Իրենց ալ միացնողը Դաշնակցութիւնն է…
1518
0
Յաճախ չի պատահիր երբ համայնավար եւ աջակողմեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ քով քովի կու գան, հասարակ յայտարար ունեցող հարցեր քննելու եւ միասնաբար աշխատելու համար:
Ահա բացառութեան կանոնը, երբ Արցախի ու Հայաստանի քաղաքական օրակարգով իրենց քով քովի բերաւ գործակցութեան հրաւէրը՝ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի կոմիտէին:
Ժողովին, որուն արդիւնքները պիտի հրապարակուին շուտով, կը մասնակցէին Եւրոխորհրդարանի անդամներ, աջակողմեան ՏԻՍԻ կուսակցութեան անդամ Լուկաս Ֆուրլաս, Համայնավար Եւրոխորհրդարանական Եորղոս Եորղիու, Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ ընկեր Յակոբ Գազանճեան եւ ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Սիմոն Այնէճեան: