Ինչո՞ւ Կ՝ուշանայ Պատերազմի Համակողմանի Քննարկումը
Կարօ Արմենեան
Արդէն 9 ամիսներ անցած են Նոյեմբեր 9, 2020-ի համաձայնագրի հրապարակման օրէն և տակաւին ոչ մէկ յստակ նախաձեռնութի՛ւն՝ 44-օրեայ Պատերազմի առարկայական քննարկումը կազմակերպելու ձգտող և Պատերազմի համակողմանի գնահատականը մեր երկրի հանրութեան և առհասարակ ազգի իրազեկման բերելու կոչուած։ Չմոռնանք, որ 44-օրեայ Պատերազմը մեծ ջրբաժան մըն է հայ անկախ պետականութեան կեանքին մէջ։ Գոյութենական աշխարհացունց ճգնաժա՛մ մը՝ զոր ազգովին յաղթահարելու խնդիր ունինք այսօր և իրաւունք չունինք ծուլութեան, տեղքայլի, ձգձգումներու, անգործութեան, անփութութեան։ Մեր պարտութեան իսկական փաստերը ազգովին իմանալու հրամայականը կը ծանրանայ թէ՛ իշխանութիւններու և թէ՛ ընդդիմութեան ուսերուն։ Եւ կը ծանրանայ իւրաքանչիւր հայու խղճին վրայ։
Դիմատետրի ընկերներուս հետ կը բաժնեմ նոր լոյս տեսած և մեծապէս շահեկան ուսումնասիրութիւն մը ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորական՝ Պրոֆ. Էտուըրտ Ճ. Էրիքսընի գրչէն։ Գնդ. Էրիքսըն կու տայ մանրամասն վերլուծականը 44-օրեայ Պատերազմին։ Յօդուածը լոյս տեսած է Ամերիկեան Բանակի ռազմական ուսումնասիրութիւններու հանդէս՝ Military Review-ի Օգոստոս 2021-ի համարին մէջ։ Յօդուածին հեղինակը, ըստ տողատակի կենսագրական գծերուն, ռազմական գործի խորունկ փորձառութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն մըն է, որ ներկայիս հանգստեան կոչուած է ԱՄՆ-ի զինուժի շարքերէն և կը պաշտօնավարէ որպէս միջազգային յարաբերութեանց դասախօս Antalya Bilim University-ի մէջ, Թուրքիա։ Յօդուածին բովանդակութիւնը հարուստ է տեղեկութեամբ թշնամիի կարողականութեանց Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իսրայէլ սերտ համագործակցութեան մանրամասն տուեալներով, ռազմաճակատի շարունակական տեղաշարժերու վերլուծումներով և աչք-բացող ռազմավարական տուեալներով։ Յօդուածը չի խօսիր Պատերազմին հետ առընչուող տարածաշրջանային քաղաքականութեան եզրերուն մասին։ Ոչինչ կ՚ըսէ Ռուսաստանի մասին։ Եւ, անշուշտ, յօդուածին սեւեռակէտն է ցոյց տալ Ազրպէյճանի որակական գերակայութիւնը հիմնուած՝ Արևմտեան զէնքի և մարտակարգի կարողականութիւններուն վրայ։ Ան չ՚ըզբաղուիր, օրինակ, այն հարցով, թէ ինչո՞ւ Ռուսաստան որոշեց չմիջամտել այս պատերազմին, ինչպէս Ռուսաստան ըրած էր նախապէս։ Այդ հարցերը դուրս կ՚իյնան յօդուածի քննարկումներու շրջագծէն։Եւ այդ իսկ պատճառով կենսական է, որ անյապաղ հրապարակ դրուի մեր պետական գնահատականը այս շատ կարևոր խնդիրներու մասին։ Մեր հանրութիւնը պէտք է իր լուսաբանութիւնը ստանայ մեր իսկ փորձառութիւնը դրսևորող հեղինակութիւններէն։ Ըսած եմ նախապէս և կը կրկնեմ։ Պէտք է գործեն երկու քննիչ մարմիններ իրարմէ անկախաբար։ Պետակա՛նը՝ ՀՀ Ազգային Ժողովին տեսակէտը բացայայտող։ Եւ հանրայի՛նը՝ ոչ-պետական անկախ հեղինակութեամբ։ Երկուքն ալ՝ հիմնուած փաստերու առարկայական քննութեան վրայ։ Երկուքն ալ՝ յստակ ժամկէտով։
Կարևոր է նաև, որ միջազգային հանրութիւնը իմանայ այս Պատերազմի իրական պատմութիւնը մեր իսկ մեկնաբանութեամբ և մեր կողմէ ներկայացուած փաստերով։ Այլապէս թշնամին իր քարոզչական մեքենայով և իրեն համակիր վերլուծաբաններով իր գունաւորումը պիտի պարտադրէ համաշխարհային հասարակաց կարծիքին հող պատրաստելով նորանոր յափշտակութեանց։ Մենք իրաւունք չունինք համաշխարհային տեղեկատուական պատերազմը կորսնցնելու։ Մենք իրաւունք չունինք այսքան անփոյթ ու անզէն ըլլալու թշնամիին դիմաց։