Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած է համշէնահայերու «Գոռ» (GOR) ամսագրի հերթական թիւը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ Bianet.org լրատուակայքը: Հանդէսին նոր թիւը լոյս տեսած է «Համշէնցիներու` եայլաներ բարձրանալու մշակոյթը» խորագիրով:
Աղբիւրին համաձայն` սոյն ամսագիրը կը տպագրուի Թուրքիոյ մէջ ապրող խումբ մը համշէնցիներու կողմէ, որոնց մէջ են նաեւ՝ երաժիշտ, «Վովա» խումբի անդամ Հիքմեթ Աքչիչէքը, Համշէնի վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններով եւ հայոց լեզուի` Համշէնի բարբառով հրատարակած գիրքերով յայտնի Մահիր Օզքանը եւ բանաստեղծ Իպրահիմ Քարաջան:
Յիշեցնենք, որ «գոռ» բառը հայոց լեզուի` Համշէնի բարբառով կը նշանակէ հաւաքական աշխատանք: Ամսագիրը սկսած է հրատարակուիլ 2014-ի Սեպտեմբերին, 6-ամսեայ պարբերականութեամբ: Հանդէսին նպատակն է Համշէնի մշակոյթի եւ լեզուի տարածումն ու յետագայ սերունդներուն փոխանցումը:
Մելինէ Անումեան