Լիբանանի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու միացեալ հաղորդագրութիւն

Երէկ` հինգշաբթի, 11 յունիսին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին անդրադարձան Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ ընկերային կացութեան: Անոնք անդրադարձան նաեւ ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած նիւթերու, ուր այսպէս կոչուած Լիբանանեան-արաբական մարտալլիական միութեան անդամ անձ մը կը գործածէ հայ համայնքին դէմ գրգռիչ արտայայտութիւններ, որոնք չեն նպաստեր պահպանելու կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը, մանաւանդ ներկայ ժամանակաշրջանին, երբ երկիրը կը գտնուի զգայուն եւ ճակատագրական փուլի մը մէջ:

Այս անպատասխանատու անձը կը փորձէ խաղալ համայնքային եւ յարանուանական լարին վրայ ահաբեկչական այնպիսի բառամթերքով, որ սադրանք կը հրահրէ երկրի զաւակներուն միջեւ, միաժամանակ ան կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ իրագործուած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ` նկատելով, որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը «արդարացի է» եւ արտայայտելով իր ատելութիւնը հայութեան նկատմամբ:

Այս արտայայտութեամբ ան կը թուի դատապարտել եւ ընդդիմանալ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ 2000-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, որուն 20-ամեակը կը զուգադիպի այս տարի, կը թուի նաեւ, որ ան խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ լիբանանցի ժողովուրդին արժանապատուութիւնը:

Այս առիթով հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները կարեւոր կը նկատեն այս անձին դատական հետապնդումը եւ լիբանանեան պետութենէն կը պահանջեն համապատասխան միջոցառումները որդեգրել անոր նկատմամբ ու ամէնէն արագ միջոցին պատժել զայն:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները հայ համայնքի բոլոր զաւակներուն կոչ կ՛ուղղեն այս փուլը ամենայն լրջախոհութեամբ շրջանցելու եւ չիյնալու համայնքայնութեան եւ սադրանքներու թակարդներուն մէջ, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալու Դատի նահատակներուն եւ ճշմարտութեան ու մեր սիրելի հայրենիք Լիբանանին:

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները կը հաւատան, թէ Լիբանանը համակեցութեան երկիրն է, եւ հայ համայնքը էր, կը մնայ եւ մի՛շտ պիտի մնայ յարգալից լիբանանեան բոլոր համայնքներուն եւ անոնց իւրայատկութիւններուն նկատմամբ, ինչպէս որ արժանացած է բոլոր համայնքներու յարգանքին:

Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին կողք-կողքի կանգնելու եւ ազգային միասնականութիւնը դրսեւորելու` յաղթահարելու համար երկրին դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւնները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.