ՄԻՋԱՆՑՔՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ՝ ԽԱՂԱՔԱՐՏ

Ա.Ա.

Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մէջ սահմանազատման եւ սահմանագծման խնդիրը, միջանցքներու վերաբերեալ տարաբնոյթ մեկնաբանութիւնները եւ ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին, Ատրպէյճանէն Հայաստանի հողային պահանջները մտահոգիչ հարցեր են եւ կը պահանջեն առաւելագոյն զգօնութիւն եւ խոհեմութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ իրական վտանգները ճիշդ կերպով գնահատել եւ պաշտպանական արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն ի գործ դնել։
Նախ սահմանազատման եւ սահմանագծման խնդրին մասին։
Երբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ ռուսական բանակին Սպայակոյտին արխիւներուն մէջ կը գտնուին այն քարտէսները, որոնց հիմամբ կարելի է սկսիլ Հայաստան- Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն, յստակ դարձաւ, որ Ռուսիա բնաւ թոյլ պիտի չտայ, թէ սահմանազատման բանակցութիւնները կատարուին առանց իր գիտակցութեան եւ ամբողջական հովանաւորութեամբ։ Փութին նաեւ շեշտեց այս գաղափարը, երբ հաւաստիացուց, որ առանց Ռուսիոյ կարելի չէ նախկին երկու խորհրդային հանրապետութիւններուն միջեւ սահմանագծում կատարել։
Փութինի այս յայտարարութեան Երեւանի իշխանութիւններուն հակազդեցութիւնը դրական եղաւ։ Նաեւ փորձ կատարուեցաւ Ռուսիոյ բանակին Սպայակոյտին արխիւներուն մէջ գտնուող նախկին խորհրդային քարտէսներուն կարեւորութիւնը աւելի քան ընդգծել, երբ Հայաստանի Ազգային Ժողովի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան՝ գրեթէ ձայնակցելով Փութինի, յայտարարեց, որ Երեւան եւս ունի այն քարտէսները, որոնց մասին Ռուսիոյ նախագահը կ՛ակնարկէ։
Մինչ Մոսկուա եւ Երեւան կը խօսէին քարտէսներու մասին, անդին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հրահանգով, ատրպէյճանական զօրամիաւորումներ աւելի կը խորանային Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ, ուր այսօրուան դրութեամբ վեց քիլոմեթր թափանցած եւ դիրքեր հաստատած են։ Իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է, որ ատրպէյճանական ուժերը գերիշխան Հայաստանի քառասուն մէկ քառակուսի քիլոմեթր տարածքը գրաւած են։  Մայիս 12-ին ատրպէյճանական ուժերու Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզեր թափանցումը եւ չորս քիլոմեթր խորացումը այսօրուան դրութեամբ վեց քիլոմեթրի վերածուած է եւ մինչ Մոսկուա եւ Երեւան կը խօսին սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներուն սկսելու կարեւորութեան մասին, Ատրպէյճան գետնի վրայ իր դիրքերը կ՛ամրացնէ՝ ոչ միայն Հայաստանի մէջ տարածքներ գրաւելով, այլեւ իր արտաքին գործոց նախարարին միջոցով կը յայտարարէ, որ Հայաստան Ատրպէյճանէն հողային վտանգաւոր պահանջներ ունի։ Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի Հայաստանի այն տարածքներուն, որոնք այսօր գրաւման տակ կը գտնուին։ Ատրպէյճան արդէն իսկ Սիւնիքի մարզին մէջ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող տարածքներու մէջ իր դիրքերը ունի եւ զանոնք կը համարէ իրը։ Ռուսիոյ քար լռութիւնը՝ ի տես ատրպէյճանական այս ոտնձգութիւններուն մտածել կու տայ, որ մշակուած ծրագիր մը կը գործադրուի։ Սահմանագծման բանակցութիւններն ալ պիտի սկսին այն ժամանակ, երբ իրենց աւարտին հասնի ատրպէյճանական զօրամիաւորումներուն վերաբաշխումը՝ հայկական տարածքներու մէջ։
Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն միջեւ ցամաքային կապ ըլլալու կոչուած մայրուղին եւ երկաթուղին, որ ատրպէյճանցիները կը շարունակեն Զանգեզուրի միջանցք կոչել, այլ խնդիր մըն է, որ կարիքը ունի ճիշդ լուծման։ Պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ամէնէն շատ քննարկուող թեմաներէն մին ըլլալով, Պաքու կը պնդէ, որ ինը նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան իններորդ կէտով ամրագրուած է Զանգեզուրի միջանցքին ստեղծման մտադրութիւնը, որովհետեւ գործածուած է «անարգել երթեւեկութիւն» եզրը։ Ասիկա, ըստ ատրպէյճանցիներուն, կարելի է միայն ապահովել միջանցքով մը։ Պաշտօնական Երեւան, իր կարգին, կը մերժէ միջանցքի տրամաբանութիւնը, երբ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը սպառնան հարկ եղած պարագային ուժով լուծել միջանցքի հարցը։
Ատրպէյճանցիք կը պահանջեն ինքնիշխան միջանցք մը, որ պիտի անցնի Մեղրիէն, Նախիջեւանը եւ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները իրարու կապելով։ Այս «միջանցք»-էն պէտք է անցնին թրքական եւ ատրպէյճանական բեռնատարները եւ ցամաքային տարբեր փոխադրամիջոցները՝ առանց քննութեան եւ ստուգումներու։ Ատրպէյճանցիներուն համաձայն,  Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան իններորդ կէտին մէջ նշուած «անարգել երթեւեկութիւն» եզրը այս տրամաբանութիւնը ունի եւ ստեղծուելիք միջանցքը պէտք է դրուի ռուսական սահմանապահ ուժերուն ամբողջական հսկողութեան տակ։ Սակայն նման միջանցք խնդիրներ կրնայ յառաջացնել Հայաստան- Իրան սահմանային կապին համար։Իրանէն Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ բեռներու փոխադրութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կատարուի։ Հայեւիրանեան ցամաքային կապը այս միջանցքը կտրելո՞վ պիտի ապահովուի, թէ՞ այլ լուծումներ պիտի բերուին։ Խնդիրը բաւական խճճուած է եւ հայկական կողմին համար իսկական վտանգներ կը պարունակէ։
Պէտք է նաեւ նշել, որ Ռուսիա- Հայաստան- Ատրպէյճան Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան վեցերորդ կէտն ալ անորոշ վիճակ մը ունի։Կողմերուն միջեւ համաձայնաբար, յառաջիկայ երեք տարիներուն պիտի որոշուի Հայաստանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ ցամաքային կապ ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր մայրուղիին կառուցման ծրագիրը,որուն գործադրութենէն ետք ռուսական խաղաղապահ ուժերը վերաբաշխում պիտի կատարեն եւ մայրուղին իրենց հսկողութեան տակ պիտի առնեն։ Կառուցուելիք մայրուղին, ըստ ատրպէյճանական քաղաքական շրջանակներու, չ՛իրականանար, որովհետեւ անոր կառուցումը չի բխիր Ռուսիոյ շահերէն։ Ռուսերը ներկայիս հակակշիռ հաստատած են արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Լաչինի միջանցքին վրայ եւ համաձայն չեն այլընտրանքային մայրուղիի մը, թէեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նոյնիսկ յայտարարած է, որ այլընտրանքային մայրուղին կրնան շատ աւելի շուտ կառուցել։
Ատրպէյճան յստակ է, որ Լաչինի միջանցքին դէմ Զանգեզուրի միջանցք կը պահանջէ։ Ռուսիա ասիկա արդէն իսկ քաղաքական խաղաքարտի վերածած է։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.