Ինչպէ՞ս Ռուսիան փոխեց Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը

Ռաման Ղաւամի fairobserver.com կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ‚ որ 2011-էն ի վեր Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնը փոթորկալից է։ Հակառակ երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած նոր դաշնակցութեան՝ անիկա անհերքելի կերպով ի նպաստ Ռուսիոյ է։ Այդ մէկը իրագործելու համար՝ Մոսկուա հասկցաւ քրտական հարցին Անգարայի համար ներկայացուցած գոյութենական մեծ վտանգը եւ զայն օգտագործեց ի նպաստ իրեն՝ շահագործելով քիւրտերը‚ մասնաւորաբար Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ)։ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ քրտական հարցը իրարու կապելով՝ Ռուսիան կրցաւ Սուրիոյ մէջ թրքական քաղաքականութիւնը կողմնորոշել ի նպաստ իրեն։

Թուրք-քրտական ծայրայեղ լարուածութեան պայմաններուն մէջ արձանագրուեցաւ թրքական բանակին կողմէ ռուսական օդանաւը վար առնելու միջադէպը։ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին սպառնաց‚ որ այդ մէկը «Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն համար լուրջ հետեւանքներ» պիտի ունենայ։ Իրապէս ալ‚ հետեւանքները սուղ արժեցին Անգարայի‚ որովհետեւ Մոսկուային տրամադրեց Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու մեծագոյն առիթը։

ՔԱԿ իր ձախողած պատերազմի եւ քանդուած խաղաղութեան հոլովոյթին համար վրէժ լուծելու կը ձգտէր։ Ռուսիան քիւրտերուն մէջ տեսաւ կրկնակի ռազմավարութիւն մը‚ որ ոչ միայն Թուրքիոյ վճարել պիտի տար կործանիչ դէպքին համար‚ այլ նաեւ պիտի փոխէր վերջինին Սուրիոյ նկատմամբ քաղաքականութիւնը։ 13 Մայիս 2016-ին‚ ՔԱԿ վար առաւ թրքական բանակին պատկանող «Քոպրա» տիպի ուղղաթիռ մը՝ օգտագործելով ՄԱՆՓԱՏՍ (ձեռքէ արձակուած հակաօդային պաշտպանութեան համակարգ «Հ»)‚ եւ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Ռուսիան ամբաստանեց ՔԱԿ-ին այդպիսի զէնքեր տրամադրելու հարցով։ Այն իրողութիւնը‚ որ Ռուսիան ՔԱԿ-ի զէնքեր ծախած է թէ ոչ‚ ոչ մէկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ‚ որովհետեւ Մոսկուա հասկցաւ քիւրտերուն պատճառով թրքական կառավարութեան հալածախտային մղձաւանջը եւ առիթը շահագործեց։

Այս բոլոր դէպքերուն ժամանակացոյցը կը յստակացնէ Ռուսիոյ ռազմավարութիւնը։ Առաջին՝ 4 Նոյեմբեր 2015-ին Թուրքիա վար առաւ ռուսական կործանիչը։ Անկէ ետք‚ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 23 Դեկտեմբեր 2015-ին Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ քիւրտ քաղաքագէտ Սելահետտին Տեմիրթաշի հետ՝ օգտուելով քրտական քաղաքական ուժի աճին նկատմամբ թրքական վախէն։ Ապա Մայիս 2016-ին ՔԱԿ վար առաւ ուղղաթիռը։ Վերջապէս 27 Յունիսին, ՔԱԿ-ի յարձակումներէն մէկ ամիս ետք‚ Էրտողան ներում հայցեց Փութինէն։

Էրտողանը Փութինին ներողութեան խնդրանքի նամակ յղելու մղած ամենէն կարեւոր պատճառը այն է‚ որ Թուրքիան քիւրտերու կողմէ թէ՛ քաղաքական (Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն եւ Ժողովդրավարական Միութիւն կուսակցութիւն) եւ թէ՛ զինուորական (ՔԱԿ եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ) հետզհետէ աճող ճնշումի տակ էր։ Ուստի‚ Ռուսիան քրտական ազդակը հմուտ կերպով օգտագործեց Թուրքիոյ դէմ՝ իբրեւ Սուրիոյ նկատմամբ Անգարայի քաղաքականութիւնը փոխելու միակ միջոց։ Մոսկուա Թուրքիոյ մէջ ՔԱԿ-ն ու քիւրտերը օգտագործեց ամրապնդելու համար Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ իր ռազմավարութիւնը։

Ամերիկեան դիրքի տկարացում

Իբրեւ հետեւանք‚ Ռուսիա ոչ միայն վնասազերծեց Սուրիոյ մէջ թրքական քաղաքականութիւնը‚ այլ նաեւ յաջողեցաւ Թուրքիան իր կողքին առնելով տկարացնել շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներուն դիրքը։ Մինչեւ այն ատեն‚ որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարց գոյութիւն ունի Էրտողանի համար շատ դժուար պիտի ըլլայ Ռուսիոյ ազդեցութեան ոլորտէն հեռանալ։

Սուրիոյ մէջ աւելի քան վեցամեայ պատերազմէն ետք յստակ դարձած է‚ որ ո՛չ ամերիկացիները‚ ո՛չ ալ թուրքերը կամ քիւրտերը յաղթելու դիրքի վրայ են։ Մարդասիրական աղէտէ եւ միլիառաւոր տոլարներու մսխումէ ետք ո՛չ արեւմտեան ուժերը‚ ո՛չ ալ անոնց դաշնակիցները ըմբռնած են‚ որ Միջին Արեւելքի մէջ թրքական քաղաքականութիւնը հիմնուած է քրտական հարցին նկատմամբ գոյութենական վախին վրայ։ Ասիկա Ռուսիոյ եւ Իրանին ուզածն էր‚ որովհետեւ այժմ անոնք գերակայ դիրքի վրայ են, եւ Թուրքիան դադրած է Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու ձգտելէ։

Ներկայիս‚ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգներ մրցակցութեան մէջ են‚ թէ անոնցմէ ո՛վ կրնայ Թուրքիան իբրեւ դաշնակից ապահովել։ Անշուշտ այդ մէկը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն ապագան կրնայ վտանգել‚ որովհետեւ Անգարայի ամբողջական դաշնակցութիւնը ապահովելու միակ միջոցը քիւրտերը պարտութեան մատնելու առաւելագոյն աջակցութեան տրամադրումն է‚ բան մը, որ Ռուսիան այժմ կը կատարէ։ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ քիւրտերը շահագործուեցան, եւ անոնց ապագան կը դառնայ աւելի պղտոր, մինչ Ասատի ուժերը կը յառաջանան դէպի քրտական շրջաններ։ Քիւտերը չէին հրաւիրուած Ասթանայի մէջ խաղաղութեան բանակցութիւններուն‚ ռուսերը պիտի շարունակեն անոնց հետ բանակցիլ՝ օգտագործելով քուլիսային միջոցներ‚ որպէսզի զանոնք պահեն իրենց կողքին։

Թրամփի վարչակազմի իշխանութեան գալով՝ յստակ է‚ որ Միացեալ Նահանգներ բաւական ազդեցութիւն կորսնցուցած են Միջին Արեւելքի մէջ‚ որովհետեւ Ռուսիան ու Իրանը կը ղեկավարեն Սուրիոյ վերաբերեալ բանակցութիւնները։ Եթէ Ուաշինկթըն կ’ուզէ սեղանը շրջել‚ պէտք է զարգացնէ քրտական քաղաքականութիւն մը‚ որ առանց քաղաքական իրաւունքներու տրամադրման քիւրտերը պարզապէս զինելէն անդին երթայ եւ հասկնայ քրտական հարցի աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.