Ի Տէր հանգեցաւ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան
- (0)

Երկուշաբթի, 26 յունուարին, Թորոնթոյի մէջ վախճանած է Թորոնթոյի հայ կաթողիկէ համայնքի երկարամեայ հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեանը։
Ծնած է 1939-ին՝ Պէյրութ, Լիբանան։ 1957-ին աւարտելէ ետք միջնակարգ ուսումը, զայն շարունակած է մինչեւ 1963՝ Հռոմի Պապական Գրիգորեան համալսարանին մէջ։ Ան քահանայ ձեռնադրուած է 25 դեկտեմբեր 1962-ին։ 1964-էն մինչեւ 1973 ծառայած է Միջին Արեւելքի մէջ՝ հովուական առաքելութիւններով, ապա փոխադրուած է Գանատա, ուր 1973-ին հիմնած է Թորոնթոյի հայ կաթողիկէ ծուխը։
Տասնամեակներ շարունակ իր նուիրական ծառայութեան ընթացքին Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Գիրէջեան առանցքային դեր ունեցած է Գանատայի մէջ հայ կաթողիկէ կեանքի զարգացման ու ամրապնդման մէջ։ 1980-ին հիմնած է հայ կաթողիկէ շաբաթօրեայ դպրոցը, իսկ 1990-ին՝ շաբաթօրեայ միջնակարգ դպրոցը։ Վախճանեալ հայր սուրբին ջանքերուն շնորհիւ՝ 1993-ին համայնքը ականատես եղաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման, որուն յաջորդեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը՝ 2002-ին, եւ Հայոց Այբուբենի յուշարձանը՝ 2012-ին։
«Հորիզոն»-ի խմբագրութիւնն ու անձնակազմը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հայ կաթողիկէ համայնքին, ինչպէս նաեւ հանգուցեալի ընտանիքին եւ հարազատներուն։