Ժընեւի մէջ յառաջընթաց․ Իրան–ԱՄՆ բանակցութիւնները նոր փուլ կը մտնեն
- (0)

Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան հետ կայացած բանակցութիւններու աւարտին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի դրական գնահատեց բանակցութիւններու ընթացքը, յայտնելով, որ «հնարաւորութիւններու նոր պատուհան մը կը բացուի»։
Ան նշեց, թէ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները ընդհանուր համաձայնութեան եկած են այն հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ, որոնց հիման վրայ պիտի շարունակուին Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերող բանակցութիւնները։
«Կը յուսանք, որ այս գործընթացը պիտի առաջնորդէ տեւական լուծումի մը, որ ձեռք պիտի բերուի բացառապէս դիւանագիտական միջոցներով»,– շեշտեց Արաղչին։
Նոյն ատեն ան կոչ ուղղեց Ուաշինկթընին՝ դադրեցնելու Իսլամական Հանրապետութեան դէմ ուժի կիրառման սպառնալիքները։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը տեղական լրատուամիջոցներուն յայտնեց, որ տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք, եւ արձանագրուած առաջընթացը չի նշանակեր, թէ համաձայնութիւնը մօտ ապագային պիտի ստորագրուի։ Այնուամենայնիւ, գործընթացը արդէն մեկնարկած է, ըսաւ ան։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերն ալ տեղեկացուց, որ բանակցութիւններու երկրորդ փուլը հիմնականօրէն նուիրուած էր մասնագիտական հարցերու քննարկման։ Օմանի արտաքին գործոց նախարարը առանձին շփումներ ունեցած է բոլոր կողմերուն հետ, որոնց ընթացքին անոնք իրենց դիրքորոշումները փոխանցած են միջնորդին, ըսաւ Էսմայիլ Բաղային։
Բաղային վերահաստատեց, որ Իրանի նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցներու վերացումը հիւլէական հարցին վերաբերող որեւէ համաձայնագրի անքակտելի բաղադրիչն է։ Ան նաեւ շեշտեց, որ իրանական պատուիրակութիւնը պատրաստ է Ժընեւի մէջ շարունակելու բանակցութիւնները այնքան ժամանակ, որքան հարկաւոր ըլլայ համաձայնութեան հասնելու համար։
Թեհրանն ու Ուաշինկթընը բանակցութիւնները վերսկսած էին փետրուար ամսուայ սկիզբին։ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կը պնդեն, թէ Իրան կը հետապնդէ հիւլէական զէնքի ստեղծում, որ կրնայ վտանգ ներկայացնել Իսրայէլի գոյութեան համար։ Իրանը, ընդհակառակը, կը յայտարարէ, որ իր հիւլէական ծրագիրը ունի բացառապէս խաղաղ նպատակներ։
Ուաշինկթըն կը ջանայ ընդարձակել բանակցութիւններու օրակարգը՝ ընդգրկելով նաեւ Իրանի հրթիռային ծրագիրը։ Թեհրան, սակայն, կը յայտարարէ, թէ պատրաստ է քննարկելու միայն հիւլէական ծրագիրի սահմանափակումները՝ պատժամիջոցներու մեղմացման դիմաց։ Հրթիռային ծրագիրը չի նկատուիր քննարկման ենթակայ, իսկ ուրանի հարստացման գործընթացէն հրաժարելու հարցը օրակարգի վրայ չէ։