Իրանի Ընտրութիւններուն Յաղթած Են ՀՅԴ-ի 2 Թեկնածուներ
1636
0
Իրանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներէն ի յայտ եկաւ, որ ընտրուած են Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած 2 թեկնածուներ: Անոնցմէ մէկը Ջուղայի մէջ առաջադրուած Ռոբերտ Բեգլարեանն է, որ արդէն խորհրդարանին մէջ Հարաւային Իրանի քրիստոնեայ հայ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչն էր:
Միւսը Թեհրանէն այս անգամ առաջադրուած Արա Շահվերդեանն է: