Իսրայէլ կը մեղադրուի Լիբանանի մէջ սպիտակ ֆոսֆոր օգտագործելու մէջ

Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ Human Rights Watch-ը (HRW), մեղադրած է Իսրայէլը՝ Լիբանանի հարաւային գիւղերէն մէկուն մէջ սպիտակ ֆոսֆոր պարունակող արկեր օգտագործելու համար։

France 24-ի հաղորդմամբ՝ կազմակերպութիւնը իր զեկոյցին մէջ կը նշէ, թէ վիճայարոյց զինամթերքը գործածուած է բնակելի շրջաններու վրայ կատարուած հարուածներու ընթացքին։ HRW յայտնեց, որ լուսանկարներու աշխարհագրական տեղորոշման եւ ստուգման միջոցով հաստատած է, թէ իսրայէլեան հրետանին սպիտակ ֆոսֆոր կիրառած է Լիբանանի հարաւային Եոհմոր գիւղի բնակելի թաղամասերու դէմ իրականացուած յարձակումներուն ժամանակ։

Դէպքը տեղի ունեցած այն բանէն ետք, երբ իսրայէլեան ուժերը հրահանգած էին գիւղի բնակիչներուն եւ հարաւային Լիբանանի տասնեակ այլ համայնքներու բնակիչներուն՝ լքել իրենց բնակավայրերը։

Կազմակերպութիւնը նշած է, որ տակաւին կարելի չէ անկախ կերպով հաստատել, թէ բնակիչներ մնացա՞ծ էին տարածքին մէջ, կամ արդեօք կան վիրաւորներ։

Ըստ միջազգային օրէնքի, սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործումը անօրինական կը համարուի, երբ ան գործածուի բնակեցուած տարածքներու մէջ, նկատի ոգնեանլով որ անոր պարունակող քիմիական նիւթը կրնայ մարդկային ծանր այրուածքներ պատճառել։

Իսրայէլեան բանակը այս մեղադրանքներուն առնչութեամբ անմիջապէս մեկնաբանութիւն չէ տուած։

Մինչ այդ, իսրայէլեան հարուածները Լիբանանի մէջ շարունակուած են՝ թիրախաւորելով «Հըզպալլա»-ի դիրքերը։ Լիբանանի իշխանութիւններու համաձայն՝ յարձակումներուն հետեւանքով առնուազն 394 մարդ զոհուած է, իսկ աւելի քան կէս միլիոն բնակիչ տեղահանուած։