Լիլիթ Գալստեան՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահի թեկնածու
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովը կը քննարկէ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի թեկնածութեան հարցը։ Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը պաշտօնին առաջադրած է պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը։
Իր ելոյթին մէջ Գալստեան կոշտ քննադատութեան ենթարկեց Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակը՝ անդրադառնալով քաղաքական հետապնդումներուն, դատական համակարգի անկախութեան, ոստիկանութեան գործողութիւններուն եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ զարգացումներուն։
Ան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը «ոչ մէկ աղերս ունի ո՛չ իրաւական, ո՛չ ժողովրդավարական պետութեան հետ»՝ իր գնահատականներուն իբրեւ հիմնաւորում յղում կատարելով նաեւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու զեկոյցներուն։
Գալստեան Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի գործը որակեց քաղաքական հակառակորդները լռեցնելու փորձ, իսկ քաղաքական ճնշումներու շարքին յիշատակեց նաեւ Սամուէլ Կարապետեանի, Աւետիք Չալաբեանի, Գագիկ Ծառուկեանի եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ Իգոր Սարգսեանի դէմ իրականացուած հետապնդումները։
Ընդդիմադիր թեկնածուն նշեց նաեւ, որ ընտրուելու պարագային յանձնաժողովի առաջնահերթութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։
«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութենէն Լիլիթ Մինասեան յայտնեց, որ Գալստեանի թեկնածութեան վերաբերեալ խմբակցութիւնը տակաւին որոշում չէ կայացուցած։