Իրան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ ընդլայնելու Հայաստանի կազամատակարարումը

ԵՐԵՒԱՆ.- Իրանի փոխնախագահ Սէյէտ Համիտ Փուրմոհամմատի Նոյեմբեր 10-ին յայտարարեց, որ Թեհրան պատրաստ է նպաստաւոր պայմաններու գոյութեան պարագային ընդլայնելու բնական կազի արտածումը դէպի Հայաստան՝ ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ ուժանիւթի բնագաւառէն ներս համագործակցութեան հեռանկարները։

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը այս յայտարարութիւնը կատարեց Երեւանի մէջ գումարուած հայ-իրանական միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի 19-րդ նիստէն ետք։

Փուրմոհամմատի շեշտեց, որ Իրան աշխարհի բնական կազի մեծագոյն պաշարները ունեցող երկիրներէն մէկն է, եւ արտածման կարելիութիւններու ընդլայնման պարագային Հայաստանը կը նկատէ առաջնահերթ գործընկեր։

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան բնական կազի, ելեկտրականութեան, վառելանիւթի եւ օդանաւային քարիւղի մատակարարման, ինչպէս նաեւ երկարաժամկէտ ուժանիւթային ապահովութեան առնչուող հարցեր։

Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Իրանի փոխնախագահը համանախագահեցին նիստը, որուն աւարտին ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր։

Հայկական կողմը կարեւորեց տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու զարգացումը՝ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, իրաւազօրութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ։

Հայաստան-Իրան ուժանիւթային համագործակցութեան ընդլայնումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի մատակարարման աղբիւրները բազմազանեցնելու եւ արտաքին կախուածութիւնը նուազեցնելու տեսանկիւնէն։

Իրանի հետ կապերու ամրապնդումը կարեւոր է նաեւ Սիւնիքի անվտանգութեան եւ Հայաստանի հարաւային սահմանին տնտեսական կենսունակութեան համար։

Թեհրանի յայտարարութիւնը, սակայն, տակաւին չի նշանակեր, որ կազի արտածման ծաւալները մեծցնելու պարտադիր համաձայնութիւն մը գոյացած է։