Լիբանան Վերապահութիւն Յայտնեց Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Նիստին Ներկայացուած Ազրպէյճանամէտ Նախագիծերուն Նկատմամբ

21-22 յունիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 51-րդ նիստը։

Նիստի մասնակից Լիբանանի պատուիրակութիւնը վերապահութիւն յայտնեց «Հայաստանի Հանրապետութեան` Ազրպէյճանի Հանրապետութեան վրայ յարձակումի հետեւանքներու վերացում» նախագիծին, ինչպէս նաեւ «1992-ի Խոջալուի ջարդի զոհերուն զօրակցութիւն» եւ «Հայաստանի ներկայ տարածքէն բռնի եւ կանոնաւոր կերպով տեղահանուած ազրպէյճանցիներու տունդարձի իրաւունք» նախագիծերուն նկատմամբ։

Լիբանան նաեւ Եգիպտոսի, Իրաքի, Սէուտական Արաբիոյ, Քուէյթի եւ Պահրէյնի կողքին վերապահութիւն յայտնեց Կիպրոսի մէջ կացութեան վերաբերեալ եւ «Արեւմտեան Թրակիոյ թուրք իսլամ փոքրամասնութեան եւ Դոդեկանիզի իսլամ բնակչութեան կարգավիճակ» նախագիծերուն նկատմամբ։