Իշխանութիւնը սկսաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դէմ ուղղուած խորհրդարանական քննութիւնը. Ընդդիմութիւնը կը մերժէ մասնակցիլ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ հոկտեմբեր 26-ին գումարուած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ գործունէութիւնը քննութեան ենթարկող խորհրդարանական յանձնաժողովին առաջին նիստը՝ իշխանական «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան եօթը պատգամաւորներու մասնակցութեամբ։
Յանձնաժողովը, որ ստեղծուած էր հոկտեմբեր 6-ին իշխող մեծամասնութեան նախաձեռնութեամբ, իր անդրանիկ նիստին հաստատած է աշխատանքային կանոնակարգը։
Յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան ներկայացուցած է քննութեան ընթացակարգերը՝ նշելով, որ կառոյցը կրնայ հրաւիրել պետական պաշտօնատարներ, մասնագէտներ եւ փորձագէտներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպել բաց կամ փակ նիստեր։
Իշխանութիւնները յանձնաժողովին ստեղծումը կը հիմնաւորեն Եկեղեցւոյ ներքին կառավարման, թափանցիկութեան եւ շարք մը բարձրաստիճան հոգեւորականներու գործունէութեան առնչուող հարցերու ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութեամբ։
Սակայն «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» խորհրդարանական ընդդիմադիր խմբակցութիւնները մերժած են մասնակցիլ յանձնաժողովին աշխատանքներուն՝ նախաձեռնութիւնը նկատելով ապօրինի եւ հակասահմանադրական։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւս խստօրէն հակադրուած է իշխանութիւններու նախաձեռնութեան՝ կառավարութեան պատրաստած զեկոյցը բնութագրելով իբրեւ հակասահմանադրական, հակականոնական եւ ապօրինի։
Այս զարգացումը նոր հանգրուան մը կը հանդիսանայ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ սրուող հակադրութեան մէջ։ Փաշինեան նախապէս հրապարակաւ պահանջած էր Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հեռացումը եւ Եկեղեցւոյ ղեկավարութեան փոփոխութիւնը։
Ընդդիմադիր շրջանակներու եւ Մայր Աթոռի շեշտած են, որ պետութեան կողմէ եկեղեցական ներքին հարցերու քննութիւնը կը վտանգէ Եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը եւ պետութիւն–Եկեղեցի սահմանադրական յարաբերութիւններու հաւասարակշռութիւնը։
Հետեւաբար, յանձնաժողովի գործունէութիւնը կը շարունակէ բանավէճի առարկայ մնալ ոչ միայն իր քաղաքական նպատակայարմարութեան, այլեւ իրաւական հիմնաւորումներուն տեսանկիւնէն։