Լաւրովը կը բացառէ Հայաստանի զուգահեռ անդամակցութիւնը ԵԱՏՄ-ին եւ ԵՄ-ին
- (0)

«Ամէն մարդ, որ ծանօթ է Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպական միութեան գործունէութեան սկզբունքներուն, կը գիտակցի, որ անկարելի է անցնիլ ԵՄ չափանիշներուն՝ միեւնոյն ժամանակ մնալով ԵԱՏՄ-ի անդամ»,— այսօր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը՝ մեկնաբանելով Հայաստանի ԵՄ անդամակցութեան հեռանկարները։
«Այս հարցը բազմիցս քննարկած եմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ ԵՄ-ին եւ ԵԱՏՄ-ին միաժամանակ անդամակցութիւնը անկարելի է եւ ոչ միայն առեւտրական եւ ներդրումային քաղաքականութիւններու ոլորտին մէջ գործող, իրարու հետ չհամապատասխանող նորմերու պատճառով։ Կան բազմաթիւ այլ հարցեր, որոնց շարքին էն արտաքին քաղաքականութեան ամբողջական վերափոխումն ու օրէնսդրական չափանիշերու վերամշակումը»,— նշած է Լաւրով։
«Հետեւաբար, շարժումը դէպի ԵՄ անդամակցութիւն (որուն մասին նաեւ համապատասխան օրէնքներ ընդունուած են) չի կրնար համատեղուիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան հետ»,— եզրափակած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը։