Լեւոն Հայրապետեան հայորդին

Այդ օրերուն, մամլոյ աղբիւրները կը գուժէին մահը Լևոն Հայրապետեանի, իսկ մենք յանկարծ կ՚անդրադառնայինք, որ մեր ազգային ինքնավստահութեան համակարգէն բան մը կը պարպուէր մէկ ակնթարթի մէջ։ Բարոյական ու՛ժ մը՝ որ իր քանի մը անսեթևեթ բառերով կրնար երաշխաւորել մեր յաւերժութիւնը…Այն քիչերէ՛ն՝ որ իր կենդանի գործով ծաղրուծանակի կ՚ենթարկէր «կարելիի արուեստն ու փիլիսոփայութիւնը» և առանց տատամսելու կ՚անցնէր անդին։ Այսինքն կը կերտէր իր ուրոյն կարելին բոլոր շինծու անկարելիներու նախանիւթերը խառնելով իր շաղախին։

Ես առաջին անգամ ճանչցայ Լևոնը միջազգային առևտուրի անհանգիստ օղակներուն մէջ։ Կը գտնուէինք բանակցութեան հակառակ կողմերուն վրայ։ Ես կը ներկայացնէի այն ընկերութիւնը, որուն կապուած էր իմ ասպարէզս և որ կը գործէր համաշխարհային շուկայի բազմաթիւ իրերահաղորդ հարթակներէն։ Իսկ ինք կը ներկայացնէր ինքզինք…իր պարզուկ հայու խորամանկ ժպիտով։ Մենք ամբողջ խումբ մըն էինք մեր լրացուցիչ մասնագիտութիւններով։ Իսկ ինք պարզապէս ի՛նքն էր որպէս անհասկնալի գումարը հայ առևտրական մարդու բոլոր յատուկ բաղադրիչներուն։ Ետ ու առաջ քննարկումներու կարգով, երբ ես կը խօսէի, սեղանին միւս կողմը կար իր զինաթափող ժպիտը, որ ըսել կ՚ուզէր՝ «այս անունով և այս ազգանունով մարդը ի՞նչ գործ ունի հոս…»։ Իսկ ես իմ խօսքերուս ետևէն կ՚ընբոշխնէի «գործի մարդու» իր տեսակը, որ ինծի կը յիշեցնէր մեր առևտրական գերդաստանի հիները իրենց անկաշկանդ երևակայութեամբ և անզուսպ հնարամտութեամբ։

Յետագային ես պիտի ճանչնայի միւս Լևոնը։ Հայրենիքի զինուո՛րը։ Մաքուր, մաքրամաքուր, անկաշառ, անխաթար, անընկրկելիօրէն լաւատես և հայրենասէր և ճոխակեցութեան մէջ անհունօրէն պարզակենցաղ հայորդի՛ն՝ որ ինքզինք դրած էր Արցախի ազատագրական պայքարի պատնէշներուն վրայ հոնկէ վար չիջնելու վերջնական որոշումով։

Յաճախ կը խօսուի Լևոնին մասին Արցախի դատին նեղ հայրենակցական նուիրումով միայն կառչած ըլլալու վերագրումներով։ Արդար չէ այս վերագրումը։ Կասկած չկայ, որ Արցախի լինելիութիւնը ապահովելու խնդիրը կեդրոնական տեղ ունէր Լևոնի մտքին մէջ և այդ գործին համար բացարձակապէս ամբողջական և անսակարկ էր իր նուիրումը։ Բայց նաև ան խորապէս կ՚ըզգար, որ Արցախի դատը անքակտելի մասն էր Հայ Դատի մեծ պահանջատիրութեան և այդ իսկ պատճառով ինք վճռած էր ամէն ինչ ընել, որ մենք նախ և առաջ մեր յաղթանակին տէր կանգէինք Արցախի՛ մէջ։ Ինք համոզուած էր որ որևէ նահանջ կամ պարտութիւն Արցախի մէջ ճակատագրական պիտի ըլլար Հայ Դատի ամբողջական ռազմավարութեան համար։

Լևոնին խօսքը շատ պարզ էր և ան հնչեց մեծ յստակութեամբ։ Հիմա այլևս չկայ ինք։ Եւ ով գիտէ ուժային ո՞ր անթափանցելի համակարգի հաշիւներուն որպէս զոհ։ Բայց կայ իր օրինակը։ Կայ իր մտքին և սրտին վկայութիւ՛նը։ Մեր անկախ պետականութեան լինելիութեան իր անգիր և վճիտ վարդապետութիւ՛նը՝ որ գոյութիւն ունի խօսքերէն անդին իր ճառագայթող գործով և իր տոկուն անհատականութեա՛մբ։ Յարգա՜նք իր յիշատակին։

Կարօ Արմենեան
Նոյեմբեր 16, 2017
Ուաշինկթըն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.