Լաւալի քաղաքապետութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը պիտի տեղափոխէ parc des Coccinelles
- (0)

Ապրիլ 24-ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը, Լաւալի քաղաքապետութիւնը կը յայտարարէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը պիտի տեղափոխուի parc des Coccinelles. Յուշարձանը 2013-ին տեղադրուած էր Daniel Johnson Boulevard-ի կից տարածքին մէջ։ Յուշարձանը գանատահայ քանդակագործ Արտօ Չաքմաքչեանի ստեղծագործութիւնն է։
Քաղաքապետութեան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ նոր կայքի որոշումը կայացած է քաղաքապետարանի եւ Լաւալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ փոխադարձ համաձայնութեամբ։ Կը նշուի նաեւ, որ Լաւալի քաղաքապետութիւնը կը ստանձնէ տեղափոխման աշխատանքերուն եւ նոր վայրին մէջ տեղադրուած յուշարձանի պահպանման եւ հոգատարութեան պատասխանատուութիւնը: Յուշարձանին վրայ արձանագրուած յուշագրութիւնն ու մակագրութիւնը պիտի մնան անփոփոխ։
Քաղաքապետ Սթեֆան Պոյեր այս առթիւ յայտնած է, որ յուշարձանին աւելի յարմար եւ մատչելի կայք տրամադրելով քաղաքապետութիւնը կը վերահաստատէ հայ համայնքին հետ իր համեարշխութիւնը եւ արդարութեան արժէքներուն հանդէպ իր հաւատարմութիւնը։
Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սեդա Թօփուզեան անդրադառնալով այս իրադրութեան յայտնած է, որ նոր վայրին մէջ յուշարձանին տեղադրումը գալիք սերունդներուն համար պիտի փոխանցէ պատմական յիշողութիւնը։
Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի Լաւալի միացեալ յանձնախումբի նախագահ Սարգիս Եագուպեան իր կարգին նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակին նուիրուած յուշարձանը խորհրդանիշն է այն իրողութեան, որ մարդկութեան դէմ նման յանցագործութիւններ երբեք չկրկնուին։
Հաղորդագրութեան բնագիրը կարդալ հոս.