Իսկ Այսօր` Ո՞Վ Է Գայլը, Ո՞Վ Է Ոչխարը

ՀՐԱՆԴ Ծ. ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 16 յունուարին, ի խնդիր Արցախի, զօրաշարժի կոչ ուղղեց համայն հայութեան:

Անկէ ամիս մը առաջ, 11 դեկտեմբերին, երբ մեր եկեղեցւոյ բարձրագոյն մարմինը նկատուող Ազգային Ընդհանուր ժողովը իր աշխատանքները կ՛աւարտէր, հայրապետը յընթացս Ս. պատարագի իր պատգամին մէջ յայտարարեց. «Հարկ է ժամանակներու նշանները ճի՛շդ կարդալ եւ ճի՛շդ կողմնորոշուիլ»:

Մարգարէաշունչ կոչէն օր մը ետք, 12 դեկտեմբերին, սկիզբ կ՛առնէր Արցախի շրջափակումը:

Հետեւեալ գրութիւնը արդիւնքն է զօրաշարժին եւ փորձ մը` ժամանակի նշանները կարդալու:

«Աւելի լաւ է մեր հիւանդ ոչխարը,
քան` օտարին առողջ գայլը»

Թուականն է ՔԵ 428, վայրն է մայրաքաղաք Դուին, հայոց թագաւորն է Արտաշէս Դ.: Հայ նախարարներէն մաս մը դժգոհ են երիտասարդ, անփորձ եւ զեխ կեանքով ապրող գահակալէն ու կը ծրագրեն գահազրկել զինք` պարսից արքայի օժանդակութեամբ: Կը մօտենան նաեւ Սահակ կաթողիկոսին` խնդրելով, որ իր վաւերացումը միացնէ այս ծրագիրին: Հայրապետը, լրջօրէն մտահոգուած, կ՛արտասանէ իր նշանաւոր պատգամը` ոչխարն ու գայլը: Ինքնաբերաբար ծրագիրը կը յաջողի, ու գահընկէց կ՛ըլլայ Արտաշէսը, բայց այսպիսով նաեւ կ՛աւարտի Արշակունեաց թագաւորութիւնը: Դաւագլուխ հանդիսացող պարսիկները կ՛օգտուին ներքին անմիաբանութենէն եւ մեր գահը կը նուաստացնեն անկախ թագաւորութենէ մարզպանութեան: Կաթողիկոսն ալ կը հալածուի, ու պաշտօնազրկելու ջանքերը չեն դադրիր: Հարկ է յիշել, որ այս Սահակը մտերիմն էր Մեսրոպ Մաշտոցին` գիրերու գիւտի հայրապետը. ան նաեւ Գրիգոր Լուսաւորչի սերունդէն վերջին պարթեւ կաթողիկոսն էր: Վերջապէս, կարելի չէ յապաւել, որ ան Վարդան Մամիկոնեանի մեծ հայրն էր:

«Իսկ այսօր` ո՞վ է գայլը, ո՞վ է ոչխարը»

Նման օրհասական պահեր բացառութիւն չեն եղած մեր պատմութեան մէջ: Նոյնօրինակ կացութեան մը մէջ ենք դարձեալ ներկայիս: 428-ին առնուազն յայտնի էր, թէ ո՛վ է բուն թշնամին (կամ գոնէ այդպէս կը թուի յետահայեաց ակնարկով): Իսկ այսօր մեր ժողովուրդը տագնապեցնող հարցերուն կեդրոնը կը գտնուի անկարութիւն մը` զանազանելու ոչխարը ոչխարի մորթ հագած գայլերէն:

Ոչխա՞ր պէտք է նկատել, թէ՞ գայլ` արտաքին սահման պաշտպանող, բայց ներքին փտածութեան առաջքը չառնողները:

Գա՞յլ պէտք է նկատել, թէ՞ ոչխար` ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանել փորձող, բայց գերագոյն իրաւունքները թշնամիին զիջողները:

Տարիներ ետք, յետադարձ ակնարկի առաւելութեամբ, բոլոր ճշմարտութիւնները երեւան պիտի գան. գոնէ այսքանը անխուսափելի է, եւ պատմութիւնն ու ժողովուրդը արդարօրէն պիտի դատեն: Սակայն ինչպէս Արամ Ա. իր զօրակոչին մէջ կ՛ըսէ` «Վաղը արդէն իսկ ո՛ւշ է»: Արցախի պաշտպանութիւնը ո՛չ միայն անյետաձգելի է, այլ նաեւ ամբողջ ազգի մը գոյատեւումը կախուած է այս ամրոցին դիմագրաւելիք վախճանէն: Չեն չափազանցեր անոնք, որոնք կը բացագանչեն, որ Արցախ բերդը գրաւողը աչքերը պիտի սեւեռէ սիւնեաց աշխարհին: Մեծապէս կը տուժէ այն հովիւը, որ կը պնդէ, թէ իր փարախէն ոչխար յափշտակած ու ճաշակած գայլը մէկ հատով կը կշտանայ:

Ուրեմն, ինչպէ՞ս կողմնորոշուիլ: Որո՞նք են ոչխարասքեմ գայլերը: Եկէք` պահ մը բոլորին benefit of the doubt-ը տանք: Այլ խօսքով, ենթադրենք, որ բոլորն ալ` նախկին ու ներկայ, Արտաշէսներ են` հիւանդ ոչխարներ: Դժուար պէտք չէ ըլլայ այս միջին եզրին հասնիլը. վերջապէս մեր հարցը, որպէս ազգ, ոչխար ունենալը չէ. առողջն ալ, հիւանդն ալ անպակաս են մեր մէջ եւ բոլորն ալ` յարգելի: Ո՛վ հայ ժողովուրդ, մեր բուն խնդիրը գայլերուն դէմ ելլողներու կարիքն է: ԱՌԻՒԾՆԵՐՈՒ պէտք ունինք այսօր: Վստա՛հ եղէք` անոնք ալ անպակաս են մեր մէջ: 2020 թուականին շուրջ 4000 կորիւններ առիւծանման հերոսութիւններ կատարեցին` միանալով Վարդան Մամիկոնեանի 1036 հոգի հաշուող գունդին: Այդ մէկը իրենց կամաւոր պարտքն էր: Իսկ մե՞րը. չմոռնանք, որ Աւարայրի դաշտին վրայ չկնքուեցաւ յաղթանակը, այլ 30 տարիներու անհատնում հրոսակային պատերազմի որպէս արդիւնք` թշնամին վերջապէս զիջեցաւ:

«Լաւագոյնն է մեր առողջ առիւծը»

Ինչպէ՞ս մղել ուրեմն այդ պատերազմը 21-րդ դարուն: Ժամանակի նշանները կարդալու մեր փորձին մէջ կարելի է օգտուիլ անցեալէն: ժամանակավրէպ չեն մեր նախնեաց յաղթանակներէն ու պարտութիւններէն բխող խրատները: Ինչպէս Մարք Թուէնի ծանօթ ասացուածքը կ՛ըսէ` «Պատմութիւնը չի կրկնուիր, բայց յաճախ կը նոյնայանգուի»: Առանց տեղեկագրական մանրամասնութեանց մէջ մտնելու` կ՛ուզեմ անդրադառնալ սահակեան եռեակին: Երեք սահականուն կաթողիկոսներ ունեցած է Հայ եկեղեցին, եւ երեքին ալ ճակատագիրը նմանած է Իսահակի պատմութեան` խաչելութեան համար գողգոթայ մը առաջնորդուիլ, եւ ապա մազապուրծ` յարութիւն առնել:

Առաջինը արդէն տեսանք` Սահակ Պարթեւն է: Ան իր աքսորին ընթացքին կը տեսնէ աստուածային տեսիլք մը, ուր կը յայտնուի մեր ժողովուրդին անմիասնականութեան դժբախտ վախճանը: Իր թոռան սերունդը` Վահան Մամիկոնեան, կ՛անսայ այս տեսիլքէն յառաջացող պատգամին եւ միասնականութեամբ պայքարելով` վերջապէս պարտութեան կը մատնէ թշնամին:

Երկրորդը Սահակ Ձորափորեցին է, 7-րդ դարու հայոց հայրապետը: Երբ հայոց բանակը քաջարի պաշտպանութեամբ պարտութեան կը մատնէ արաբական կայսրութեան գունդը, Ապտիւլմելիք ամիրապետ չի հանդուրժեր ամօթը: Կը միատեղէ իր գունդերը եւ այդ հսկայական զօրքին գլուխ կը կարգէ Մոհամետ Պին Ոկբայ նշանաւոր զօրավարը` հրաման տալով անոր ոչնչացնել ամբողջ հայ ազգը: Նոյնիսկ առիւծներու ամէնէն արի եւ միակամ խումբը բիւրաւոր գայլերու դէմ գլուխ չի կարողանար ելլել աւանդական պատերազմաոճով: Ձորափորեցի կը վճռէ ինք դիմաւորել զօրավարը` յուսալով, որ ծանօթութեան կապերը կրնան մեղմացնել արհաւիրքն ու ճամբայ կ՛ելլէ: Սակայն զօրքն ու թափօրը իրար չհանդիպած, ծերունի կաթողիկոսը կը զգայ, որ իր կեանքին վերջին շունչը կ՛արտաբերէ եւ, իր առաքելութիւնը չաւարտելու վտանգէն մտահոգուած, կը հրամայէ մայր ճամբուն կեդրոնը իր վրանը կազմել: Դրուագը իսկապէս արժանի է այժմէական ամէնէն հարուստ բեմադրութեան: Ոկբայի բանակը կը հասնի վրանավայր: Անոր կը տեղեկացնեն հայրապետին նպատակը, վախճանումն ու վերջին խնդրանքը` իր ձեռքէն վերցնել ու ընթերցել գրի առած աղերսը: Զօրավարը, յարգելով հանգուցեալին մարմինը, կ՛արգիլէ, որ նոյնիսկ իր թիկնապահները հետը վրան մուտք գործեն: Ներսը կը գտնէ անշնչացած սրբակենցաղը գահին վրայ բազմած, իսկ անշարժ ձեռքերուն մէջ` ոլորուած եւ կնքուած մագաղաթ մը: Մինչեւ օրս ոչ ոք գիտէ բովանդակութիւնը նամակին: Բայց ի զարմանս բոլորին, այդ օր, Ոկբայ, վրանէն դուրս գալով, առանց որեւէ բացատրութեան, կը հրահանգէ զօրքին վերադառնալ: Այո՛, փոքր ածու ենք, բայց առա՜տ հանճարով օժտուած, եւ միասնականութեան կողքին հարկ է շահագործել այդ մէկը: Անշուշտ վեցերորդ սերունդի բոլոր զինասարքերով պէտք է առատօրէն օժտենք մեր խիզախ բանակը: Սակայն զուգահեռաբար, երկնառաք հանճարով ամէն ջանք պէտք է թափենք իւրաքանչիւր ճակատ նուաճելու` կապար մը չարձակուած, ինչպէս Ձորափորեցին յաջողեցաւ 7-րդ դարու ամէնէն հսկայ բանակը ետ դարձնել` առանց սուր մը ճօճելու:

Երրորդը Սահակ Խապայեանն է` ջարդէն վերապրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը: Եղեռնէն ետք մարդկային իրաւունքներ հետապնդող պետութիւններ համոզած էին հայոց վերադառնալ Կիլիկիա` անկախութեան խոստումներով: Սակայն բազմիցս իր ժողովուրդին ողջակիզումը վկայած եւ ժամանակներու նշանները կարդալու հմտացած հայրապետը գիտէր, որ այդ բոլորը ենթակայ էին աշխարհաքաղաքական պայմաներու երերումին: Պատմաբան Բիւզանդ Եղիայեան կը գրէ. «Սահակ կաթողիկոսի ալ աչքը այլեւս դարձած է դէպի գաղթաշխարհ սփռուող իր հօտերուն…Ու, ժեստով մը, [Henry Franklin] Պույոնի Ատանա ժամանելով, երկիրը թուրքերուն յանձնումէն մէկ օր առաջ, կաթողիկոսը հրաժեշտ կ՛առնէ…Կիլիկիան իր ետին մնացած երկիր մըն է այլեւս, ու թուականն է` 1921 նոյեմբեր 25»: Այլ խօսքով, Խապայեան հասկցած էր ազգի մը, յատկապէս` փոքր ածուի մը, մահացու մեղքը, որն է այլոց վստահիլ սեփական ապահովութիւնն ու անկախութիւնը: Այդ պետութիւնները, մեզ ջարդողներուն հետ նոր դաշինքներ կնքելով հանդերձ, կը շարունակեն մեզի խոստումներ արտասանել, սակայն վեհափառին 20 մարտ 1922 թուակիր նամակին մէջ կը կարդանք. «Փարիզէն [ելած] յոյսերը միշտ անպակաս են, թէեւ հաւատքս շատ զօրաւոր չէ»: Երէկ յոյս տուողը Ֆրանսան էր, այսօր` Ռուսաստանը, վաղը` Ամերիկան. սակայն սկզբունքը նոյնն է քաղաքականութեան մէջ, ինչպէս անգլիացի վարչապետի մը նշանաւոր խօսքը կ՛ապացուցէ, «յաւերժական դաշնակիցներ եւ յաւերժական թշնամիներ չունինք, այլ միայն` յաւերժական շահեր»: Ուրեմն, ժողովուրդ հայոց, հայրապետին նման` լա՛ւ կարդանք նշանները. Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ նախասիրութիւն ունենալը իրաւունք է, բայց ռոմանթիք եւ վնասակար համոզումներով չտարուինք, միայն հայու ձեռքով կայ հայոց փրկութիւն: Անշուշտ պէտք է եւ պիտի՛ օգտագործածենք ամէն կապ, ծանօթութիւն, բարեկամութիւն, Հայ դատի անզուգահեռ ցանցաւորում: Սակայն սաղմոսագիրը կը զգուշացնէ. «Օգնէ՛ մեզի մեր թշնամիներուն դէմ, որովհետեւ զո՜ւր է մարդոց օգնութիւնը»: Աստուած վաղուց օգնած է մեզի, եւ առատօրէ՛ն, ինչպէս անդրադարձանք, աննման տաղանդներով օժտելով: Նայեցէ՛ք աշխարհի չորս ծագերուն, հոն, ուր երկիր կայ,  հայ կայ: Եւ հոն, ուր հայը կը ձեռնարկէ, մեծ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ: Սակայն, առանց երբեք հաւատալու այլոց, պիտի վստահինք մեր կարողութեանց, մէկ ձեռքին աստուածատուր հանճարը` որպէս սուր, եւ միւսին մէջ միասնականութեան անպարտելիութիւնը` որպէս վահան:

«Ոչխարներն ու Առիւծները»

Չմթագնին մեր մտքերը «աշխարհին դէմ կարելի չէ ելլել» մտահոգութեամբ: Աշխարհին դէմ ելլելու խնդիր չկայ, այլ միմիայն` յուսահատութեան վտանգ: Այս գրութիւնը սկսանք զօրաշարժով: Պահ մը վերյիշենք զանգուածային եւ օրկանական զօրաշարժը, որ տեղի ունեցաւ 44-օրեայ պատերազմին: Իսկապէս յուսադրիչ էր տեսնել հայրենիքէն սփիւռքի չորս ծագերուն նուիրումն ու հնարամտութիւնը, որով իւրաքանչիւր հայ, մէկդի դնելով փափկասուն առօրեան, իր միջոցներով միացաւ ճակատին: Այո՛, այդ բոլորէն ետք պարտուեցանք: Եւ այո՛, յուսահատութեան խաւարը օր ըստ օրէ աւելի կը պատէ նոյնիսկ ամէնէն տաքարիւն հայը: Ինչպէս վերը յիշեցինք, Աւարայրի ճակատն ալ, առանձնաբար նայելով, պարտութեան դրուագ մըն է: Բայց անկէ բխածը լոկ բարոյական յաղթանակ մը չէ, այլ` երեսնամեայ յուսադրուած պայքարէ մը ետք` ամբողջական եւ կատարեալ նուաճում: Ուրեմն, դարձեալ, միակ կարեւոր հարցումը` զօրաշա՞րժ, թէ՞ յուսակորոյս:

Եթէ չենք յանձնուած, ապա`

3.- Խապայեանի խորաթափանցութեամբ` չվստահինք մեր ապահովութիւնը այլոց: Եթէ կախեալ չըլլանք ուրիշներէն, արդէն ամբողջ աշխարհին դէմ ելլելու հարցն ալ կը լուծուի:

2.- Ձորափորեցիի իմաստութեամբ` օգտագործենք աստուածատուր տաղանդամթերքը միւս երկիրներուն շահերը մերինին հետ զուգորդելու:

1.- Պարթեւեան տեսիլքով` ոչխար եւ առիւծ, առողջ եւ հիւանդ…հիմա է ժամանակը միանալու: Արամեան զօրակոչը կ՛ահազանգէ` «Վաղը կրնայ ո՛ւշ ըլլալ»:

***

Սուրբգրային ամէնէն նշանաւոր պատկերներէն մին է «Գառնուկն ու առիւծը»: Եսայիի մարգարէութեան մէջ անոնք միասին կ՛արածին, իսկ Յայտնութեան գրքին մէջ նախորդը կը զոհուի ու յետնորդը կը յաղթահարէ: Եկեղեցւոյ մեկնիչներ վաղուց տեսած են այդ պատկերին ամբողջացումը Քրիստոսի մէջ` «Մահը ճաշակեց որպէս գառնուկ, յօշոտեց որպէս առիւծ»:

Վերջերս 4000 մատղաշ առիւծներ վճարեցին զոհողութեան գինը: Փա՛ռք իրենց յիշատակին: Այո՛, ամէն դատողութեամբ, անոնք պէտք էր ապրէին: Դերերու այս հակադարձութիւնը անարդար է: Բայց մե՛նք` մնացածներս, եթէ նոյնսիկ գառներ ենք, մի՞թէ միակ վարկածը յուսահատիլ է, թէ՞ կրնանք գլխիվայր դարձնել աշխարհը բովանդակ եւ յարուցանելով անոնց յիշատակը` յօշոտել յաղթանակը:

Անգործադրելի յանձնարարութիւն մը չէ: Խենթերու հնա՞ր` անկասկած, բայց ոչ` անիրականալի: Ապացո՞յցը` կատարած ենք անցեալին: Ու այնքան յաջող, որ ուրիշներ մեզմէ օրինակ առած են, ինչպէս` երկրացնցիչ, բայց երկնարդար «Նեմեսիս»-ի գործողութիւնը: Թէ՛ մեր նպատակին հասած ենք եւ թէ՛ աշխարհը յեղաշրջած է իր հասկացողութիւնը անմեղութեան ու յաղթանակի պսակը տեղադրելով մեր ճակտին:

Խենթացած գառը թող ծնի առիւծներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.