ԻԶԱՊԷԼ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐ

Փառաբանուած իր «երաժշտական ​​գիտելիքներու, ճոխ ձայնի, տպաւորիչ եւ զգայուն ելեւէջներու տիրապետութեան համար» (Opera News), Իզապէլ երախտագիտութեամբ կը պատմէ երգերու այս հաւաքածոյի ուսումնասիրութեան եւ մշակման գործնթացքը, որոնցմէ շատերը անտեսուած էին կամ անհոգութեան մատնուած, իսկ բազմաթիւ երգեր անձնապէս ինք կ՝երգէր որպէս աղջնակ մը նախակրթարանի տարիներուն: «Այս երգերը ինծի ցոյց տուին, որ երաժշտութիւնը իսկապէս ուժ ունի անցեալը և ապագան կամրջելու եւ ձայն տալու այն ձայներուն, որոնք վաղաժամ լռութեան մատնուեցան՝ ցեղային, ազգային եւ կրօնական դաւանանքի պատկանելութեան պատճառներով: Չկայ՛ կեանքի եւ գոյատեւման աւելի լաւ տօնակատարութիւն, քան երգ կամ մեղեդի երգելը»:

Իզապէլին համար «այս երգերու հաւաքածոյի սերմերը ցանուած էին մէջս երբ ես դեռ շատ փոքր էի: Աղօթքները, օրօրերգերն ու մանկական երգերը, որոնք մայրս ինծի համար կ՝երգէր, անցեալին կ՝երգուէին Ատանայի, Սեբաստիայի, Կեսարիայի, Ակնի, Տիարպէքիրի, Վանի, Խարբերդի, եւ Անիի մէջ, եւ կը փոխանցուէին սերունդէ սերունդ, ի վերջոյ հասնելով իմ մեծ մեծ մօրս՝ Իզապէլ Սէրայտարեանին (որուն անունով զիս կոչեցին), մեծ մօրս՝ Մարիին, երկուքն ալ վերապրողներ Հայ Ցեղասպանութենէն եւ զանգուածային տեղահանութիւններէն: Մայրս այս երգերը երգեց իր զաւակներուն, իսկ ես այսօր կը շարունակեմ այս աւանդոյթիւնը եւ կ՝երգեմ իմ զաւակներուս»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.