Ի ՅՈՒՇ. Ազգային (Խոնարհ) Հերոս՝ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»

ՍԻԱՄԱՆԹՕ

Գոյժը ընկերային ցանցերուն վրայ արդէն իսկ տարածուած էր, երբ չուշացաւ պաշտօնական մահազդը.

«ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ցաւով կը գուժէ դաշնակցական հաւատաւոր ընկեր, մտաւորական, հասարակական ու ազգային գործիչ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայակերտման օճախներ՝ վարժարաններ բանալու գաղափարի ռահվիրայ եւ առաջին հայկական դպրոցին՝ Ֆերահեան ազգային վարժարանի հիմնադիր-տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 14 Ապրիլ 2019ին: Շրջանիս բոլոր ընկերները կը սգան գաղափարական գործիչին մահը եւ կը կիսեն անոր ընտանեկան պարագաներուն վիշտը»:

0710arflogoԱյս տողերուն մէջ կար մէկ մեծ «սխալ»,- սուգը միայն Շրջանի ընկերներուն չէր վերաբերեր՝ միայն ընկերները չէ, որ պիտի սգային, միայն Շրջանը չէր… Սուգը բոլորինս է, համայն հայութեան, որովհետեւ գաղափարական գործիչէ մը աւելի՝ ազգային հերոս մըն էր, որ կը բաժնուէր մեզմէ, այո՛, ազգային, որքան ալ խոնա՛րհ հերոս մը։

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան. գուցէ ոմանց կամ շատերու համար արդէն անարդարօրէն անծանօթ անուն մը, որ սակայն պէտք է իր արժանի տեղը գրաւէ հայոց տարեգրութեան մէջ։

Այդ անունը անծանօթ չէր մեզի, երբ 1973ին հիմը կը դրուէր Սուրբ Յակոբի ՀՕՄի ծաղկոցին ու տարի մը ետք՝ նախակրթարանին։ Անծանօթ չէր, որովհետեւ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջին ամէնօրեայ վարժարանը բանալու իր յաջողութիւնը մեզ ալ խթանած էր, որ չընկրկինք ու անվհատ հետապնդենք մեր գաղութը իր գոյապահպանման ամէնէն կարեւոր կռուանով օժտելու նպատակը։

Բայց ո՞վ էր 1930ին Քեսապ ծնած այդ «խենթ» հայորդին։

Շնորհակալ պէտք է ըլլալ Պօղոս Շահմելիքեանին, որ գրեց «Դպրոցի Մը Պատմութիւնը» յօդուածաշարքը, որուն ամբողջութիւնը կարելի է կարդալ «Ասպարէզ»ի 2019 Ապրիլ 6ի կայքին վրայ (տես http://asbarez.com/arm/341965/)։ Այդ դպրոցը Ֆերահեանն է։ Յօդուածագիրը տեսնուեր էր ընկ. Ինճէճիկեանի հետ ու քանի մը ուրիշ վկաներու հետ, ու անոր մահէն քիչ առաջ լոյս ընծայեր իր գրութիւնը, ուր թէ՛ անոր կենսագրութեան, թէ ալ դպրոցի հիմնադրութեան վերաբերեալ բաւական մանրամասնութիւններ կը գտնենք։

Գաբրիէլ Ինճէճիկեան այն խենթն էր, որ, ինչպէս տակաւին յիշողներ կան, Ամերիկայէն Պէյրութ գնաց ու հո՛ն հանգանակութիւն ըրաւ Նոր աշխարհին մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարան բանալու համար։

Ան Քեսապէն դուրս գալով, իր ուսումը շարունակած էր Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանին մէջ, ապա Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին։ Այդ օրերուն, ի զարմանս բոլորին, ան հաստատած էր չափահասներու համար գիշերային դասընթացքներ, որպէսզի ուսանելու առիթէն զրկուած երիտասարդներ կարենան զարգանալ։

Շահմելիքեան կը գրէ. «1953ին բարձրագոյն ուսումը շարունակելու միտումով կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ եւ կը յաճախէ Տիթրոյիթի «Ուէյն» համալսարանը, ուր կը հետեւի ընկերաբանութեան, մանկավարժութեան եւ դպրոցական տնօրէնութեան ճիւղերուն եւ կը ստանայ պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսի տիտղոսները»: Այդ շրջանին ալ կը դասաւանդէ թէ տեղական վարժարանի մը մէջ, թէ՛ ալ ՀՕՄի գիշերային վարժարանին։ Եւ կը համոզուի, որ ձուլման դէմ պատուարը միայն ամէնօրեայ հայ վարժարանը կրնայ ըլլալ Ամերիկայի մէջ։ Իբրեւ նախապատրաստութիւն, Գաբրիէլ Ինճեճիկեան նաեւ ձեռք կը ձգէ ուսուցչական ու տնօրէնութեան մագիստրոսի յաւելեալ վկայական՝ Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանէն։

Ամբողջ ոդիսական մըն է, վիպագրման արժանի, 1955ին Ուաշինկթընի մէջ ՀՅԴ Շրջանային ժողովին ամէնօրեայ վարժարանի հարցը օրակարգի վրայ դնելէն մինչեւ 1964ի Սեպտեմբերին Լոս Անճելըսի մէջ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի բացումը։

Այնտեղ մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս իր աներեր հաւատքով, աննկուն կամքով, անսպառ կորովով, նուիրումով ու զոհաբերութեամբ, այլեւ անսահման խոնարհութեամբ ան պիտի յաղթահարէ հաւաքական թուլամորթութիւնը, զգուշաւորութիւնն ու պահպանողականութիւնը, թերահաւատութիւնն ու պարտուողականութիւնը ու յաջողի իրագործել իր ու իրմէ առաջ այլ տեսանողներու չիրականացած երազը։ Միայն հետեւեալ տողը Շահմելիքեանի յօդուածէն ինքնին շատ խօսուն է. «Ինճէճիկեան տունէ-տուն պտըտելով՝ հայ աշակերտներ «կը մուրար»: Կը համոզէր, որ իրենց զաւակները հայկական վարժարան յաճախեն: Մեծամասնութիւնը դէմ էր»:

Յօդուածագիրը կ՛աւելցնէ. «Գաբրիէլ Ինճէճիկեան ամեն ինչ է՝ տնօրէն, ուսուցիչ, դպրոցական պասի շարժավար, ի հարկին, մինչեւ իսկ բաղնիքները ի՛նք կը մաքրէ՛ խնայելու համար դպրոցի պիւտճէն, իսկ նուիրեալ ուսուցիչներուն նիւթական արդար իրաւունքը շատ յաճախ անկարելի կ՛ըլլար գոյացնել, եւ անոնք իրենց ստանալիք չնչին գումարն անգամ սիրայօժար կը նուիրեն դպրոցին, իսկ Ինճէճիկեան ամսուան աւարտին տուն կը մեկնի «դատարկ գրպանով»»:

Կ՛արժէ նշել, որ իրմէ առաջ ուրիշ «խենթ» մը եղած է, որ ուզած է Ամերիկայի մէջ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններ հիմնել։ Այդ խենթը կր կոչուէր ընկ. Մատթէոս Ֆերահեան՝ ծնած Անգարա, 1870ին։ Ֆետայի, հետագային՝ իրաւաբան վկայուած Լոս Անճելըսի Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, 1955-ին կը մահանար առանց երկարամեայ երազը իրականացած տեսնելու։ Շահմելիքեան կ՛ըսէ. «Ֆերահեան ամոլը անզաւակ էր: Իրենց շքեղ բնակարանը կը կտակեն հայ ամէնօրեայ վարժարան մը հիմնելու ֆոնտին»։

Ինճէճիկեան աւելի ուշ կը տեղեկանար այս մասին ու կը յաջողէր կտակարարներէն ձեռք ձգել այդ հիմնադրամի երկու երրորդը իր հետապնդած վարժարանի հիմնադրութեան ի նպաստ,_ որով՝ դպրոցին անունակոչումը,_ միւս մէկ երրորդն ալ պիտի տրամադրուէր Մեսրոպեան վարժարանին, որ յաջորդ տարի պիտի բանար իր դռները։ Կտակարարները, որոնք նոյնպէս բարերարներ պիտի դառնային աւելի ուշ, իրենց ստանալիք շահաբաժինն ալ պիտի տրամադրէին նպատակին։

Աւելցնեմ, որ երբ Լեւոն Շանթ ու Սիմոն Վրացեան Ամերիկա կու գան Ճեմարանի ի նպաստ հանգանակութիւն ընելու, Շանթ կ՛անդրադառնայ, թէ նոյնքան հրամայական էր այստե՛ղ ճեմարան բանալը։ Բայց ան եւս, կամ նոյնինքն Համազգայինը չի յաջողիր այդ երազը իրականացնել։ Այդ կը վիճակուի Ինճէճիկեանին։

Սակայն մենք՝ յետնորդներս, պարտաւո՛ր ենք շարունակել երազել։

Այդ երազներէն մէկը Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ուսուցչանոցի մը հիմնումն է, որ կ՛ուզէր իրականացնել Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան երբեմնի ատենապետը՝ ողբ. բժ. Եղիկ Գոնիալեան։ Միւսը դպրոցական ցանցի զգալի ընդլայնումն է եւ հայեցի կրթութիւնը բոլորին մատչելի դարձնելու հնարաւորութեան ստեղծումը՝ «ամէն հայ աշակերտ հայկական վարժարանի մէջ» բնաբանով։

Առանց նման երազներու հետապնդման, Լեւոն Շանթերու, Մատթէոս Ֆերահեաններու կամ Գաբրիէլ Ինճէճիկեաններու մեծարումը կ՛ըլլայ ապարդիւն եւ անիմաստ։

Չենք կրնար չհամաձայնիլ Շահմելիքեանի հետ, որ «մէկական առաքեալներ էին Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւ Սիմոն Վրացեան: Առաքեա՛լ մըն է, նաեւ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան…»:

Եւ պիտի աւելցնեմ՝ ազգային հերո՛ս մը։

Արժանի՛ ըլլանք անոնց աւանդին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.