Լաւագոյն բարենիշը
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Յունիսի 17-18 շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի նախ Բաստրմաճեան երկրորդականի ապա Վարգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան նախակրթարանի ամավերջի հանդէսները։ Վստահ եմ այդ մասին թղթակցութիւններ լոյս կը տեսնեն, սակայն կարելի չէ անտարբեր մնալ ի տես կարգ մը երեւոյթներու,– յատկապէս մէ՛կ կարեւոր երեւոյթի,– որոնց կ՚ուզեմ անդրադառնալ այս սիւնակին մէջ։
Երկրորդականի այս տարուան հունձքը՝ 54 աշակերտ-աշակերտուհի, մկրտուեցան Սօսէ Մայրիկի անունով։ Այս կը հանդիսանայ շարունակութիւնը աւանդութեան մը, ըստ որուն շրջանաւարտներու իւրաքանչիւր խումբի կը շնորհուի ոչ միայն անուն մը, այլ նաեւ այդ անուան առնչուած նպատակ մը, առաքելութիւն մը։ Հերոս հայ կնոջ անունը ոչ միայն յանդգնութեան, քաջութեան, այլեւ մինչեւ վերջին շունչ ազգին պաշտպանութեան, ազգին ծառայութեան նուիրուելու յանձնառութեան խորհրդանիշ մըն է, որ ահա աւանդ կը տրուի մեր նոր սերունդին։ Ան նաեւ վկայութիւնն է այն ոգիին, որ կը տիրէ կրթական այս հաստատութենէն ներս, եւ ոչ միայն հաստատութեան, այլեւ անոր զօրավիգ կանգնած համայնքին։
Այդ ոգիով էր, որ 67 տարի առաջ (1956), գնդամուղի սեղանի մը շուրջ, տասնեակ մը աշակերտներով ստեղծուեր էր միօրեայ վարժարան մը, 1959-ին դառնալով Սուրբ Յակոբի (ներկայիս «Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան») շաբաթօրեայ վարժարանը, 52 տարի առաջ (1971)՝ Արարատ ամառնային ճամբարը, 50 տարի առաջ (1973)՝ ՀՕՄ-ի (CPE St-Jacques) ծաղկոցը, 49 տարի առաջ (1974)՝ ամենօրեայ վարժարանը եւ վերջապէս 2007-ին «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» անունով կնքուած մանկամսուրը։
Կը տեղեկանանք, որ «Սօսէ Մայրիկ» հունձքի 54 աշակերտ-աշակերտուհիներէն 51-ը իրենց ուսումը կը շարունակեն իրենց ընտրած նախահամալսարանական բարձրագոյն կրթարաններուն (գոլեժներուն) մէջ։ Ասիկա վարժարանին համար պատուաբեր յաջողութիւն է։ Որեւէ կրթական հաստատութիւն նման արդիւնքով հպարտ պիտի զգար մեծապէս, մինչ Սուրբ Յակոբի համար բնական երեւոյթ կը նկատուի այդ։ Աւելցնեմ, որ այդ աշակերտներէն 20-ը ձեռք ձգած են 85% կամ աւելի բարձր ընդհանուր միջին, ինչ որ նոյնպէս շատ քաջալերական երեւոյթ մըն է։
Այս դրական արդիւնքներուն համար շնորհաւորելի են առաջին հերթին իրե՛նք՝ աշակերտները, իրենց ունեցած կարողութիւններուն ու տարած աշխատանքին համար, տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը՝ իրենց սպառած շունչին ու թափած քրտինքին համար, եւ ի հարկէ ծնողները՝ իրենց յանձն առած զոհողութիւններուն ու զաւակներուն հանդէպ ցուցաբերած անսակարկ հոգատարութեան ու քաջալերանքին համար։
Բայց կայ աւելին. 54-էն 29-ն Սուրբ Յակոբի կրթարաններու աշակերտ են հանդիսացած մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդականի աւարտը։ Սա ինքնին խօսուն վկայութիւնն է այն վստահութեան, որ ծնողները տածած են ու կը տածեն այս հաստատութիւններուն նկատմամբ (մինչ ուրիշներ հասկնալի, բայց յաճախ ալ անհասկնալի պատճառներով իրենց զաւակները երբեք Սուրբ Յակոբի կամ գաղութի այլ հայկական վարժարանները չեն ուղարկեր կամ մասնակի կ՚ուղարկեն, հուսկ կը յանձնեն օտար վարժարան)։ Անշուշտ այդ 29-էն զատ միւս աշակերտները աւելի մեծ տարիքի գաղթած են Մոնթրէալ ու յաջողած միանալ իրենց տարիքի կարգերուն, նոյնիսկ յատուկ ճիգ թափելով, որպէսզի տիրապետեն վարժարանի ուսման գլխաւոր լեզուին՝ ֆրանսերէնին։ Նշենք նաեւ, որ այս վերջիններուն մէջ կային ոմանք, որոնք այդպէս օտար վարժարան ղրկուելէ ետք, մերժած են հոն շարունակել իրենց ուսումը ու պնդած են գալ կամ վերադառնալ Սուրբ Յակոբ՝ նոյնպէս յատուկ ճիգերով ամրապնդելով իրենց պակսող հայերէնի հմտութիւնը։ Այս ալ յիշատակման արժանի այլ երեւոյթ է։
Ընդգծելի է սակայն մէկ ուրիշ երեւոյթ, որուն կ՚ուզեմ անպայման անդրադառնալ։
Մեր այդ 54 շրջանաւարտներուն կէսը զաւակներն են Սուրբ Յակոբի նախկին շրջանաւարտներու կամ թերաւարտներու։ Այս վերջիններէն մէկ քանիին ալ արդէն թոռնիկները կը բախեն մանկամսուրի կամ ծաղկոցի դռները։ Այդ ծնողները, որոնք օրին տիրանալով իրենց պատշաճ նախակրթութեան, յաջողութեամբ շարունակած են իրենց ուսումը, ձեռք ձգած բարձրագոյն վկայականներ ու հմտութիւններ, մտած կեանքի ասպարէզ ու դարձած յաջողակ քաղաքացիներ, այլեւ իրենց մասնագիտութեան մէջ ականաւոր դէմքեր, ամենայն վստահութեամբ ահա իրենց զաւակներն ալ յանձնած են իրենց մայր կրթարանին (alma mater) եւ այսօր անոնց յաջող շրջանաւարտութեամբ կը ստանան իրենց գոհունակութիւնը։ Աւելցնենք, որ այդ ծնողներէն ալ շատեր ներկայիս արդէն իրե՛նք ստանձնած են համայնքի ղեկավարութիւնը՝ տարբեր կազմակերպութիւններու ճամբով, նոյնիսկ գաղութէն ալ անդին՝ շրջանային թէ համահայկական առումով։
Ա՛յս է գլխաւոր բարենիշը, որուն կ՚արժանանան վարժարանը ինքը եւ այդ վարժարանը ոտքի պահող համայնքը։
Մեր ակնկալութիւնն ու յոյսն է, որ այդ բարենիշը կարելի ըլլայ պահել «Սօսէ Մայրիկ» հունձքին ալ գալիք ներդրումներով։ Եւ յաջորդ հունձքերուն…
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Comments are closed.