Իշխան Սաղաթէլեան. «Շարժման Նպատակն Է` Կանխել Արցախի Հայաթափումը, Հայաստանի Թրքացումը, Հայաստանի Ինքնիշխանութեան Սպառնացող Վտանգները»

Երէկ` հինգշաբթի, 16 յունիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան Ֆրանսայի հրապարակին վրայ հանդէս եկած է մամլոյ ասուլիսով:

Սաղաթէլեան անգամ մը եւս ամփոփ ներկայացուց երկու ամիսներու ընթացքին «Դիմադրութեան» շարժման գործունէութիւնը, անցած ճամբան, յստակ ձեռքբերումները, խօսեցաւ շարժման կառուցուածքին, մարտավարութեան փոփոխութեան եւ ընելիքներուն մասին:

Իշխան Սաղաթելեան նշեց, որ այս շարժման պարտութիւնը ժողովուրդի պարտութիւնն է` աւելցնելով, որ այս շարժումը եւ այս գաղափարախօսութիւնը իշխանափոխութեամբ չ՛աւարտիր, աւելի՛ն` իշխանափոխութենէն ետք ասիկա պիտի դառնայ յաջորդ իշխանութեան հիմնական գաղափարախօսական դրոյթներէն մէկը, որովհետեւ այս շարժման նպատակն է կանխել Արցախի հայաթափումը, Հայաստանի թրքացումը, Հայաստանի ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգները: Ասիկա օրակարգ է, որ իշխանափոխութենէն ետք եւս պէտք է իրականացուի: Անկարելի է այս շարժումը չյաջողի»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.