Իրանի մէջ զոհուածներու շարքին ՀՀ քաղաքացիներու մասին տեղեկութիւն չկայ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Իրանի մէջ վերջին զարգացումներուն հետեւանքով զոհուածներու շարքին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ ըլլալու մասին տեղեկութիւններ չկան։

Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով հաղորդեց արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Անի Պատալեան՝ նշելով, որ Իրանէն Հայաստան վերադարձած է ՀՀ քաղաքացիութիւն ունեցող երկրորդ անձը։

Միեւնոյն ժամանակ, Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը շարունակէ գործել արտակարգ դրութեան պայմաններու մէջ։ Դեսպանութիւնը ամէն օր միջին հաշուով կը ստանայ 20-25 հեռաձայն, որոնք հիմնականօրէն կը վերաբերին Հայաստան–Իրան սահմանը հատելու հնարաւորութիւններուն։ Նշուած է նաեւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային անցումները կը շարունակուին բնականոն ընթացքով։

ԱԳՆ-ն նաեւ ընդգծեց, որ կապի սահմանափակումներու պատճառով Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կը շարունակէ օժանդակել այնտեղ գտնուող հայերու մասին տեղեկութիւններու փոխանցման՝ անոնց հարազատներուն։

Դեսպանութիւնը միաժամանակ կը տրամադրէ անհրաժեշտ պարզաբանումներ օտարերկրացի քաղաքացիներուն, որոնք կը դիմեն Հայաստան մուտքի հնարաւորութիւններու մասին տեղեկութիւն ստանալու նպատակով, եւ կ՚աջակցի Իրանի մէջ հաւատարմագրուած շարք մը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու դիւանագէտներուն ու անոնց ընտանիքներուն՝ Հայաստանի տարածքով վերադարձ կազմակերպելու հարցով։

Յիշեցնենք, որ փետրուար 28-ին Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները օդային հարուածներ հասցուցին Իրանին, որոնց հետեւանքով սպաննուեցաւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին։ Իրանը ի պատասխան հարուածներ հասցուցած է Իսրայէլի եւ Պարսից ծոցի այն երկիրներուն ուղղութեամբ, ուր տեղակայուած են ամերիկեան ռազմակայաններ։