Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղարէն պարզաբանում պահանջած են Հայոց Եկեղեցւոյ վերաբերեալ արտայայտութիւններուն շուրջ

Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոնը, Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէն, Եւրոպայի մէջ կրօնի ազատութեան ֆորումը եւ Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնած են ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Ֆերիտուն Հ. Սինիրլիօղլուի՝ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ հրապարակուած արտայայտութիւններուն առնչութեամբ։

Կազմակերպութիւններուն համաձայն՝ հրապարակուած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Սինիրլիօղլու պատրաստակամութիւն յայտնած է ուսումնասիրելու, թէ ԵԱՀԿ-ն ինչպէս կրնայ աջակցիլ Հայաստանի կառավարութեան՝ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը պաշտօնանկ ընելու հարցին մէջ։

Թէեւ յայտարարութեան հեղինակները դատապարտած են խաբէութեամբ կատարուած զրոյցը, անոնք նշած են, որ ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին արձագանգները անհամատեղելի են իր պաշտօնին եւ կազմակերպութեան՝ կրօնի, խղճի ու համոզմունքի ազատութեան պաշտպանութեան յանձնառութիւններուն հետ։

Համատեղ յայտարարութեան մէջ նաեւ ընդգծուած է, որ 2025-ի մայիսէն ի վեր Հայաստանի իշխանութիւնները համակարգուած արշաւ կը վարեն Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ անոր բարձրաստիճան հոգեւորականներուն դէմ՝ վտանգելով եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը եւ պետութիւն-եկեղեցի տարանջատման սահմանադրական սկզբունքը։

Կազմակերպութիւնները Սինիրլիօղլուէն պահանջած են հրապարակաւ պարզաբանել եւ ետ վերցնել Կաթողիկոսի պաշտօնանկութեան ԵԱՀԿ-ի աջակցութեան վերաբերեալ որեւէ առաջարկ, վերահաստատել Հայաստանի մէջ կրօնի ազատութեան պաշտպանութեան յանձնառութիւնը եւ երկխօսութիւն սկսիլ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ։

Յայտարարութիւնը ստորագրած են Միջազգային քրիստոնէական համերաշխութեան նախագահ Ճոն Այբները, Եւրոպայի մէջ կրօնի ազատութեան ֆորումի նախագահ Եան Ֆիկելը, Քաղաքական իրաւունքներու հայկական կեդրոնի նախագահ Ռաֆայէլ Իշխանեանը եւ Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէի նախագահ Սիրանուշ Սահակեանը։