Լաւալի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի շրջակայ այգին վերանուանուեցաւ «Յոյսի այգի»
- (0)

Լաւալի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի շրջակայ այգին պաշտօնապէս վերանուանուեցաւ «Յոյսի այգի» (parc de l’Espoir)։ Վերանուանումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման ծիրէն ներս՝ շեշտելով այգիին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանին նշանակութիւնը։
Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի հայազգի անդամ Սեդա Թոփուզեան յայտնեց, որ այս քայլը մեծ նշանակութիւն ունի Լաւալի հայ համայնքին համար եւ կը մարմնաւորէ համայնքին հանդէպ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան եւ արդարութեան արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութիւնը։
Թոփուզեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն եւ Լաւալ քաղաքի վարչակազմին՝ նախաձեռնութեան իրականացման համար ցուցաբերուած համագործակցութեան եւ կատարուած աշխատանքին համար։ Սոյն աշխատանքին մէջ առաջատար դեր ունեցած է նաեւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբը։