձեւաւորման եւ իրական խաղաղութեան գործընթացին։