ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԵՆՔ ՅԱՋՈՂԻՐ ՄԻԱՑՈՒՄ ՍՏԵՂԾԵԼ ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՊԱՌԱԿՏՈՒԻՆՔ

Յ. Պալեան

            Այսօր Մայիս 28 է: Ինծի պէս շատերու հոգիին եւ միտքին վրայ կապարի պէս նստած են պարտութիւնը, մեր պառակտումները, շարունակուող կորուստները: Ի՞նչ տօնել եւ ինչպէ՞ս երբ արդէն փոքրացած Հայաստանը դեռ կրնայ փոքրանալ, երբ Հայաստանը դարձած է ցոյցերու թատերաբեմ, երբ հազարաւոր ոստիկաններ պատ կը հիւսեն բողոքի դէմ: Իշխանութիւններու խլութիւնը եւ բողոքողներու ալիքը իրարու վրայ գումարած ի՞նչ բանի խոստում են:

            Համացանցի վրայ կը գտնենք գեղեցիկ լուսանկարները իշխանութեան, անոր զանազան հանդիպումներուն: Կը տեսնենք նաեւ լուսանկարները ցոյցերու, որոնք օղակուած են զինեալ ջոկատներով, յիշեցնելով անցեալի մոռցուած պատկերները:

            Դժբախտներ եւ պարտուածներ միշտ սիրած են խօսիլ իրենց երազածի եւ չունեցածի մասին: Մենք այդպէս եղած ենք մեր պատմութեան ընթացքին:

            Այսօր Հայաստանէն հրաւէր մը ստացայ Յունիսին Երեւանի մէջ գումարուելիք ժողովի մը մասին, ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹԱԿ անուանումով: Կրկին պիտի խօսինք մեր չունեցած միասնութեան մասին: Հին էջեր կը դարձնէի: Այսօր չէ որ միայն կը խօսինք միասնութեան եւ եղբայրութեան մասին: ԺԹ. դարու Պոլսոյ հայ գրականութեան առաջին դէմքերէն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան հոգեխռով պարզութեամբ խօսած է այս մասին:

            Կը հրաւիրեմ միասնութեան տագնապ ապրողները ընթերցելու արդէն մէկուկէս դար առաջ ըսուածը եւ գրուածը, որ տաղ է միասնութեան եւ եղբայրութեան, բայց չենք լսած, կը լսե՞նք օր մը:

            Այնքա՜ն պարզ է եւ խորունկ օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրած բանաստեղծի կանչը.

 

ԵՂԲԱՅՐ ԵՄՔ ՄԵՆՔ

Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան (1828-1968)

 

Ի բիւր ձայնից բնութեան շըքեղ

Թէ երգք թռչին սիրողաբար,

Մատունք կուսին ամենագեղ

Թէ որ զարնեն փափուկ քընար,

Չունին ձայն մի այնքան սիրուն,

Քան զանձկալի Եղբայր անուն:

 

Տո՛ւր ինձ քու ձեռքդ, եղբա՛յր եմք մենք,

Որ մըրըրկով էինք զատուած,

Բաղդին ամէն ոխ չարանենգ

Ի մի համբոյր ցրուին ի բաց.

Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն,

Քան զանձկալի Եղբայր անուն:

 

Երբ ալեւոր Մայրն Հայաստան

Զորդիս իւր քովէ քով,

Սըրտին խորունկ վէրքըն դաժան

Քաղցր արտասուած բուժին ցօղով.

Ընդ աստեղօք ինչ կայ սիրուն,

Քան զանձկալի եղբայր անուն:

 

Մէկտեղ լացինք մենք ի հընում…

Եկէ՛ք դարձեալ յար անբաժան

Խառնենք զարտօսր եւ ըզխնդում,

Որ բազմածնունդ ըլլայ մեր ջան.

Ընդ աստեղօք ինչ կայ սիրուն,

Քան զանձկալի Եղբայր անուն:

 

Մէկտեղ յոգնինք, մէկտեղ ցանենք,

Մէկտեղ թափին մեր քրտինքներ,

Եզհունձ բարեաց յերկինս հանենք,

Որ կեանք առնուն հայոց դաշտեր.

Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն

Քան զանձկալի Եղբայր անուն:

Խօսք՝ որ արդի քաղաքական բառապաշարով չէ արտայայտուած, բայց ոչինչով պակաս է մեր քանքարաթաքոյց, օտար բառերով եւ օտարաբանութիւններով խճողուած ճառերէն եւ թատերական ելոյթներէն:

            Եթէ լսած ըլլայինք, եթէ լսենք զանձկալի Եղբայր անունը, ինչե՜ր կը փոխուին մեր կեանքին մէջ: Բայց մենք կեանքի մէջ կը քալենք խուփ ականջներով եւ կը լսենք միայն մեր նուագը: Յուսա՞լ, թէ՞ յուսահատիլ:

            Այս մտքերով տարուած էի, երբ համացանցի վրայ յայտնուեցաւ Սփիւռքի նախկին նախարար եւ մտաւորական Հրանուշ Յակոբեանի Մայիս 28ի մասին գրառումը, որ իշխանութիւնները անզօր են յարգել տալու «գերիների մասին պայմանաւորուածութիւնը» եւ «ադրբեջանական զինուած ուժերը դուրս չեն եկել Հայաստանի ինքնիշխան տարածքից»: Եւ «իր հիւանդ երեւակայութեամբ Ալիեւ եկել հասել է Երեւան՝ գրաւելով Սեւանը»…

            Պարտք կը զգամ կրկին յիշեցնելու, որ այս վերաբերումին դիմաց, Հայաստանի կրթական ծրագրին մէջ պիտի ներառնուի «ադրբեջաներէնի» ուսուցումը հայ նորահաս սերունդներուն:

            Հրանուշ Յակոբեանի խօսքը կոչ է վտանգին դէմ՝ միասնութեան: Կ’ըսէ. «…ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակում լրջօրէն վտանգուած է հայ ժողովրդի անվտանգութիւնն ու Հայաստան պետութեան ինքնիշխանութիւնը, որ հարիւր տարուան արհեստական պետութիւնը փորձում է իրեն վերագրել մեր հինաւուրց երկրի մի մասը՝ աւերելով մեր պատմական ժառանգութիւնը»…

            Միասնութեան կոչ են Հրանուշ Յակոբեանի անշրջանցելի հաստատումները, որոնցմէ ճապկումներով խոյս տալու ընթացքը անուն ունի:

            Արդարեւ, ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերը պիտի անարգուին: Կ’ըսուի. «…հայ-թուրքական սահմանը բացելու դէպքում դրանք  ցանկանում են անցակէտը  կոչել հայասպան Թալէաթի անունով»: Անարգանք մեռածներուն, ապրողներուն եւ ղեկավարութիւն խաղցողներուն հանդէպ:

            Եւ կրկին ցեղացսպանութեան ուրուականը. «Մի՞թէ պարզ չէ, որ Արցախն ադրբեջանի վերահսկողութեանն անցնելուց յետոյ կամ ստիպուած են բոլորը բռնագաղթել կամ ցեղասպանուել»:

Պարտուողական եւ թրքամէտ ղեկավարներուն ուղղուած խօսք ունի Հրանուշ Յակոբեան. «Այդպէս մտածողներին  խորհուրդ կը տամ միլի մեջլիսում ելոյթ ունենալ եւ պաշտպանել նրանց շահը: Այդպիսիներից կը ցանկանայի լսել մի ադրբեջանցու կամ թուրքի անուն, ով իրենց պառլամենտում հայկական շահն է սպասարկում կամ մեր մասին մի դրական խօսք ասում»:

            Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանէն Հրանուշ Յակոբեան, երկու դար է արդէն, որ կ’երազենք «Եղբայր եմք մենք», զոր չենք գտներ, կը խարխափենք, ազգի ճակատագրին եւ իրաւունքին մասին թշնամիին հետ անհաւասար պայմաններու մէջ խաղ կ’ընենք:

            Անբուժելի դարձած հաւկուրութեամբ, բանակ են անոնք, որոնք չեն տեսներ, թէ Ալիեւը Սեւան եւ Երեւան կ’երազէ, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ռազմափորձեր կ’ընեն… Կարսի մէջ, Հայաստանէն քարընկեց մը հեռու:

            Ինչպէ՞ս ազգային-քաղաքական իրաւութեամբ գործի վերածել «Եղբայր եմք մենք»-ը: Վաղը ուշ կ’ըլլայ, ուշի չարիքէն ետք աւաղել եղերամայրի գործ է, կամ ներսի եւ դուրսի թեթեւսոլիկ չանհանգստացող ինտելիգենտի, որ կը մտածէ եւ կը գործէ «ինձմէ ետք ջրհեղեղ»ի (չ)իմաստութեամբ, պարտութիւնը հպարտութիւն եւ յաղթանակ համարելով:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.