Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցաւ միջյարանուանական ոգեկոչում ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին
- (0)

Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին սկիզբ առաւ Միջյարանուանական մարմինի կազմակերպած Ս. եւ անմահ Պատարագ, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի զոհերուն։
Պատարագին մասնակցեցան Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհն. Միքայէլեան, Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ փոխ առաջնորդ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհն. Զարգարեան, հովիւի օգնական Արժ. Տէր Հայարի Քհն. Թանաշեան, որ մատուցեց Ս. Պատարագը, Թորոնթոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Հայկ Քհն. Շահինեան եւ Հայ Աւետարանական համայքի հովիւ պատուելի Զոհրապ Սարգիսեան, ներկայութեամբ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղցւոյ Հոգաբարձական կազմին, Սարկաւագաց եւ Դպրաց դասուն, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Թորոնթոյի հայ համայնքի հաւատաւոր ժողովուրդին:
Պատարագի աւարտին Տէր Տաթեւ Ա. Քհն. Միքայէլեան անդրադարձաւ թուրքին կատարած ոճիրին եւ անմարդկային արարքին ու անընդունելի համարեց եղեռնի իրողութիւնը ուրացումի ենթարկուիլը։ Քահանայ Հայրը շեշտը դրաւ ապագային մեզ հալածող թշնամիին, որն է անտարբերութիւնը, ցեղասպանութեան ժխտումը եւ դաւաճանութիւնը։ Ան իր խօսքը փակեց շեշտելով. «Մենք պիտի չլռենք, այլ հաւատարիմ պիտի մնանք մեր դատին եւ պահանջատէր՝ մեր իրաւունքներուն»։
Խօսք առաւ Միջյարանուանական մարմնի ատենապետ, ազգային գործիչ, օրուան բանախօս Յակոբ Ճամպազեան։ Ան նախ ողջունեց ներկաները եւ բաժին առ բաժին ներկայացուց օրուան հրամայականը։ Ճամպազեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ անմարդկային վայրագութեան մասին հանդէպ հայ ժողովուրդին, որմէ ետք ան ներկայացուց հայ ժողովուրդի Զարթօքը ըսելով. «Հակառակ Թուրքիոյ պետութեան ճնշումներուն ու սպառնալիքներուն, Հայ Դատի քարոզչական աշխատանքները սկսան ծլարձակուիլ ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ, եւ տարուած հետեւողական աշխատանքներուն շնորհիւ աշխարհի 36 մեծ եւ փոքր պետութիւններ պաշտօնապէս ճանչցան եւ ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։
Բանախօսը աչքի առաջ բերաւ, թէ ՀՀ վարչապետը մոռացութեան կ’ուզէ ենթարկել ցեղասպանութեան հարցը, յագեցնելով թուրքին եւ Ատրպէյճանի նպատակները, ըսելով. «Ո՛չ ցեղասպանութիւնը եւ ոչ ալ հողային պահանջատիրութիւնը ենթակայ են զիջումներու»։
Ան նաեւ անդրադարձաւ Արցախի պատերազմի եւ իրադարձութիւններուն, ըսելով. «Բոլորս ականատեսը եղանք 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը փաստօրէն կրկնուող ներկայ բարբարոս ազերի իշխանութեան ծրագրած ցեղասպանութեան՝ արցախահայութիւնը դարաւոր իր բնօրրանէն բռնի ու զանգուածային տեղահանումին, եւ այս բոլորը ի տես քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհին, որ նենգաբար լուռ մնաց՝ յագուրդ տալով մեր դարաւոր թշնամիներու անհատնում ու դաւադիր ախորժակներուն»։ Ան հրահրեց ժողովուրդը, որ պատիժի ենթարկեն ջարդարարները եւ պահանջատէր ըլլան կորսուած իրաւունքներուն, որպէսզի աշխարհը լռութեամբ չանցնի այս ոճրագործութեան իրողութենէն։
Ճամպազեան միասնութեան կոչ ուղղեց ըսելով. «Սիրելինե՛ր, այս օրերուն ոտքի պէտք է կանգնի ողջ հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, վեր բարձրացնէ Հայաստանի ու Արցախ հայաշխարհի եռագոյն դրօշները, որպէս բողոքի նշան, նախ՝ Հայաստանի վարչակարգի անտարբերութիւններուն ու մեր դարաւոր թշնամի՝ ազերի բարբարոս ղեկավարներուն դէմ, ու վճռակամութեամբ եւ վճռորոշ յանդգնութեամբ պահանջելու Պաքուի բանտերուն մէջ անարդարօրէն գերեվարուած հայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ գերիներու ազատ արձակումը»։ Ան յարգանքի եւ երխտագիտական խօսք ուղղեց բոլոր այն նուիրեալներուն, որոնք իրենց կեանքի եւ գործի օրինակով ազգային նկարագիր եւ անկոտրում կամք ներշնչեցին մեզի, ծառայելու եւ նուիրուելու համար մեր հայրենիքին ու դատին։ Ապա ըսաւ. «Ազգովին կը հաւատանք եւ համոզուած ենք, որ մեր պետականութիւը կը դառնայ առաւել եւս ուժեղ, եւ մեր հայրենիքը կ’ունենայ աստիճանաւոր վերելք՝ վերագտնելով արցախեան երբեմնի յաղթանակի դափնեպսակը: Ուստի արդարօրէն կ’ակնկալենք, որ Հայաստան ու անոր գալիք ղեկավարները ըլլան հայ մարդուն իր հայրենիքին մէջ ամբողջապէս ազատ եւ ապահով ապրելու երաշխաւորները, դառնան շինարար հայուն կռուանը, վերածուին աշխարհացրիւ հայութեան ներուժը համատեղող պատուանդանը՝ պահելով «հզօր հայրենիք, անկախ Հայաստան» կարգախօսը որպէս սրբազան սկզբունք»:
Բանախօսը յայտնեց նաեւ. «Սրընթաց աշխարհի երբեմն խելացնոր հեւքին մէջ արժանաւորապէս դիրքաւորուելու համար, պէտք է կանգ առնենք ու կարենանք մեր ազգային առաքինութիւններն ու տաղանդները լաւապէս համադրելով համազգային աշխարհահայեացք, համահայկական եւ համահայաստանեան տեսլական ձեւակերպենք, միայն այն ատեն է, որ կարելի պիտի ըլլայ դարերէն եկող մեր հայ ինքնութիւնը միասնական ճիգերով դրոշմել նաեւ դէպի հզօր ապագայ գացող մեր զաւակներու գիտակցութեան ու հոգիին մէջ»: Ան իր խօսքը աւարտեց միասնակամութեան կոչով եւ յարգանքի գիտակցութեամբ եղեռնի նահատակներուն եւ Արցախի հերոսածին հերոսներու անմեռ յիշատակին։
Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյցի զետեղում Հայ Կեդրոնի յուշարձանին շուրջ: Տեղին է նշել, որ ԳԵՄ-ականներ արկղ մը պատրաստած էին, որուն մէջ հաւաքած էին 1915 թուականէն աճիւններու մասունքներ, ինչպէս նաեւ 2015 թուականին, ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով գծագրուած սրբապատկերին կրկնօրինակը։
Հոգեւոր հայերուն Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ ոգեկոչումի ձեռնարկը։
Հուրինա