Լեռնիկ Յովհաննիսեան նշանակուած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար

Նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 2-ին ստորագրած է հրամանագիր մը, ըստ որուն Սերգէյ Շահվերտեանը ազատ կացուցուած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնէն՝ իր դիմումին համաձայն։

Երկրի ղեկավարի մէկ այլ հրամանագիրով՝ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար:

Նոյն օրը նախագահ Սահակեան այցելած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւն ու աշխատակիցներուն ներկայացուցած է համակարգի նոր ղեկավարը՝ մաղթելով անոր արդիւնաւէտ աշխատանք:

Երկրին ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Սերգէյ Շահվերտեանին՝ անոր գործունէութեան համար:

Նշենք, որ Լեռնիկ Յովհաննիսեան ՀՅԴ-ի Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ է։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.