ԹՈՒՄՕի Կեդրոններ Պիտի Բացուին Պիլպաոյի Եւ Պուրճ Համուտի Մէջ
- (0)

2026ին, պաշտօնապէս պիտի բացուի ԹՈՒՄՕ Պիլպաոյի կեդրոնը, որ Սպանիոյ մէջ առաջինը պիտի ըլլայ ։
Վերջերս, ԹՈՒՄՕի գործադիր տնօրէն Մարի-Լու Փափազեան, զարգացման հարցերու տնօրէն Բեկոր Փափազեան եւ la Caixa հիմնադրամին պատասխանատուները այցելեցին Սպանիոյ Պիսքայա մարզը եւ տեղւոյն ղեկավարութեան հետ պաշտօնապէս յայտարարեցին ԹՈՒՄՕ կեդրոնի հիմնադրութեան լուրը։
Կեդրոնը կը հիմնուի Azkuna Zentroa-ի մէջ, որ կառուցուած է 1909ին՝ իբրեւ գինիի պահեստ, իսկ հետագային դարձած է Պիլպաոյի ամէնէն նշանաւոր մշակութային կեդրոնը՝ ձեւաւորող Ֆիլիփ Սթարքի նախագիծով։
ՆԱԵՒ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ
Լիբանանի հայաշատ Պուրճ Համուտ քաղաքին մէջ եւս 2026ին պիտի բացուի ԹՈՒՄՕ կեդրոն մը՝ Միհրան եւ Ալին Հազարեաններու աջակցութեան շնորհիւ։
Տեղւոյն ԹՈՒՄՕի նոր շէնքին արդիական նախագիծին հեղինակը լիբանանցի աշխարհահռչակ ճարտարապետ եւ ԹՈՒՄՕի վաղեմի բարեկամ Պերնար Խուրին է։
Նոր կեդրոնին մէջ անվճար կրթութիւն պիտի ստանան շաբաթը շուրջ 1500 պատանիներ։