«Թուֆենկեան» հիմնադրամը Արցախի գիւղերուն մէջ կը շարունակէ իրագործել բարեգործական ծրագիրներ

«Թուֆենկեան» բարեգործական  հիմնադրամին կողմէ Արցախի գիւղերուն մէջ իրականացուած են տարբեր ծրագիրներ։ Հիմնադրամը Արցախի մէջ կը գործէ 2003-էն ի վեր, եւ պատերազմէն ետք կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ  իր սկզբունքներուն` կատարելով մշակութային, առողջապահական լայնածաւալ աշխատանքներ:

«Ճոն եւ Յասմիկ Մկրտչեաններու հիմնադրամ»-ի (ԱՄՆ) եւ «Թուֆենկեան»-ի աջակցութեամբ` Հերհերի մէջ խաղավայր կառուցուած է (լուսանկար՝ Թուֆենկեան հիմնադրամի)

«Թուֆէնկեան»-ի կողմէ Ճարտարի մէջ վերանորոգած է 44-օրեայ պատերազմի մասնակից, պայմանագրային զինուոր, Ճարտարցի Արթուր Աւետիսեանի տունը: Աւետիսեանն  ականի պայթումէն վիրաւորուած է գիւղի պաշտպանութեան ժամանակ: Անոնց տան պայմանները շատ անմխիթար էին։ Շնորհիւ հիմնադրամին` ստեղծուած են ապրելու անհրաժեշտ բոլոր պայմանները։

Հիմնադրամը Մարտունիի Սօս գիւղին մէջ վերակառուցած է 2020-ի պատերազմին վիրաւորուած Յարութ Հենրիկեանի բնակարանը: Յարութը պաշտպանած է իր ծննդավայրը թշնամիին յարձակումէն եւ անօդաչու թռչող սարքի հարուածէն վիրաւորուած է ոտքերէն։ Ան մինչ այսօր մօտ տասը անգամ վիրահատուած է եւ կը շարունակէ իր բուժումը:

Մարտունիի Մաճկալաշէն գիւղին մէջ «Թուֆենկեան»-ի եւ գանատահայ նուիրատուներ` Քլարա Գասապեանի ու Վահէ Յակոբեանի աջակցութեամբ կառուցուած է խաղավայր, որուն բացումը տեղի ունեցած է 28 Յուլիսին:

Գիւղապետ Լեռնիկ Աւանեսեան անհրաժեշտ համարելով խաղավայրի կառուցումը, ըսած է, որ գիւղին մէջ կայ մօտ 80 երեխայ, որոնք իրենց օրուան մեծ մասը կ’անցնեն այստեղ: Համայնքի զարգացման համար ասիկա նոր հնարաւորութիւն մըն է։

Վերակառուցած է նաեւ Մաճկալաշէնի դպրոցի երկարամեայ մանկավարժ Լիւդմիլա Ծատուրեանի տունը, որ կը գտնուէր խիստ վատթար վիճակի մէջ:

«Ճոն եւ Յասմիկ Մկրտչեաններու հիմնադրամ»-ի (ԱՄՆ) եւ «Թուֆենկեան»-ի աջակցութեամբ` Հերհերի մէջ նոյնպէս խաղավայր կառուցուած է։ Համայնքապետ Արման Ալեքսանեան նշած է, որ «գիւղին մէջ կան 80 դպրոցական եւ 35 նախադպրոցական տարիքի երեխաներ, որոնք յատկապէս ամառնային արձակուրդներուն աւելի յագեցած պիտի անցնեն այստեղ»։

«Թուֆենկեան»-ի Արցախի ծրագիրներու կառավարիչ Էդուին Գրիգորեան նշած է, որպէսզի ընտանիքները շարունակեն ապրիլ իրենց գիւղին մէջ` պիտի ստեղծուին յարմարաւէտ պայմաններ, որոնցմէ են նաեւ երեխաներու համար խաղալու եւ ժամանցի վայրերը, եւ վստահեցուցած, որ գիւղերուն մէջ խաղավայրերու կառուցումը շարունակական պիտի ըլլայ:

Հերհերի մէջ պատերազմի ժամանակ հրթիռակոծութեան պատճառով փլած Հայրապետեաններու տան փոխարէն «Թուֆէնկեան»-ը կառուցած է նորը՝ կենցաղային անհրաժեշտ բոլոր պայմաններով:

— Ստեփանակերտէն 16 քմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ասկերանի Դահրաւ գիւղին մօտ հիմնուող բնակավայրին մէջ կ’ընթանան շինարարական մեծածաւալ աշխատանքներ: 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով Արցախի տարբեր շրջաններէ տեղահանուած բազմազաւակ ընտանիքներ արդէն այս տարի պիտի ունենան իրենց տուները:

Հայաստանի դրամատուներու միութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախորդ տարեվերջին միութիւնը որոշած են մասնակցիլ «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ իրականացուող «100 տուն Արցախում» ծրագրին եւ ֆինանսաւորել մէկ բազմազաւակ ընտանիքի համար կառուցուող տան շինարարական աշխատանքները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.