Իշխան Սաղաթէլեան․ Ընդդիմութեան միաւորումը ազգի փրկութեան խնդիր է

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտնած է, որ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետ համակարծիք է այն հարցին մէջ, թէ ընդդիմութեան միաւորումը քաղաքական պարզ գործընթաց մը չէ, այլ ազգի փրկութեան խնդիր։ Այս մասին ան նշած է NEWS.am-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։

Սաղաթէլեանի համաձայն, ընդդիմութեան հիմնական առաջադրանքը առկայ հսկայական հակաիշխանական տրամադրութիւնները քաղաքական դրամագլուխի վերածելն ու յառաջիկայ ընտրութիւններուն բարձր մասնակցութիւն ապահովելն է։ Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է շարժիլ ամէնէն իրատեսական եւ արդիւնաւէտ ճանապարհով։

Սաղաթէլեան նշած է, որ խոշոր ընդդիմադիր պլոքներու ձեւաւորումը կրնայ նպաստել այս նպատակներուն իրականացմանը՝ հնարաւորութիւն տալով իւրաքանչիւր բլոքի մոբիլիզացնելու իր թիրախային ընտրազանգուածը, մինչդեռ արհեստական միաւորումները կրնան հակառակ ազդեցութիւն ունենալ։ Սաղաթէլեան նաեւ յայտնած է, թէ ներկայիս արդէն կը ձեւաւորուին նման բլոքներ, եւ յոյս յայտնած է, որ այդ գործընթացը պիտի շարունակուի։

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ ընդդիմադիր ուժերու միջեւ հիմնարար հարցերու շուրջ համախոհութիւն ձեւաւորելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին, նշելով, որ իրենց կողմէ առաջադրուած հինգ կէտերուն շուրջ արդէն գոյութիւն ունի համախոհութիւն։

Աւելի վաղ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, անդրադառնալով ընդդիմութեան մէջ տիրող իրավիճակին, յայտարարած էր, որ ամիսներ շարունակ ընթացող բանակցութիւնները ընդդիմադիր ուժերու միջեւ որեւէ համաձայնութեան չեն յանգեցուցած՝ նշելով, թէ պառակտուած ընդդիմութիւնը միաւորելու միակ կարող ուժը գործարար Սամուէլ Կարապետեանն է։