Իրան-Հայաստան-Արցախ փոխօգնութեան եռակողմանի հրամայականը

Արդէն յստակ է, որ Իրանի քաղաքականութիւնը Արցախեան Պատերազմի վերաբերմամբ ներշնչուած է ինքնիր անվտանգութեան բացերուն լուծում բերելու նեղ առաջադրութիւններէն և կը միտի թրքական կողմը համոզելու, որ Իրան «կողմ չէ» այս պատերազմին մէջ…Պարզ խօսքով, Իրան կ՚առաջնորդուի և պիտի առաջնորդուի բացառապէս իր ազգային շահերով ։ Որմէ պէտք է հետևցնել, որ Իրան պատրաստ է իր կրաւորական դիրքերէն թոյլ տալու, որ թուրքևազրպէյճանական ներխուժումը դէպի Արցախ և դէպի Հայաստան գործէ անարգել և անպատիժ ՊԱՅՄԱՆԱՒ ՈՐ…
Այո՛, պայմանաւ որ ընդհանրական սակարկութիւնը ճիշտ դուրս գայ իր և Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի միջև։ Եւ այսօր մեր խնդիրն է հասկնալ, թէ ի՞նչ է էութիւնը ճգնաժամային պահու այս սակարկութեան և որո՞նք են այդ սակարկութեան տուն տուող առարկայական պատճառները։ Ի վերջոյ նաև՝ հարցականի տակ առնել, թէ իսկապէս ինչպէ՞ս պէտք է սահմանել ազգային գերագոյն շահի հասկացողութիւնը այս օրերուն։
Բնականաբար մեզի յայտնի չէ, թէ դիւանագիտական ինչպիսի՞ եռուզեռ գոյութիւն ունի այս օրերուն Իրանի, Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի միջև, բայց դժուար չէ պատկերացնել, թէ ի՞նչ փոխադարձութիւն կրնայ ակնկալել իրանեան կողմը (վերոյիշեալ «ձեռնպահութեան» դիմաց) իր երկու խօսակիցներէն, որոնք հայկական կողմի ոխերիմ թշնամիներն են այսօր։
Իրանևթրքական յարաբերութիւնները շատ բարդ են, բազմակողմանի և յաճախ հակասական, բայց անոնք միշտ եղած են նրբօրէն զգայուն՝ մէկզմէկու գոյութենական հարցերուն։ Առանց մխրճուելու այդ բազմաշերտ աղիւսակէն ներս, ես կը կարծեմ, թէ պէտք է անմիջապէս առանձնացնել անապահովութեան երեք հետևեալ գործօնները, որոնք խոր անհանգստութիւն կը պատճառեն Իրանին Արցախեան Պատերազմի թէժ հարևանութեամբ։
Առաջինը անոնցմէ՝ Իսրայէլի ներկայութիւնն է Ազրպէյճանի մէջ և յատկապէս Իրան-Ազրպէյճան սահմանակէտերուն վրայ, ուրկէ Իսրայէլ կը վարէ իր խափանարարական գործունէութիւնը Իրանի դէմ իր ետին ունենալով Արևմուտքը և յատկապէս ԱՄՆ-ի «նոր պահպանողական»ներու (neocons) վոհմակը, որոնց սերտ գաղափարակիցն է Իսրայէլի Վարչապետ Պր. Նեթանիահու։ Երկրորդը՝ իսլամ ծայրայեղական (ճիհատիստ) տարրերէ կազմուած Թուրքիոյ վարձկան բանակն է, որ այժմ — և առաջին անգամ ըլլալով – բերուած է Կովկաս և կը կռուի Արաքսի հիւսիսային ափերուն վրայ շեշտուած սպառնալիք մը ներկայացնելով Իրանի ներքին կայունութեան։ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը երբեք պիտի չուզէ ինքնիր հողին վրայ սիւննի-շիի ընդհարման օճախներ ունենալ և զբաղուիլ անոնցմով։ Իսկ երրորդը՝ Ատրպատականի «ազերի» թրքութիւնն է, որ շիի դաւանանքին պատկանելով հանդերձ տևաբար փորձութեան մէջ կը գտնուի թրքական, ազրպէյճանական և իսրայէլեան գործակալներու արձակած խայծերէն և հետզհետէ աւելի ու աւելի կը կրէ փանթուրքիստական քարոզչութեան ազդեցութիւնը իր վրայ։ Իրան ստիպողական կարիքը ունի վստահելի երաշխիքներ ձեռք ձգելու, որպէսզի կարենայ պաշտպանուիլ այս երեք անմիջական վտանգներուն դէմ . երաշխիքնե՛ր՝ որոնք յաջողապէս պիտի լուծէին իր հարցը թրքական նախայարձակ կողմին հետ և Թեհրանին շնորհէին բարերար անդորր մը թէկուզ իր հայ հարևաններու հաշւոյն…
Իմ կարծիքով, իրանեան նմանօրինակ տրամաբանութիւնը (եթէ ան գոյութիւն ունի), կոչուած է ըլլալու բացառապէս ապարդիւն։ Թուրքիա և Ազրպէյճան արդէն իսկ շահած են առաջին «ռաունտ»ը Իրանի դէմ զայն հրելով ներկայի իր վեհերոտ դիրքերուն վրայ և ռազմաբեմի նախաձեռնութիւնը առնելով իրենց ձեռքը։ Թուրքևազրպէյճանական յառաջխաղացքը դէպի Արցախի ներքին պաշտպանական դիրքերը և դէպի Սիւնիք կրնայ միայն ամրապնդել թրքական կողմի լծակները Իրանի դէմ իրանևթրքական խօսակցութիւններու գործընթացին պարտադրելով կացութեան այս յոռեգոյն սենարիոն (սցենար)։ Իրանի և թրքական կողմի Խաղաքարտերը այս դաժան խաղականոնով է, որ կը դասաւորուին, եթէ անշուշտ հայկական ուժերը թոյլատրեն, որ այդ բանը գետնի վրայ տեղի ունենայ…Այսինքն՝ եթէ թշնամին կարողանայ խախտել հայկական բանակի կարմիր գիծերը և պարտադրել ինքզինք։
Միաժամանակ կարելի չէ անտեսել իրանեան տրամաբանութեան միւս հաւանական երեսը։ Ներկայիս Իրան ընտրած կը թուի ըլլալ Ազրպէյճանը ողոքելու ստոյգ քաղաքականութիւն, երբ Իրան շարունակաբար կը խօսի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին կրկնելով թրքական կողմի և այլոց փակուղային յանկերգը։ Իսկ Իրանի Գերագոյն Առաջնորդ Ալի Խամենէյին վերագրուող վերջին յայտարարութիւնները արդէն կը պնդեն, որ Ազրպէյճան պէտք է լիովին վերագրաւէ այն տարածքները, որոնք «իրեն կը պատկանին»… Այս բոլորով, Իրան կը փորձէ հեռուէ հեռու սիրաշահիլ թրքական կողմը…երևի յուսալով, որ հայկական բանակը՝ ի՛նք յաջողապէս լուծէ իր հարցը ռազմաճակատին վրայ առանց Իրանը ներքաշելու վէճին մէջ (և թերևս նաև Ռուսաստանի օգնութեա՛մբ)…Եթէ լուծեց, կը շահի Իրանը։ Եթէ չլուծեց, կը շահի Իրանը՝ սկիզբէն իսկ զօրակցած ըլլալով նախայարձակ կողմին։ Վեցերորդ դարու Սասանեան արքայ՝ Խոսրով Անուշիրվանի «անթերի» տրամաբանութիւնն է ասիկա, որ փորձիչ կը թուի ըլլալ նաև ներկայ օրերուն։
Եւ, անշուշտ, Իրան պատճառ ունի ակնկալելու, որ հայերը արգիլեն թրքական ուժերու յառաջխաղացքը ամէն գնով տէր կանգնելով Արցախին և Սիւնիքին, որոնք հայ անկախ պետականութեան կենսական տարածութիւններն են։ Իրան վստահ է, որ հայերը կը կառչին այդ ճակատներուն՝ պաշտպանելով իրենց հայրենիքը և անուղղակիօրէն տիրութիւն ընելով նաև Իրանի շահերուն և հնարաւոր դարձնելով, որ Իրան հանգիստ վարէ իր քովընտի սակարկութիւնները թշնամիին հետ։ Իրան նոյնիսկ կ՚ակնկալէ, որ Մոսկուա վերջին պահուն դուրս գայ իր կրաւորականութենէն և յայտնուի հայկական գոյամարտի կողքին։ Բա՛ն մը՝ որ կոկիկ նուէր մը կը հանդիսանայ Իրանի համար (ինչո՞ւ չէ)։ Պէտք չէ զարմանալ նաև, որ Իրան իր ծոցագրպանին մէջ զգուշութեամբ պահած ըլլայ վերջին պահուն հայկական կողմին ի նպաստ ռազմապէս միջամտելու իր խորհրդաւոր խաղաքարտը…(եթէ, անշուշտ, թէզերը ըստ ամենայնի ճիշտ դասաւորուին)։
Ինծի կը թուի, թէ Հայաստան և Արցախ լիովին կը գիտակցին Իրանի այս տրամաբանութեան և մօտէն կը հետևին իրանևթրքական այս հաւանական առևտուրի փուլերուն։ Խաղաղ պայմաններու մէջ, Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները միշտ եղած են փոխադարձաբար գերըզգայուն և բազմաթիւ ձևերով՝ փոխշահաւէ՛տ։ Հակառակ Արևմուտքի այլևայլ ճնշումներուն, Հայաստան երբեք չշեղեցաւ Իրանի հետ ռազմավարական դաշնակցի իր առաջնահերթութիւններէն։ Իրանի հայոց պատմական համայնքը երկու ժողովուրդներու խաղաղ և սիրալիր համակեցութեան և համագործակցութեան փայլուն օրինակն է։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ ի՛նք, 20-րդ դարու առաջին տարիներուն, եղած է Իրանի ազատագրական շարժման և սահմանադրական Իրանի կերտման ակունքներուն մէջ։ Հայաստան-Իրան փոխառընչութիւնները երկու մշակոյթներու անարգել և համատեղ զարգացման հանճարեղ կերպար մը (model) կը ներկայացնեն մեծ ու մշտական նպաստ բերելով երկու պետութեանց ռազմավարական յարաբերութիւնններուն։ Երկու ժողովուրդներու միջև յարաբերութիւններու եղբայրական այս մթնոլորտը պէտք է անպայման ամրագրուի ՀՀ և ԱՀ անկախ պետականութիւններու յարաճուն ճիգերով։
Բայց մենք այժմ կը գտնուինք պատերազմական թէժ պայմաններու մէջ, որոնք պարտադրաբար նոր գունաւորում կու տան Իրան-Հայաստան և Իրան-Արցախ հարևանութեան խնդիրներուն։ Ասիկա նոր փորձադաշտ մըն է գործընկերութեան երկու կողմերուն համար հաւասարապէս։ Եւ յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան, թէ հայ և իրանեան դռկից պետութիւնները ինչպէս պիտի դիմագրաւեն իրենց կեանքի այս նոր մարտահրաւէրը։
Արցախեան Պատերազմը ցեղասպանական է իր բնոյթով, որուն համար աննախադէպ զօրաշարժի մէջ է հայութիւնը ամէնուրեք։ Հայկական զինուժը կը կռուի յամառ վճռականութեամբ և յաղթելու հզօր կամքով, որ որևէ յաղթանակի նախապայմանն է։ Այնուամենայնիւ թշնամին, որ զինուած է ռուսական, Արևմտեան և իսրայէլեան ամենէն արդիական զինատեսակներով, ծանր վնասներ կը պատճառէ մեր երկրի ոչ-ռազմական ոլորտին թիրախաւորելով ժողովուրդի բնակավայրերը, կենցաղային ենթակառոյցները, մեր երկրի մշակութային, հոգևոր և կենսոլորտային հարստութիւնը։ Քլասթրային և քիմիական ռումբերով ան կը բնաջնջէ երկրին կենսամիջավայրը. կը թունաւորէ զայն. կը մերկացնէ հողը իր անտառներէն։ Այս թշնամին նպատակ ընտրած է մեր հողերու վերջնական հայաջնջումը։ Ան, ինքնիր խոստովանութեամբ, պատրաստ է կազմակերպելու 21-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը նոյն ժողովուրդին՝ մե՛ր ժողովուրդին դէմ։ Բա՛ն մը՝ որ ան երբեք պիտի չտեսնէ։
Այս բոլորին մէջ, Իրանի ռազմագէտները պէտք է նկատեն առնուազն մէկ հանգամանք։ Անոնք պէտք է նկատեն, որ ներկայ պատերազմէն – թէկուզ յաղթակա՛ն — դուրս եկող Հայաստանն ու Արցախը յամենայն դէպս պիտի ըլլան զգալիօրէն ուժաթափուած և հարկադիր՝ այլևայլ դժուարութիւններ դիմագրաւելու։ Պէտք կա՞յ կրկնելու, որ Արցախն ու Սիւնիքը միակ վստահելի պատուարներն են տարածաշրջանի թուրքևազրպէյճանական սպառնալիքին դէմ։ Անոնք են միայն, որ իրենց կուռ գոյութեամբ տևաբար արմատախիլ կ՚ընեն Թուրքիոյ փանթուրքիստական յաւակնութիւնները։ Անոնք են, որ կը հակակշռեն թրքական ֆաշիզմը։ Իսկ այդ տարածքներուն տիրութիւն կրնայ ընել միայն այդ տարածքներու իսկական և վերջնական տէրը՝ մեր ժողովո՛ւրդը իր պետականութեամբ և բանակով։
ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ԱՄԷՆ ՕՐ ԱՒԵԼԻ ՀԶՕՐԱՑՈՂ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ ՈՉ ՄԵԶԻ ԵՒ ՈՉ ԻՐԱՆԻ ՀԱՄԱՐ։ Աւելի յստակօրէն դնելով՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ ԵՐԱՇԽԻՔՆ Է ԻՐԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ։ ԵՐԲ ԹՇՆԱՄԻՆ ԿԸ ՅԱՋՈՂԻ ԽԱԽՏԵԼ ԱՅԴ ՎՃՌՈՐՈՇ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀՈՂԻ ՎՐԱՅ, ԱՆ ՍԿԻԶԲԸ ԿԸ ԴՆԷ ՆԱԵՒ ԻՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱՀԱՏՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ։ ԱՅՆ ԹՇՆԱՄԻՆ, ՈՐ ԵԿԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՆԴԵԼՈՒ, ԵԿԱԾ Է ՆԱԵՒ ԻՐԱՆԻ ՀՈՂԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՏԵՒԷՆ…ԵՒ ԶԱՅՆ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՀԻՄԱ Է։ ԱՆՈՐ ՈՏՔԵՐԸ ՀԻՄԱ Է, ՈՐ ՊԻՏԻ ՋԱՐԴՈՒԻՆ ԵՒ ԱՅՆ ԻՍԿ ԱՌԱՋՆԱԳԾԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ՝ ՈՒՐ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ԱՅՍ ՊԱՀՈՒՆ։
Իրանի ղեկավարները պէտք է կարողանան այս բացառիկ պատեհութիւնը ճիշտ գնահատել և անյապաղ վերցնեն իրենց բաժին ինկած պատասխանատւութիւնը այս առճակատման մէջ։ Այսօր, որևէ իրանեան վարանում այս մարզին մէջ իր անխուսափելի պումըրանկը (boomerang) պիտի ունենայ Իրանի քաղաքական ճակատագրին վրայ։ Կասկած մի՛ ունենաք։ Իրանի թշնամիները յստակ են ամենքիս համար և անոնք արժանի են ոչ թէ ողոքումի, այլ միայն ու միայն մէկ բանի։ Անոնք արժանի են լուծարքի ենթարկուելու ամենէն անխնայ և արմատական ձևով։ Եւ անոնք պէտք է իրենց արժանին ստանան ա՛յս պատերազմին մէջ և այսօ՛ր։ Ո՛չ՝ ապագային, քանի որ եթէ գործը չամբողջանայ այս պատերազմին մէջ, ապագան վտանգուած է բոլորիս համար և քաղաքակրթութեան։
Հայկական ուժերը պէտք է կարողանան մաքրել Արաքսի ափը առնուազն մինչև հոն, ուր հաստատուած էր շփման գիծը զինադադարի առաջին համաձայնագրով։ Ասիկա կենսական պայման է հայկական կողմին համար։ Ասիկա կենսական է նաև Իրանի համար, որպէսզի ան կարողանայ յաջողապէս հակակշռել այն երեք սպառնալիքները, որոնք իր աքիլլէսի կրունկն են և որոնց թւումը ըրած եմ այս յօդուածի հինգերորդ պարբերութեան մէջ։ Անոնց դէմ իրական երաշխիքները միայն Հայաստանն ու Արցախն են, որ կրնան տալ Իրանին, ո՛չ՝ Թուրքիան և ոչ այլ ոք… Կը կրկնեմ. Արաքսի ափերը պէտք է մաքրուին թշնամի ուժերէն. վարձկան ծայրայեղականները պէտք է դուրս բերուին և յանձնուին միջազգային արդարադատութեան։ Իսկ որպէսզի հայկական կողմը կարենայ այդ բանը գործնականօրէն իրագործել, Իրանի ղեկավարութիւնը պէտք է համարձակօրէն կողմնորոշուի այս պատերազմին մէջ։ Պէտք է կողմնորոշուի ի նպաստ հայկական կողմի ռազմական առաջադրութիւններուն և իր կարողականութիւնները միացնէ հայկական ուժերուն։ Ան պէտք է համարձակօրէն ազդարարէ թշնամիին և անոր զօրակիցներուն, որ հայկական կարմիր գիծերը անբռնաբարելի են նաև և մանաւանդ Իրանի համար և վե՛րջ։
Կարօ Արմենեան
Նոյեմբեր 5, 2020

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.