Լաւալի մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռք ինքնութիւն/այլութիւն» Բ. հատորի ներկայացում

ԼԱՒԱԼ.- Կազմակերպութեամբ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, հինգշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լաւալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Աւ. Քհն. Գոյունեանի խմբագրած, «Բան եւ գիր» մատենաշարի թիւ 12 հրատարակութեան՝ «Սփիւռք ինքնութիւն/այլութիւն» Բ. հատորին ներկայացումը:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Տունկեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Գիրք մը գրելը, պատրաստելը կամ ընթերցողին ներկայացնելը ինքնին արժէքաւոր աշխատանք է։ Ան կը պահանջէ ժամանակ, պրպտում, մտածում եւ հաւատք, որ գրուած խօսքը պիտի հասնի ընթերցողին, պիտի արթնցնէ հետաքրքրութիւն, պիտի փոխանցէ գիտելիք եւ գուցէ նոյնիսկ պիտի փոխէ մտածելակերպ մը», ապա յայտնեց, թէ գիրքի այդ օրուան վաճառքին հասոյթը Տէր Գառնիկ պիտի նուիրէ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ աւելցուց. «Այսօր այս գիրքը պիտի գտնէ իր ընթերցողները, անոր էջերը պիտի փոխանցեն իրենց պատգամը, իսկ անոր հասոյթը պիտի վերածուի եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Այսպիսով, գիրքին արժէքը պիտի շարունակուի նաեւ իր էջերէն անդին»: Անկէ ետք Տունկեան ընթերցեց գիրքը ներկայացնող պարոն Կարպիս Մէշէֆէճեանի հակիրճ կենսագրականը:

Սահիկներու ցուցադրութեամբ եւ անոնց մասին մեկնաբանութիւններով պարոն Մէշէֆէճեանի ներկայացումը սկիզբ առաւ նախ Տէր Հօր հակիրճ կենսագրականի ներկայացմամբ, որմէ ետք ան ըսաւ. «Տէր Հայրը կը գրէ սրտաբուխ, ո՛չ ստիպողական կամ նիւթական շահերու միտումով: Ան հովուական իր բոլոր պարտականութիւններուն կողքին ժամանակ կը տրամադրէ ու կը գրէ: Այլ խօսքով՝ մտաւորական աշխատանք կը տանի. իր մէջ կայ եռանդ մը, փափաք մը գրելու՝ իւրայատուկ մեթոտով մը լոյս սփռելու,  լուսաւորելու, միտքեր մտաբերելու…»:

Գիրքին առաջին եւ երկրորդ հատորներուն մասին Մէշէֆէճեան ըսաւ. «Առաջին հատորը կ’ամփոփէ ինքնութեան եւ սփիւռքի աւանդական հայեացքները: Ան հրապարակագրական բնոյթ ունի. գաղափարաբանական յօդուածներ են: Երկրորդ գիրքին յօդուածները կը ձգտին փնտռել ինքնապահպանման մարդկային նոր եզր մը: Ան մտածողական, վերլուծական եւ գիտական է: Կը պարբակէ իմաստասիրական/փիլիսոփայական յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ»: Ապա անդրադարձաւ գիրքի առաջին մասը կազմող Վահէ Օշականի եւ երկրորդ մասը կազմող Խաչիկ Թէօլէօլեանի յօդուածներուն եւ կատարեց համապատասխան մեկնաբանութիւններ եւ մէջբերումներ, յայտնեցլով որ Օշական իր յօդուածներուն մէջ Սփիւռքի բնազանցութիւն (metaphysics) կատարած է, իսկ Թէօլէօլեանի յօդուածները Սփիւռքի մասին գիտականօրէն տեսաբանութիւն են:

Ան Օշականի գրութիւններուն եզրակացութեան մէջ յիշուած Լուսաւորչի Կանթեղի խորհուրդը հետեւեալ ձեւով մեկնաբանեց. «ա) Անշէջ լոյսի խորհրդանիշ. Լուսաւորիչի կանթեղը կը խորհրդանշէ հայ ժողովրդին հաւատքը, յոյսը եւ անմահութիւնը։ Ան կը վառի առանց ձէթի ու պատրոյգի, կը սնուի սուրբի արցունքներով։ բ) Անհասանելիութիւն. ըստ գրութեան՝ այդ կանթեղը կը տեսնուի միայն մաքուր, անմեղ եւ արդար մարդկոց կողմէ։ Ովքեր կասկածով կամ մեղաւոր մտքերով կը նային, չեն կրնար տեսնել զայն։ գ) Յաւերժական ներկայութիւն. Թումանեանը կը շեշտէ, որ այդ կանթեղը դարեր շարունակ կը հսկէ հայոց աշխարհին վրայ եւ երբեք չի հանգչիր, քանի դեռ աշխարհին մէջ կայ արդարութիւն ու յոյս»: Իսկ Թէօլէօլեանի գրութիւնները եզրակացուց իրարու վրայ գուրգուրալու եւ զանազանութիւններու ընդմէջէն ամբողջականութեան ձգտելու խորհուրդով:

Գիրքին խմբագիրն ու երրորդ բաժնին՝ վերլուծական անդրադարձներուն հեղինակը՝ Տէր Գառնիկ, խօսք առնելով հակիրճ բացատրական մը տուաւ երկու մտաւորականներուն յօդուածներուն մասին իր «Վահէ Օշական՝ Իմ սիրելի սփիւռքս» եւ «Խաչիկ Թէօլէօլեան եւ սփիւռքագիտութիւնը» խորագրեալ անդրադարձներուն մասին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան, գիրքերու մակագրում-վաճառք եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
«Հորիզոն մետիա»