Ի՞նչ կ՚ուզեմ, ի՞նչ կ՚ուզենք. Երկիր, ուր յանձնառու զգայ իւրաքանչիւր հայ

Ի՞նչ կ՚ուզեմ, ի՞նչ կ՚ուզենք

(Դառնալու համար համահեղինակ)

ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ

Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեանի հրապարակային հաղորդումին, թէ «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական ծրագրին շնորհիւ «բոլորը կարող են ոչ միայն ստանալ իրենց հետաքրքրող այս ու շատ այլ հարցերի պատասխանները, այլև մասնակցել քննարկումներին, հանդես գալ առաջարկներով՝ դառնալով «Հայաստան» դաշինքի նախընտրական ծրագրի ՀԱՄԱՀԵՂԻՆԱԿ» (ԵՐԿԻՐ, 26 մայիս 2021), ահա ուրեմն ես ալ կը փորձեմ իմ փոքր ներդրումս ունենալ, համոզուած նաեւ, թէ կրնամ թերեւս շատերու մտածումներուն ալ թարգմանը հանդիսանալ։

Ի՞նչ տեսակ երկիր կ՚ուզենք ունենալ։

Չեմ ուզեր վերստին բանաձեւել մեր Մեծ երազը։ Այդ լաւապէս բանաձեւուած է, եւ վստահ եմ, որ իմ կողմէ վերահաստատուելու կարիքը չունի։

Նախընտրական ծրագիրն ալ, որ այս տողերը գրած պահուս տակաւին չեմ կարդացած, վստահ եմ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ երկրի ռազմական, քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու վերաբերեալ անհրաժեշտ առաջադրանքները։

Ես սակայն խօսիլ կ՚ուզեմ մանրամասնութիւններու մասին, քանի որ մանրամասնութիւններո՛ւն մէջ է Աստուած (կամ՝ սատանան)։

Ուրեմն, առաջին ցանկութիւնս է, որ մեր Հայաստանը ըլլայ այնպիսի երկիր մը, ուր ապրիլը ոչ թէ ազգասիրութեան համար ըլլայ, այլ որովհետեւ հոն բնակիլը նախընտրելի պիտի ըլլայ ուրիշ որեւէ տեղ ապրելէ։ Աւելի հանգիստ, աւելի ապահով, աւելի հոգեպարար, աւելի իմաստալից։

Երկիր, զոր պաշտպանելու համար, սեփական կեանքն ալ նուիրելու պատրաստ ըլլայ իւրաքանչիւր հայ՝ այդ հողին վրայ ապրի թէ ոչ։

Երկիր, ուր իւրաքանչիւր բնակիչ կարենայ աշխատիլ ու իր աշխատանքը գնահատուած ըլլայ, եւ գնահատուած ըլլայ այնպէ՛ս՝ արդա՛րօրէն, իր արժանիքի՛ն համեմատ եւ ոչ թէ ունեցած կապերուն՝ «խնամի-ծանօթ-բարեկամ» դրութեան ճամբով, որ չուզէ բնակավայրը փոխել ուրիշ որեւէ վայրի հետ։

Երկիր, ուր մանաւանդ իրենց գործին խիստ կարեւոր հանգամանքին դիմաց ճի՛շտ գնահատուած ըլլան ուսուցիչները, արուեստագէտները, մշակոյթի գործիչները, գիտնականները, առողջապահութեան աշխատաւորները, երկրի ու նոր սերունդի զարգացման նուիրուած մասնագէտները։

Երկիր, մանաւանդ, ուր վերջ գտնեն անաշխատ եկամուտի հետապնդումը, ուրիշի քրտինքով սեփական գրպանները լեցնելու բոլո՛ր փորձերը, դիրք ու պաշտօն վաճառելու եւ գնելու ամե՛ն անփառունակ սովորութիւն, ինչպէս նաեւ ընչաքաղցութեան ու նիւթական հարստութեամբ յոխորտալու ախտերը։

Երկիր, ուր նոյն ասպարէզի աշխատողներուն միջեւ չար նախանձը, իրարու ոտքի տակ օճառ դնելու, մրցակիցը ձախողութեան մատնելու յոռի բարքերը փոխարինուին գործակցութեան ու իրարու նեցուկ կանգնելու, իրարու յաջողութեամբ հպարտանալու առաքինութիւններով։

Երկիր, ուր մէկ անգամ ընդ միշտ չքանան օտարամոլութիւնը, ստորակայութեան զգացումն ու ազգային սնապարծութիւնը։

Երկիր, մանաւանդ, ուր քաղաքական ասպարէզը հաւաքական շահի սպասարկութեան եւ ո՛չ թէ սեփական շահի հետապնդման ծառայէ։

Երկիր, ուր կատարածիդ որակը ըլլայ առաջնահերթ, ուր կատարածիդ հպարտութիւնը ըլլայ այդ որակի՛ն իսկ մէջ՝ այդ ըլլայ մտքի աշխատանք թէ ձեռքի՝ գործի ասպարէզի, մշակոյթի թէ մարմնամարզի ոլորտներուն մէջ։ Որակ՝ մրցելու աշխարհի բարձրագոյն մակարդակներուն վրայ։

Երկիր, ուր վերջ տրուի ամեն տեսակ խտրականութեան, ուր բոլորը վայելեն նոյն իրաւունքները, վարձատրութեան նոյն չափորոշիչներով եւ ոչ ըստ սեռի, դաւանանքի կամ այլ տարբերութիւններու։

Երկիր, ուր ամեն հայ, անկախ իր ծննդավայրէն, արժանանայ փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի, զգայ մէկ ազգի իր պատկանելութիւնը։

Երկիր, ուր ազգային արժէքները հիմնուած ըլլան իրապէս ազգային աւանդական բայց միաժամանակ արդիական ըմբռնումներու վրայ, համընթաց՝ քաղաքակիրթ մարդկութեան զարգացման հետ։

Երկիր, ուր այր ու կին հաւասարապէս պատասխանատու ըլլան իրենց ընտանեկան բարոյական սրբութիւններու պահպանման, իրենց ստանձնած յանձնառութեան ու փոխադարձ հաւատարմութեան։

Երկիր, ուր հողի պաշտպանութեան ու պահպանման հաւասար նախանձախնդրութեամբ պաշտպանենք ու պահպանենք մեր ազգային ժառանգութիւնը, նիւթական թէ աննիւթական, սկսելով հաւատքէն, լեզուէն, մշակոյթէն, պատմութենէն մինչեւ հնագոյն ձեռագիրը, մինչեւ յետին գիւղին վերջին աղբիւրը, որ հազարաւոր տարիներու թռիչքով մեզի է հասեր որպէս սուրբ ժառանգ։

Վերջապէս երկիր, ուր այս բոլորին համար հաւասարապէս պատասխանատու ու յանձնառու զգայ իւրաքանչիւր հայ, աշխարհի վրայ ո՛ւր ալ գտնուի։

Ահա թէ ի՛նչ կ՚ակնկալեմ որ յաջողի կատարել հայրենի պետութիւնը, ինչ մթնոլորտ ստեղծէ, որ այս ըսածներս իրականութիւն դառնան։

Յոյսս է, որ այս պահանջ-ցանկութիւնները մաս կարենան կազմել մեր նախընտրական եւ յետընտրական ծրագրին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.